Ձախէն աջ՝ Գէորգ Կառվարենց, Գաբրիել Լազեան, Ատոն Կազէլ եւ Բենիամին Թաշեան, այս վերջինի Աթէնք այցելութեան առթիւ, 1935ի ամառը

­Դեկ­տեմ­բեր 24ի այս օ­րը, 66 տա­րի ա­ռաջ, մահ­կա­նա­ցու իր կեան­քը կնքեց հայ մա­մու­լի ար­ժա­նա­ւոր խմբա­գիր­նե­րու փա­ղան­գին մէջ իր կա­րե­ւոր տե­ղը ու­նե­ցող, սկզբնա­պէս «­Նոր Օր» եւ հե­տա­գա­յին՝ մին­չեւ այ­սօր «Ա­զատ Օր» ա­նու­նով Ա­թէն­քի մէջ հրա­տա­րա­կո­ւող յու­նա­հա­յոց գլխա­ւոր օ­րա­թեր­թին՝ դաշ­նակ­ցա­կա՛ն պաշ­տօ­նա­թեր­թին վաս­տա­կա­շատ խմբա­գի­րը՝ Ան­տոն ­Կա­զէլ, ո­րուն ծննդեան 120ա­մեա­կը պի­տի նշենք յա­ռա­ջի­կայ տա­րի։

Ան­տոն ­Կա­զէլ ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան դէմ­քե­րէն է հայ­կա­կան հրա­պա­րա­կագ­րու­թեան այն դրօ­շա­կիր­նե­րուն, ո­րոնք գրա­կա­նու­թեան եւ ո­րո­շա­պէս բա­նաս­տեղ­ծու­թեան դռնէն մուտք գոր­ծե­ցին մամ­լոյ աս­պա­րէզ, ան­մի­ջա­պէս ի­րենց հո­գե­հա­րա­զատ ա­ւա­զա­նը գտան խմբագ­րա­կան աշ­խա­տան­քին մէջ եւ, բա­նաս­տե­ղա­կան ի­րենց ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը շա­րու­նա­կե­լով հան­դերձ՝ ամ­բող­ջա­կան նո­ւի­րու­մով ծա­ռա­յե­ցին գա­ղա­փա­րա­կան պատ­գա­մա­խօ­սի ի­րենց կո­չու­մին։

­Թէեւ Ան­տոն ­Կա­զէլ «ա­սո­րի էր հօ­րը կող­մէ,- ինչ­պէս որ կը վկա­յէ իր կեն­սա­գիր­նե­րէն ­Կա­րօ ­Գէոր­գեան,- բայց այն­պէս էր հա­յա­ցած, որ կրթու­թեամբ, զգա­ցում­նե­րով եւ մտա­ծում­նե­րով՝ զտա­րիւն հա­յէ մը ոչ մէկ տար­բե­րու­թիւն ու­նէր»։

Ան­տոն ­Կա­զէլ ծնած է 1899ին, Էօ­տէ­միշ։ ­Զա­ւակն է սու­րիա­ցի կա­թո­լիկ հօր՝ Իս­կէն­տէր ­Կա­զէ­լի եւ էօ­տէ­միշ­ցի հա­յու­հի մօր՝ ­Վա­սի­լու­հի ­Պո­յա­ճեա­նի։ Շ­նոր­հիւ մօր հա­յե­ցի ջերմ շուն­չին եւ Էօ­տէ­մի­շի հա­յոց նա­խակր­թա­րա­նի դաշ­նակ­ցա­կան ու­սու­ցիչ­նե­րու ստեղ­ծած ազ­գա­յին-գա­ղա­փա­րա­կան մթնո­լոր­տին, Ան­տոն ոչ միայն ամ­բող­ջա­պէս հա­յա­ցաւ, այ­լեւ՝ հա­յոց լե­զո­ւի եւ գրա­կա­նու­թեան հա­րուստ ա­ւի­շով սնա­նե­ցաւ։ Ու­սու­մը շա­րու­նա­կեց ­Գո­նիա­յի «­Ճէ­նա­նեան» վար­ժա­րա­նը, որ­մէ շրջա­նա­ւարտ՝ բարձ­րա­գոյն ուս­ման հե­տե­ւե­ցաւ Զ­միւռ­նիա­յի Ա­մե­րի­կեան ­Գո­լէ­ճին մէջ։

Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տը պատ­ճառ դար­ձաւ, որ Ան­տոն ընդ­հա­տէ ու­սու­մը, ան­դա­մագ­րո­ւի ­Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ նե­տո­ւի հրա­պա­րա­կագ­րա­կան աս­պա­րէզ՝ մաս կազ­մե­լով Զ­միւռ­նիա հրա­տա­րա­կո­ւող «­Հո­րի­զոն» եւ «­Գո­յա­մարտ» թեր­թե­րու խմբագ­րու­թեանց։ Այդ շրջա­նին, իբ­րեւ օգ­նա­կան խմբա­գիր, սերտ գոր­ծակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ ծա­նօթ գրող եւ մտա­ւո­րա­կան գոր­ծիչ ­Սու­րէն ­Պար­թե­ւեա­նի հետ, ո­րուն հրա­պա­րա­կագ­րա­կան եւ հռե­տո­րա­կան ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րէն մե­ծա­պէս ներշն­չո­ւե­ցաւ եւ օգ­տո­ւե­ցաւ։

1922ի Զ­միւռ­նիոյ ա­ղէ­տէն մա­զա­պուրծ՝ ան­ցաւ ­Փա­րիզ, ուր քա­նի մը ա­միս մնա­լէ ետք տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ Ա­թէնք եւ վերջ­նա­կա­նա­պէս հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Յու­նաս­տան։ Այդ շրջա­նին Ա­թէնք հա­սած էին ա­ւե­լի քան հա­րիւր հա­զար հայ գաղ­թա­կան­ներ, ո­րոնց պատս­պա­րե­լու, հո­գա­լու եւ կազ­մա­կեր­պե­լու հսկա­յա­կան աշ­խա­տան­քի դաշտ բա­ցո­ւե­ցաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ Ան­տոն ­Կա­զէ­լի օ­րի­նա­կով անձ­նուէր դաշ­նակ­ցա­կան­նե­րու առ­ջեւ։

­Դաշ­նակ­ցա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան ա­ռա­ջաց­ման եւ աշ­խու­ժաց­ման աշ­խա­տանք­նե­րու շար­քին, Ան­տոն ­Կա­զէլ հան­դի­սա­ցաւ կրտսեր, բայց աշ­խոյժ հիմ­նա­դիր­նե­րէն մէ­կը դաշ­նակ­ցա­կան «­Նոր Օր» թեր­թի հրա­տա­րա­կու­թեան՝ Ա­րամ ­Շի­րի­նեա­նի, ­Պօ­ղոս Ս­վա­ճեա­նի եւ ­Գաբ­րիէլ ­Լա­զեա­նի հետ։ 25 ­Մարտ 1923ին լոյս տե­սաւ «­Նոր Օր»ի ա­ռա­ջին թի­ւը իբ­րեւ շա­բա­թա­թերթ, որ ­Յու­նո­ւար 1924ին ար­դէն վե­րա­ծո­ւե­ցաւ օ­րա­թեր­թի։

Ա­ւե­լի քան քա­ռորդ դար Ան­տոն ­Կա­զէլ հան­դի­սա­ցաւ գլխա­ւոր սիւ­նե­րէն մէ­կը յու­նա­հայ մա­մու­լի ար­ժա­նա­ւոր եւ մե­ծա­գոյն այս օր­գա­նին։ Իր խմբագ­րա­կան­ներն ու սիւ­նակ­նե­րը, պարզ ու խո­հա­կան ի­րենց ո­ճով եւ հա­ղոր­դա­կա­նու­թեամբ, գրա­ւե­ցին ըն­թեր­ցող­նե­րու լայն շրջա­նա­կի ու­շադ­րու­թիւ­նը։ Բ­նա­տուր ձիր­քը ու­նէր ի­րեն կա­պե­լու ըն­թեր­ցո­ղը՝ խօ­սե­լով ա­նոր միա­ժա­մա­նակ ե՛ւ մտքին, ե՛ւ սրտին։ ­Բա­նաս­տեղ­ծա­կան շունչ մը միշտ բա­բա­խեց ա­նոր հրա­պա­րա­կագ­րու­թեան մէջ։ ­Նոյ­նը ե­ղաւ նաեւ հրա­պա­րա­կա­յին իր ե­լոյթ­նե­րուն պա­րա­գա­յին՝ Ան­տոն ­Կա­զէ­լին ա­պա­հո­վե­լով փնտռո­ւած հռե­տո­րի եւ ա­տե­նա­խօ­սի ան­վի­ճե­լի հռչակ։

