«Նոր Յարաջ»
Պոլսոյ պատրիարքի ընտրութեան կապակցութեամբ արդէն տիրող ծանր տագնապը առջի օր Կրօնական ժողովի նախագահ Սահակ եպիսկ. Մաշալեանի հրաժարումէն ետք ա՛լ աւելի սուր բնոյթ ստացած էր: Այդ հրաժարումը թեր ու դէմ մեկնաբանութիւններու տեղի տալուն առընթեր, ըստ երեւոյթին՝ նաեւ յաջողած է շարժման մղել անշարժութեան մատնուած (ոմանք պիտի նախընտրէին ըսել՝ խափանուած) ընտրական գործընթացը:
Պոլսահայ համայնքի պատասխանատուներէն ոմանք հասկցած ըլլալով, որ Սահակ եպիսկ.ի պոռթկումը իրականութեան մէջ անտանելի եւ վտանգաւոր այս վիճակէն դուրս ելլելու վերջին առիթի ազդարարն էր, ձեռնարկած են բանակցութիւններու Սահակ եպիսկ.ի հետ, լուծումներ որոնելու համար: Այսպէս, հրաժարեալ սրբազանը Փետրուար 15-ին նոյնիսկ հանդիպում մը ունեցած է Պոլսոյ հայկական հիմնադրամներու առաջնորդներուն հետ, որոնց նկատմամբ այնքան խիստ կերպով արտայայտուած էր իր նամակին մէջ:
Ապա, յաջորդ օրը՝ Փետրուար 16-ին Գումգափուի եկեղեցւոյ սրահին մէջ գումարուած է ՎԱՏԻՓ-ի (Վագըֆներու [հիմնարկներու] միջեւ զօրակցութեան եւ խորհրդակցութեան հարթակ), հիմնարկներու նախագահներու եւ վարիչներու, համայնքի պատասխանատուներուն, նաեւ… Արամ արք.ի եւ Սահակ եպիսկ.ի մասնակցութեամբ արտակարգ ժողով մը: Նոյն ժամերուն, զուգահեռաբար, Պատրիարքարանին մէջ ալ ուրիշ, գաղտնի ժողով մը գումարուած է մասնակցութեամբ նաեւ Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի հիմնադրամի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուի:
Այս ժողովին մասնակիցներէն ոմանք, ներառեալ Շիրինօղլու, իրենց ժողովի աւարտին եկած են Գումգափուի եկեղեցւոյ սրահ:
Հոն մշակուող արձանագրութեան բովանդակութիւնը հեռու եղած է միաձայնութիւն գոյացնելէ: Մթնոլորտը յանկարծ լարուած է: Մինչ ոմանք նախ եւ առաջ եւ անսակարկելիօրէն պահանջած են Արամ արք.ի հրաժարականը, ուրիշներ խիստ հակազդեցութիւն ցոյց տուած են զուգահեռաբար գաղտնի ժողովի մը գումարման դէմ, ոմանք ալ ուղղակի խնդրոյ առարկայ դարձուցած են արձանագրութեան օրինականութիւնը: Բուռն վէճեր ծագած են, նոյնիսկ երբեմն ինչպէս կ՚ըսուի՝ «խօսած են» բռունցքները: Մէկ կողմէն սրահ ներխուժած են գաղտնի ոստիկաններ, միւս կողմէն ալ եկեղեցւոյ բակը լեցուցած են ոստիկանութեան յատուկ ջոկատայիններ: Պատրիարքարանի ժողովէն ետք հոն ժամանածներէն շատեր, ներառեալ՝ Շիրինօղլու, հեռացած են սրահէն:
Ի վերջոյ Տրդատ քհնյ. Ուզունեան ընթերցած է պատրաստուած արձանագրութիւնը, որ ստորագրուած է ժողովին 13 մասնակիցներուն, ներառեալ՝ Արամ արք.ի եւ Սահակ եպիսկ.ի կողմէ, որ կը նախատեսէ հետեւեալ ժամանակացոյցը.-
1.- Անմիջապէս՝ 2017 Փետրուար 17-ին պիտի ձեռնարկուի տեղապահի ընտրութեան: Պիտի ընտրուի արժանաւոր հոգեւորական մը:
2.- Փետրուար 18-ին, տեղապահին հրաւէրով պիտի գումարուի Կրօնական ժողով. համայնքի առաջնորդները պիտի ընտրեն երկուքը հոգեւորական՝ 15 հոգիէ կազմուած կարգադիր յանձնախումբ մը:
3.- Փետրուար 20-ին տեղապահը եւ յանձնախումբը ընտրութեան դիմումի նամակը պիտի յանձնեն նահանգապետարան:
4.- Մինչեւ ընտրութեան թուականը, Արամ արք. պիտի շարունակէ վարել իր պաշտօնը, սակայն ընտրական ընթացքին հետ ոչ մէկ կապ պիտի ունենայ եւ որեւէ ձեւով պիտի չմիջամտէ:
5.- Ամենայն հաւանականութեամբ պատրիարքական ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 28 Մայիս 2017-ին:
***
Նոյնիսկ եթէ առաջին ակնարկով ողջունելի թուի այս զարգացումը, կը մնան որոշ հարցականներ: Օրինակ հայ երեսփոխանուհի Սելինա Տողան, որ ներկայ գտնուած է ժողովին, յայտնած է այն մտավախութիւնը, որ այսքան հապճեպ կարգադրութիւն մը անպայման «բացեր» պիտի ունենայ պետութեան նկատմամբ: Ուրիշ մէկը արդարօրէն հարց տուած է, թէ եթէ ցայսօր նահանգապետարանը չէր արտօներ, ուրեմն հիմա ի՞նչպէս արտօնութիւն պիտի ստանան, եւլն.: