10 Սեպ­տեմ­բե­րին, 120 տա­րի ա­ռաջ, 51 տա­րե­կա­նին Գեր­մա­նիոյ Հո­հեն­հո­նոֆ քա­ղա­քին մէջ մա­հա­ցաւ հա­յոց հի­նա­ւուրց Արծ­րու­նի տոհ­մին վեր­ջին շա­ռա­ւիղ­նե­րէն Անդ­րէաս Ե­րե­միա­յի Արծ­րու­նին։
Հա­մաշ­խար­հա­յին հռչա­կով մեծ գիտ­նա­կան է Ա. Արծ­րու­նի` երկ­րա­բան, հան­քա­գէտ եւ մե­տա­ղա­գէտ, ո­րուն ա­նու­նով կը ճանչ­ցո­ւին հրաբ­խա­յին կազ­մա­ւո­րում­նե­րու վե­րա­բե­րեալ շարք մը տե­սու­թիւն­ներ, ինչ­պէս նաեւ ոս­կեայ եւ թան­կա­գին քա­րե­րու տե­սակ­ներ։
Ծ­նած է 15 Նո­յեմ­բեր 1847ին։ Թէեւ Հայ­կա­կան Սո­վե­տա­կան Հան­րա­գի­տա­րա­նը իբ­րեւ ծննդա­վայր կը յի­շա­տա­կէ Մոս­կո­ւան, բայց ինչ­պէս որ գեր­մա­նա­կան եւ ա­մե­րի­կեան աղ­բիւր­ներն ալ կը հաս­տա­տեն, Ա. Արծ­րու­նի ծնած է Թիֆ­լիս եւ եղ­բայրն է հայ քա­ղա­քա­կան մտքի մե­ծա­նուն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն Գ­րի­գոր Արծ­րու­նիի, ո­րուն թիֆ­լի­սեան «Մ­շակ» թեր­թը հիմ­նա­կան ներդ­րում ու­նե­ցաւ հայ ազ­գա­յինա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման զար­թօն­քին մէջ։
Հա­մալ­սա­րա­նա­կան բարձ­րա­գոյն ու­սու­մը ստա­ցած է Ս. Փե­թերս­պուր­կի, Դոր­պա­տի եւ Հայ­տել­պեր­կի հա­մալ­սա­րան­նե­րուն մէջ։ 1871ին ա­ւար­տած է Հայ­տել­պեր­կի հա­մալ­սա­րա­նը` քի­միա­գէ­տի բարձ­րա­գոյն կո­չու­մով։
Թէեւ մե­ծար­ժէք հայ գիտ­նա­կա­նը բախ­տը չու­նե­ցաւ եր­կար ապ­րե­լու, բայց ա­նո­ւա­նի դա­սա­խօս ե­ղաւ գեր­մա­նա­կան հե­ղի­նա­կա­ւոր հա­մալ­սա­րան­նե­րու մէջ` փնտռո­ւած դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ կար­դա­լով երկ­րա­բա­նու­թեան, հան­քա­գի­տու­թեան եւ յատ­կա­պէս մե­տա­ղա­գի­տու­թեան բնա­գա­ւառ­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ։
