Յունաստանի ամբողջ տարածքին վայելած յաջողութիւններէն ետք, հայազգի ծանօթ դերասանուհի Խրիսթինա Ալեքսանեան պիտի ներկայացնէ «Անժէլ Քուրթեանի տետրակները» Փարիզի մէջ՝ Ապրիլ 24ի գիշերը, յարգելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը։ Դերասանուհիին պիտի ընկերակցի Նէա Զմիռնիի փոխ-քաղաքապետ պրն. Վակելի Խաչատուրեան:
Ներկայացումը պիտի կրկնուի նաեւ յաջորդ օրը՝ Ապրիլ 25ին։
«Անժէլ Քուրթեանի տետրակները» կը ներկայացնեն փոքրիկն Անժէլի եւ իր ընտանիքի ոդիսականը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Փոքր Ասիոյ աղէտի արհաւիրքէն փրկուելու համար։
Տարիներ առաջ լոյս տեսած գիրքը, որ իրական վկայութիւն մըն է ցեղասպան Թուրքիոյ կատարած ոճրագործութեանց, դերասանաուհի Խրիսթինա Ալեքսանեանի կողմէ վերածուեցաւ թատերական մենախօսութեան եւ մեծ յաջողութեամբ ներկայացուեցաւ Աթէնքի եւ Յունաստանի զանազան քաղաքներուն մէջ, արժանանալով ջերմ ընդունելութեան հայ ու յոյն հասարակութեան կողմէ, ինչպէս նաեւ՝ դրուատական գրախօսականներու յունական մամլոյ մէջ։ Ապրիլ 25ի ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ տեղւոյն «Համազգային»ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղներու կազմակերպութեամբ։