Հ.Յ.Դ. Բ­իւ­րո­յի ան­դամ, Ֆ­րան­սա­յի հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հա­մա­կար­գող խոր­հուր­դի հա­մա­նա­խա­գահ ­Մու­րատ ­Փա­փա­զեա­նին ար­գի­լո­ւած է մուտք գոր­ծել ­Հա­յաս­տան, ան երկ­րին մէջ հռչա­կո­ւած է ան­ցան­կա­լի անձ։ Այս մա­սին ­Դի­մա­տետր իր է­ջին վրայ գրած է ին­քը՝ ­Մու­րատ ­Փա­փա­զեան։
«­Մեծ ցա­ւով կը տե­ղե­կաց­նեմ, որ ե­րէկ ար­գի­լո­ւե­ցաւ ին­ծի մտնել ­Հա­յաս­տան: ­Վար­չա­պետ ­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեա­նի հրա­մա­նով ­Հա­յաս­տա­նի մէջ կը նկա­տո­ւիմ ան­բաղ­ձա­լի տարր:
­Փա­փա­զեա­նի հա­մա­ձայն՝ Ե­րե­ւան ժա­մա­նե­լէն յե­տոյ ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը ա­նոր ու­ղեկ­ցած է դե­պի վե­րա­դար­ձի օ­դա­նաւ։
«Ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը ա­ռաջ­նոր­դեց զիս դէ­պի վե­րա­դար­ձի օ­դա­նաւ, երբ մինչ նոր հա­սած էի ար­դէն Ե­րե­ւան, ուր մուտ­քին զիս կա­սե­ցու­ցին եւ ան­ցա­գիրս գրա­ւե­ցին: ­Գի­տէի, որ Ատր­պէյ­ճան եւ ­Թուր­քիա մուտքս ար­գի­լո­ւած է եւ հի­մա գիտ­ցայ նաեւ, որ ար­գի­լո­ւած եմ ­Փա­շի­նեա­նի ­Հա­յաս­տա­նի մէջ… ­Հա­յաս­տա­նի, հա­յու­թեան ու ­Հայ դա­տի հա­մար 40 տա­րո­ւան պայ­քա­րէ ետք նման կա­ցու­թեան «ար­ժա­նա­նա­լը» ուղ­ղա­կի ցաւ կը պատ­ճա­ռէ զիս:
­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեա­նի այս ո­րո­շու­մը յա­ւե­լեալ փաստ մըն է, որ ան ի­րեն տրո­ւած պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան բարձ­րու­թեան վրայ չէ: Ան ու­ժեղ է, երբ իր ոս­տի­կա­նու­թե­նէն կը պա­հան­ջէ ­Հայ դա­տի գոր­ծի­չի մը վտա­րու­մը, բայց կը պատ­կե­րացնէ՞ք այս փոք­րիկ ղե­կա­վա­րը՝ Էր­տո­ղա­նին եւ Ա­լիե­ւին դի­մաց:
Ուշ կամ կա­նուխ, ­Հա­յաս­տա­նի ժո­ղո­վուր­դը պի­տի հա­մո­զուի, որ պէտք է ձեր­բա­զա­տիլ այս ղե­կա­վա­րէն, որ ա­մէն ճիգ կ’ը­նէ թու­լաց­նե­լու ­Հա­յաս­տա­նը: Ս­փիւռ­քը նոյն­պէս կը հասկնայ: ­Բայց ար­դէն ժա­մա­նակն է ը­սե­լու. կանգ ա՛ռ», գրած է ­Փա­փա­զեան իր է­ջին մէջ։

Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը

­Հա­յաս­տա­նի ա­պազ­գա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րի սահ­ման­ներ չճա­նա­չող ան­հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թիւ­նը նո­րա­նոր դրսե­ւո­րում­ներ է ստա­նում։ Այս գի­շեր ա­ռանց բա­ցատ­րու­թեան ու հիմ­նա­ւոր­ման ար­գե­լո­ւել է Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ, Ֆ­րան­սիա­յի հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րի հա­մա­կար­գող խորհրդի (CCAF) հա­մա­նա­խա­գահ՝ ­Մու­րադ ­Փա­փա­զեա­նի մուտ­քը ­Հա­յաս­տան։
­Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի եւ ­Հայ ­Դա­տի հա­մար տաս­նա­մեակ­ներ պայ­քա­րած ազ­գա­յին գործ­չի նկատ­մամբ նման վե­րա­բեր­մուն­քը ոչ այլ ինչ է, ե­թէ ոչ քի­նախն­դիր, փոք­րո­գի քայլ եւ թշնա­մուն հա­ճո­յա­նա­լու պար­զու­նակ դրսե­ւո­րում։
­Հա­մո­զո­ւած ենք, որ Ֆ­րան­սիա­յի ­Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին տօ­նի՝ ­Բաս­տի­լի գրաւ­ման օ­րը Ֆ­րան­սիա­յում ճա­նա­չո­ւած եւ յար­գո­ւած հա­յազ­գի քա­ղա­քա­ցու նկատ­մամբ ա­զատ տե­ղա­շար­ժո­ւե­լու ի­րա­ւուն­քի կո­պիտ ոտ­նա­հա­րու­մը պատ­շաճ գնա­հա­տա­կան կ՚ս­տա­նայ նաեւ ֆրան­սիա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րի կող­մից։
­Ցա­ւա­լիօ­րէն յատ­կան­շա­կան է, որ ­Թուր­քիա­յում եւ Ադր­բե­ջա­նում ան­ցան­կա­լի անձ յայ­տա­րա­րո­ւած ­Մու­րադ ­Փա­փա­զեա­նը հի­մա ար­դէն ան­ցան­կա­լի անձ է փա­շի­նեա­նա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րի հա­մար։
Ազ­գա­յին գոր­ծիչ­նե­րին թի­րա­խա­ւո­րե­լու եւ սփիւռ­քա­հա­յե­րին ­Հա­յաս­տա­նից օ­տա­րե­լու փա­շի­նեա­նա­կան ծա­նօթ ձե­ռա­գիրն է։ ­Սա հա­րո­ւած է հա­մա­հայ­կա­կա­նու­թեան գա­ղա­փա­րի ի­րա­կա­նաց­ման ճի­գին, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան լուրջ նա­հանջ է ­Հա­յաս­տա­նում եւ բռնա­պե­տու­թեան հաս­տատ­ման ակն­յայտ դրսե­ւո­րում։
Խս­տիւ դա­տա­պար­տում ենք ­Մու­րադ ­Փա­փա­զեա­նի նկատ­մամբ կի­րա­ռո­ւած ա­պօ­րի­նի քայ­լը, ին­չը ա­ռանց պատ­շաճ բա­ցատ­րու­թեան եւ վե­րա­նայ­ման չի կա­րող մնալ։
­Դաշ­նակ­ցա­կան­նե­րի նկատ­մամբ սան­ձա­զեր­ծո­ւած հա­լա­ծանք­նե­րի նո­րօ­րեայ դրսե­ւո­րում­նե­րը՝ ձեր­բա­կա­լու­թիւն­նե­րը, կա­լա­նա­ւո­րում­նե­րը, պաշ­տօ­նազր­կում­նե­րը, տա­րա­տե­սակ ա­պօ­րի­նու­թիւն­նե­րը, ըստ էու­թեան քո­ղա­զեր­ծում են հա­յու­թեան դէմ ուղ­ղո­ւած ազ­գա­դաւ ծրագ­րե­րը։ Դ­րանք ո­րե­ւէ կերպ չեն կա­րող յետ պա­հել մեզ պայ­քա­րի մեր ու­ղուց։
­Թուրք-ադր­բե­ջա­նա­կան տան­դե­մի շա­հե­րը սպա­սար­կող փա­շի­նեա­նա­կան վար­չա­խում­բը ի վեր­ջոյ ինք­նա­բա­ցա­յայ­տո­ւե­լու է եւ գտնե­լու է իր վախ­ճա­նը։

Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՕ
14 ­Յու­լիս, 2022 թ.