Ու­ղի բա­ցող եւ ուղ­ղու­թիւն հու­նա­ւո­րող հե­ղի­նա­կու­թիւն դար­ձաւ Ան­տոն ­Կա­զէլ դաշ­նակ­ցա­կա­նը, որ եր­կու Աշ­խար­հա­մարտ­նե­րուն մի­ջեւ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յու­թեան ապ­րած ծայր աս­տի­ճան լա­րո­ւած երկ­պա­ռա­կու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ՝ գիտ­ցաւ ու կրցաւ գա­ղա­փա­րա­կան պայ­քա­րը պա­հել իր սկզբուն­քայ­նու­թեան մա­կար­դա­կին եւ բարձ­րու­թեան վրայ, չներ­քա­շո­ւե­լով ընդ­դի­մա­խօս­նե­րու բա­ցած ա­ժան ցե­խար­ձա­կում­նե­րու եւ քաշքշուկ­նե­րու ո­լո­րապ­տոյ­տին մէջ։ Այդ ճամ­բով ալ Ան­տոն ­Կա­զէլ մեծ ներդ­րում ու­նե­ցաւ հա­կա­դաշ­նակ­ցա­կան մաղ­ձոտ ար­շաւ­նե­րը դի­մագ­րա­ւե­լու, ընդ­դի­մա­խօս­նե­րը գա­ղա­փա­րա­կա­նօ­րէն զի­նա­թափ ը­նե­լու եւ լու­սանցք մղե­լու գոր­ծին մէջ, ո­րուն հա­մար իր ան­մո­ռա­նա­լի տեղն ու դե­րը նո­ւա­ճեց սե­րունդ­նե­րու յի­շո­ղու­թեան մէջ։

­Հա­մաս­փիւռ­քեան ընդգր­կու­մով եւս Ան­տոն ­Կա­զէլ փնտռո­ւած աշ­խա­տա­կից մը ե­ղաւ ժա­մա­նա­կի դաշ­նակ­ցա­կան մա­մու­լի կա­րե­ւո­րա­գոյն բե­մե­րէն ­Պոս­թը­նի «­Հայ­րե­նիք Ամ­սագ­րին», ուր լոյս տե­սան ­Կա­զէ­լի գրա­կան-բա­նաս­տեղ­ծա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։

Այս բո­լո­րով հան­դերձ՝ Ան­տոն ­Կա­զէլ ապ­րե­ցաւ մե­նա­կեաց. անձ­նա­կան ըն­տա­նիք չկազ­մեց եւ իր ըն­տա­նի­քը դար­ձուց «Ա­զատ Օր»ն­ ու այդ ճամ­բով ­Յու­նաս­տա­նի դաշ­նակ­ցա­կան աշ­խոյժ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը, ո­րուն միշտ նա­յե­ցաւ հայ­րա­բար — ար­ժա­նա­ւո­րա­պէ՛ս։

Ան­տոն ­Կա­զէլ 53 տա­րե­կան էր, երբ 1952ի ­Դեկ­տեմ­բեր 24ին, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 5ին, Ա­թէն­քի հա­յաբ­նակ ­Ֆիքս թա­ղա­մա­սի իր հա­մես­տա­գոյն բնա­կա­րա­նին մէջ, յան­կար­ծա­մահ գտնուե­ցաւ եւ վա­ղա­ժամ հե­ռա­ցաւ մեր աշ­խար­հէն։