Նաեւ՝ գործ­նա­պէս ու հո­ղի վրայ գի­տա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­ներ կա­տա­րող գիտ­նա­կա­նը ե­ղաւ Ա. Արծ­րու­նի, որ հա­մա­պա­տաս­խան ար­շա­ւա­խումբ­ներ կազ­մա­կեր­պեց ոչ միայն Ու­րա­լի շրջան­նե­րուն մէջ, այ­լեւ հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի տա­րած­քին ու յատ­կա­պէս ի Հա­յաս­տան։ Ա. Արծ­րու­նի գի­տա­կան ար­շա­ւա­խումբ­ներ կազ­մա­կեր­պեց նաեւ դէ­պի Ափ­րի­կէ` հաս­նե­լով մին­չեւ Հա­րա­ւա­յին Ափ­րի­կէի հան­քե­րը։ Հան­քա­յին մե­տաղ մը իր ա­նու­նը (Արծ­րու­նիտ) կը կրէ եւ իր գի­տա­կան յայտ­նա­գոր­ծում­նե­րէն շա­տեր նոր ուղ­ղու­թիւն բա­ցին երկ­րա­բա­նու­թեան, քի­միա­գի­տու­թեան եւ, մա­նա­ւանդ, մե­տա­ղա­գի­տու­թեան մար­զե­րէն ներս։ Իր գի­տա­կան յայտ­նու­թիւն­նե­րուն առ ի գնա­հա­տանք` ան պա­տո­ւոյ եւ թղթա­կից ան­դա­մի կո­չում­նե­րու ար­ժա­նա­ցաւ գեր­մա­նա­կան եւ եւ­րո­պա­կան շարք մը գի­տու­թիւն­նե­րու ա­կա­դե­միա­նե­րուն կող­մէ, իսկ 1895ին ստա­ցաւ Ս. Փե­թերս­պուր­կի գի­տու­թիւն­նե­րու ա­կա­դե­միա­յի թղթա­կից ան­դա­մի աս­տի­ճան։
Ա­ռա­ւե­լա­բար Գեր­մա­նիոյ մէջ ապ­րե­լով եւ իր գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը կա­տա­րե­լով` Անդ­րէաս Արծ­րու­նիի գիտ­նա­կա­նի համ­բա­ւը յատ­կա­պէս Գեր­մա­նիոյ մէջ եւ գեր­մա­նա­ցի­նե­րու ճամ­բով աշ­խար­հով մէկ տա­րա­ծո­ւե­ցաւ։ Այն աս­տի­ճան, որ մի­ջազ­գա­յին գի­տա­կան հան­դէս­նե­րու կող­մէ ան եր­բեմն կը յի­շա­տա­կո­ւի իբ­րեւ գեր­մա­նա­ցի գիտ­նա­կան։
Բայց հայ ի­րա­կա­նու­թե­նէն կտրո­ւած մարդ չե­ղաւ Ա. Արծ­րու­նի` ողջ կեան­քը գի­տա­կան հե­տա­զօ­տու­թեանց նո­ւի­րե­լով հան­դերձ։ Եղ­բօր` Գ­րի­գոր Արծ­րու­նիի հետ ազ­գա­յինքա­ղա­քա­կան հա­յեացք­նե­րով սերտ կա­պի մէջ մնաց եւ ա­նոր մա­հէն ետք, 1895էն մին­չեւ 1898ի իր վա­ղա­ժամ մա­հը` ա­նուա­նա­պէս ար­տօ­նա­տէրն ու հրա­տա­րա­կի­չը դար­ձաւ «Մ­շակ»ի։ Նաեւ` եր­կու տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով, ա­ռա­ջի­նը 1873¬1875ին եւ երկ­րոր­դը 1892ին, Ա. Արծ­րու­նի եր­կու մեծ ար­շա­ւա­խումբ­ներ կազ­մա­կեր­պեց դէ­պի Հա­յաս­տան, հայ­րե­նի երկ­րա­բա­նա­կան կա­ռու­ցո­ւած­քը եւ հան­քա­յին նիւ­թե­րը տեղ­ւոյն վրայ ու­սում­նա­սի­րե­լու հա­մար։
1894ին ան բարձ­րա­ցաւ փոքր Մա­սի­սի գա­գա­թը եւ ա­ռա­ջի­նը ե­ղաւ, որ ի­ջաւ մա­րած հրա­բու­խի խառ­նա­րա­նը` իր հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րը ամ­բող­ջա­կան դարձ­նե­լու նպա­տա­կով։ Ան հեր­քեց մինչ այդ տա­րա­ծո­ւած գի­տա­կան այն տե­սա­կէ­տը, թէ Հա­յաս­տա­նի հրա­բուխ­նե­րը ուղ­ղա­ձիգ տե­ղա­դիրք ու­նին։ Նաեւ` Վա­նայ լի­ճին մա­կար­դա­կի տա­տա­նում­նե­րը բա­ցատ­րեց երկ­րա­բա­նա­կան գոր­ծօն­նե­րով եւ իր տե­սա­կան այդ մօ­տե­ցու­մը կէս դար յե­տոյ գի­տա­կա­նօ­րէն հաս­տա­տո­ւե­ցաւ։
Վեր­ջա­պէս Անդ­րէաս Արծ­րու­նի ի՛նք ե­ղաւ, որ 1890ա­կան­նե­րուն նա­խա­տե­սեց Դի­լի­ջա­նի ա­պա­գան` իբ­րեւ ա­ռող­ջա­րա­նա­յին կա­րե­ւոր կեդ­րո­նի։
Գեր­մա­նա­կան «­Մե­տա­ղա­գի­տա­կան Հան­դէս»ը, իր 12րդ հա­տո­րով, յա­տուկ մա­հագ­րու­թեամբ մը, Անդ­րէաս Արծ­րու­նին կ­’ար­ժա­նաց­նէ մե­ծար­ժէք գիտ­նա­կա­նի կո­չու­մին։ Կ’ընդգ­ծէ, որ հայ գիտ­նա­կա­նը հե­ղի­նակ էր ա­ւե­լի քան յի­սուն ար­ժէ­քա­ւոր աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն­նե­րու, ո­րոնք գեր­մա­նե­րէ­նով, ռու­սե­րէ­նով եւ ի­տա­լե­րէ­նով հրա­տա­րա­կո­ւած են գի­տա­կան հե­ղի­նա­կա­ւոր հան­դէս­նե­րու մէջ, նե­րա­ռեալ` «­Մե­տա­ղա­գի­տա­կան Հան­դէս»ը։ Կը շեշ­տէ, որ եր­կու հան­քա­յին մե­տաղ­ներ` groddeckite եւ utahite ա­ռա­ջին ան­գամ գի­տա­կա­նօ­րէն յայտ­նա­բե­րո­ւած ու նկա­րագ­րո­ւած են Ա. Արծ­րու­նիի կող­մէ։ Կ’ընդգ­ծէ նաեւ, որ եր­րորդ մե­տա­ղի մը (Chilian) գի­տա­կան յայտ­նա­գոր­ծու­մը, ո­րուն վրայ Ա. Արծ­րու­նի կ­’աշ­խա­տէր 1895¬1896ի ձմե­ռը, Բ­րի­տա­նա­կան Կի­նէա­յի մէջ, չկրցաւ իր ա­ւար­տին հասց­նել, ո­րով­հե­տեւ տաս­նա­մեակ­նե­րու իր տքնա­ջան աշ­խա­տան­քը հրաբ­խա­յին գօ­տի­նե­րու եւ հան­քե­րու մէջ, ծան­րօ­րէն քայ­քա­յած էր ա­նոր ա­ռող­ջա­կան վի­ճա­կը, իսկ 1896ի ձմրան ցուր­տը ուղ­ղա­կի ան­կո­ղին գա­մեց զինք։ Ս­տի­պո­ւե­ցաւ ա­պա­քին­ման հա­մար եր­կար ժա­մա­նա­կով մնալ Զո­ւի­ցե­րիոյ Ռայ­նի ա­ռող­ջա­րան­նե­րը եւ մա­հա­ցաւ 10 Սեպ­տեմ­բեր 1898ին ու փո­խադ­րո­ւե­ցաւ Թիֆ­լիս` թա­ղո­ւե­լու հա­մար իր ըն­տա­նե­կան դամ­բա­րա­նին մէջ։
Մե­ծա­նուն հայ գիտ­նա­կա­նը իր ե­տին թո­ղեց նաեւ եր­կու հիմ­նա­կան աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք բազ­մա­թիւ հրա­տա­րա­կու­թեանց ար­ժա­նա­ցած են եւ ի­րենց բնա­գա­ւա­ռին մէջ կը նկա­տո­ւին դա­սա­կան ար­ժէ­քով գոր­ծեր։ Ա­ռա­ջի­նը 1883ին լոյս տե­սած «­Բիւ­րեղ­նե­րու քի­միա­կան բա­ղադ­րու­թեան եւ ա­նոնց քի­միա­կան ու ֆի­զի­քա­կան յատ­կու­թիւն­նե­րու կա­պը» ա­նու­նով աշ­խա­տա­սի­րու­թիւնն է։ Երկ­րոր­դը` «­Բիւ­րեղ­նե­րու ֆի­զի­քա­կան քի­միան» կը կո­չո­ւի եւ լոյս տե­սած է 1893ին։
Իսկ Գեր­մա­նիոյ Ա­խէ­նի հա­մալ­սա­րա­նին Բազ­մար­հես­տից Կա­ճա­ռի (­Փո­լի­թեք­նիք) շէն­քի մուտ­քին, ուր եր­կար տա­րի­ներ դա­սա­խօ­սեց եւ հե­տա­զօ­տա­կան աշ­խա­տանք կա­տա­րեց հայ գիտ­նա­կա­նը, առ ի գնա­հա­տանք ա­նոր մեծ ներդ­րու­մին, կանգ­նե­ցո­ւած է Անդ­րէաս Արծ­րու­նիի կի­սանդ­րին։
Մարդ` որ իր գի­տու­թեամբ եւ գոր­ծով իւ­րո­վի փայլք ա­ւել­ցուց Հայ ա­նու­նին վրայ։
Նաեւ ու մա­նա­ւա՛նդ ՀԱՅ մարդ՝ որ գա­ղա­փա­րա­կան խոր պաշ­տա­մուն­քով փա­րե­ցաւ իր եղ­բօր՝ Գ­րի­գոր Արծ­րու­նիի հրա­տա­րա­կած «Մ­շակ» թեր­թին, ա­նոր մէջ տես­նե­լով հա­յու­թեան ազ­գա­յին զար­թօն­քին եւ գա­ղա­փա­րա­կան վե­րա­նո­րո­գու­մին կա­րե­ւո­րա­գոյն կռո­ւան­նե­րէն մէ­կը։
Այդ ա­ռու­մով՝ «Մ­շակ»ին եւ ա­նոր օ­րի­նա­կով գա­ղա­փա­րա­կան կո­չու­մի տէր մա­մու­լին վե­րա­բե­րեալ Ա. Արծ­րու­նիի մտո­րումները ու­ղե­ցոյց կրնան հան­դի­սա­նալ մե­րօ­րեայ հայ մա­մու­լին հա­մար.-
«Ըն­թեր­ցող­նե­րը կը հաս­կա­նան, որ «Մ­շա­կը» ուժ Է, որ նա չի շո­ղո­քոր­թում հա­սա­րա­կու­թեա­նը, որ նա իր կար­ծի­քից եւ ուղ­ղու­թիւ­նից չէ շեղ­ւում եւ ոչ թէ իր օ­գուտն ու­նի աչ­քի ա­ռաջ, այլ հա­սա­րա­կաց օ­գու­տը, եւ որ որ­քան եւ դառն լի­նեն ճշմար­տու­թիւն­նե­րը, «Մ­շակ»ը դրանց ու­ղիղ ե­րե­սին է ա­սում, ար­դար եւ ազ­նիւ վա­րո­ւե­լով, բարձր պա­հե­լով իր դրօ­շա­կը, որ ար­դա­րու­թեան, ճշմար­տու­թեան եւ ան­կեղ­ծու­թեան դրօ­շակն է»։