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի յայ­տա­րա­րու­թիւն

Ո՞ւր կոր­սո­ւած է ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը,
ո՞ւր կոր­սո­ւած է քա­ղա­քա­կան բա­րո­յա­կա­նու­թիւ­նը եւ
մար­դու
անձ­նա­կան ի­րա­ւունք­նե­րը

­Հինգ­շաբ­թի, 14 ­Յու­լիս 2022-ի ա­ռա­ւօ­տուն տե­ղե­կա­ցանք, թէ Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ, Ֆ­րան­սա­յի ­Հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու խոր­հուր­դի հա­մա­նա­խա­գահ՝ ընկ. ­Մու­րատ ­Փա­փա­զեա­նի մուտ­քը ­Հա­յաս­տան ար­գի­լո­ւած է, իսկ ին­քը «ան­բաղ­ձա­լի անձ» նկա­տո­ւած ըլ­լա­լով ­Հա­յաս­տա­նի հա­մար, պար­տադ­րո­ւած է ետ վե­րա­դառ­նա­լու Ֆ­րան­սա։ Ան­հասկ­նա­լի, մեր­ժե­լի ու խստօ­րէն դա­տա­պար­տե­լի ա­րարք մը, որ գոր­ծո­ւած է ­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ, ­Հայ դա­տի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ի­րա­ւունք­նե­րուն հա­մար տա­րի­ներ շա­րու­նակ անձ­նա­զո­հու­թեամբ պայ­քա­րած ընկ. ­Մու­րատ ­Փա­փա­զեա­նին դէմ։
Եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր ­Դաշ­նակ­ցա­կան գոր­ծիչ­նե­րու դէմ սան­ձա­զեր­ծո­ւած հա­լա­ծանք­նե­րու եր­կար շար­քին վրայ բար­դո­ւող յո­ռի այս ե­րե­ւոյ­թը, սաս­տիկ զայ­րոյթ կը պատ­ճա­ռէ մե­զի, ինչ­պէս եւ հա­զա­րա­ւոր հայ­րե­նա­կից­նե­րու, մտա­ծե­լով թէ հայ­կա­կան ըն­կե­րու­թեան եւ ար­դա­րու­թեան դէմ ինչ­պի­սի՛ այլ ծայ­րա­յեղ ու քի­նախն­դիր քայ­լե­րու կրնայ դի­մել այս իշ­խա­նու­թիւ­նը։ Ո՞ւր կոր­սուած է քա­ղա­քա­կան բա­րո­յա­կա­նու­թիւ­նը, ո՞ւր կոր­սո­ւած է ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը ու մար­դու անձ­նա­կան ի­րա­ւունք­նե­րը։
­Ցա­ւով կը նշենք, թէ ի­րար պա­ռակ­տե­լու, ժո­ղո­վուր­դը թու­նա­ւո­րե­լու եւ սփիւռ­քա­հա­յու­թիւնն ու հայ­րե­նի­քի բնակ­չու­թիւ­նը ի­րար­մէ հե­ռաց­նե­լու գի­ծեր յա­ռա­ջաց­նող վերջ­նա­կան տար­բե­րակ է այս ա­րար­քը, որ ըն­կեր ­Մու­րատ ­Փա­փա­զեա­նը կը թի­րա­խա­ւո­րէ այս պա­հուս։
­Կը պա­հան­ջենք մեր ըն­կե­րոջ «ան­ցան­կա­լի անձ» նկա­տո­ւող ար­գել­քի ան­մի­ջա­կան վե­րա­ցու­մը։ ­Կը պա­հան­ջենք ան­մի­ջա­կան դադ­րե­ցու­մը ­Դաշ­նակ­ցա­կան գոր­ծիչ­նե­րուն դէմ ի­րա­կա­նա­ցող հա­լա­ծանք­նե­րուն։

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէ
Ա­թէնք, 15 ­Յու­լիս 2022