Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի ու Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հայ Գթութեան Խաչի միացեալ յայտատարութեան ընդառաջելով, հետեւողական եւ անդուլ թափով կը շարունակուի Արցախի եւ Հայաստանի համար մարդասիրական օգնութեան հաւաքումը։
Հրապարակուած ցանկին համաձայն, շաբաթավերջին մեկնարկեց յունահայ մեր հայրենակիցներուն կողմէ տրամադրուելիք ապրանքներու ամփոփումը։ Ընդառաջելով մեր խաչուհիներու կոչին, յայտարարուած իրերու զգալի բաժին մը մեր հայրենակիցներուն կողմէ փոխանցուեցաւ Աթէնքի, Թեսաղոնիկէի եւ Թրակիոյ հայկական ակումբները գտնուող եւ աշխատանքը համադրող խաչուհիներուն եւ պատասխանատուներուն։
Յունական հասարակական ու ընկերային կազմակերպութիւններ եւ կառոյցներ եւս ընդառաջած են մեր կանացի միութեան կոչին, մեծաքանակ ծրարներ տրամադրելով։ Անոնց կարգին են «World Pharmacists/Φαρμακοποιοί του Κόσμου» կազմակերպութիւնը եւ հանրածանօթ «Խածիքիրիաքիօ» որբանոցը, որոնց մարդասիրական օգնութեան ծրարները արդէն հասան Հ.Կ.Խաչի մօտ։ Առաւել, Տոտեքանիսայի (Երկոտասան կղզիներ) Դեղահատներու միութիւնը իր կարեւոր մասնակցութիւնը ունեցաւ դեղերու եւ առողջապահական իրերու առաքման աշխատանքին։ «Կը յայտնենք մեր անվերապահ աջակցութիւնը Արցախի ժողովուրդին եւ կը մաղթենք՝ անոնց ունեցած դժուարութիւններու շուտափոյթ վերացում», ըսուած է միութեան մամլոյ յայտարարութեան մէջ։
Նշենք, որ ըստ հրապարակուած յայտարարութեան, ընթացող շաբթուան ամբողջ տեւողութեան, մինչեւ Կիրակի՝ 6 Դեկտեմբեր, պիտի շարունակուի օգնութեան հաւաքումը, որպէսզի Դեկտեմբերի առաջին տասնօրեակի աւարտին, կարելի ըլլայ զայն ամբողջութեամբ ուղարկել Հայաստան։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Անդուլ թափով կը շարունակուի Արցախի եւ Հայաստանի համար մարդասիրական օգնութիւնը