Ինչ­պէս իր մե­նա­կեաց կեան­քին ծալ­քե­րը, նոյն­պէս եւ վա­ղա­ժամ իր մա­հը ա­ռեղ­ծո­ւա­ծա­յին շղար­շի մը տակ կը մնան եւ միայն ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րու ու մեր­ձա­ւոր­նե­րու վկա­յու­թեամբ, այդ ալ մաս­նա­կիօ­րէն, լու­սա­բա­նո­ւած են հե­տա­գայ սե­րունդ­նե­րուն հա­մար։

Օ­րի­նակ՝ վա­ղա­ժամ իր մա­հո­ւան պատ­ճա­ռը ար­դեօք ա­նընդ­հատ ծխող ըլ­լա՞լն էր. հա­րա­զա­տի մը վկա­յու­թեամբ՝ մէկ լուց­կիով ամ­բողջ օ­րը սի­կա­րը վառ պա­հող ծխո­ղի տե­սակն էր Ան­տոն ­Կա­զէլ… Այ­սու­հան­դերձ՝ ա­ռող­ջա­կան իր վի­ճա­կէն գան­գա­տե­լու պատ­ճառ­ներ չու­նէր եւ իր մտե­րիմ­նե­րուն կամ ա­մէ­նօ­րեայ գոր­ծա­կից­նե­րուն հա­մար իսկ անս­պա­սե­լի հա­րուած մը ե­ղաւ սրտե­րա­կի խցման հե­տե­ւան­քով ա­նոր ան­ժա­մա­նակ մա­հը։

Լ­րիւ բա­ցատ­րո­ւած չեն նաեւ այն պա­րա­գա­նե­րը, ո­րոնց բեր­մամբ դաշ­նակ­ցա­կան ակ­նա­ռու գոր­ծի­չը՝ Ան­տոն ­Կա­զէլ կարճ ժա­մա­նա­կի հա­մար հե­ռա­ցո­ւե­ցաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թե­նէն՝ ազ­գա­յին-կու­սակ­ցա­կան իր բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թեան վեր­ջա­լոյ­սին։ Ան­վի­ճե­լի փաստ­ է, որ Ան­տոն ­Կա­զէլ հիմ­նա­կան ներդ­րում ու­նե­ցած էր Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի կազ­մա­կեր­պու­թեան ստեղծ­ման ու ծաղկ­ման մէջ, կազ­մա­կեր­պա­կան այլ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեանց կող­քին՝ քա­ռորդ դար ան­սա­կարկ նո­ւի­րո­ւե­լով Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «­Նոր Օր»ի եւ ա­նոր շա­րու­նա­կու­թիւ­նը հան­դի­սա­ցող «Ա­զատ Օր»ի հիմ­նու­մին, ան­խա­փան հրա­տա­րա­կու­թեան եւ ճա­ռա­գայ­թու­մին։

Այ­սու­հան­դերձ՝ Ան­տոն ­Կա­զէլ փաս­տօ­րէն հե­ռա­ցո­ւե­ցաւ իր պաշ­տած կու­սակ­ցու­թե­նէն, Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տի վեր­ջին տա­րի­նե­րուն — եւ գեր­մա­նա­ցի­նե­րու կող­մէ ­Յու­նաս­տա­նի գրաւ­ման շրջա­նին — նա­ցի­նե­րուն հետ գոր­ծակ­ցած ու ան­կար­գա­պահ ըն­թաց­քի մէջ գտնո­ւած ըլ­լա­լու մե­ղադ­րան­քով։

Ինչ­պէս որ Ան­տոն ­Կա­զէ­լի մա­հո­ւան քա­ռա­սուն­քին ա­ռի­թով ա­նոր նո­ւի­րուած «Ա­զատ Օր»ի յա­տուկ հա­մա­րին (8 ­Փետ­րո­ւար 1953) խմբագ­րա­կան ա­ռաջ­նոր­դող յօ­դո­ւա­ծը կը նշէ, Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տի «խառ­նափն­թոր ժա­մա­նակ­նե­րուն տար­բեր հո­վեր կը փչէին։ ­Դաշ­նակ­ցա­կան հայ­րե­նա­սէր­ներ մի­ջոց­ներ ձեռք կ­’առ­նէին հա­յու­թեան ֆի­զի­քա­կան գո­յու­թեան պահ­պա­նու­մին հա­մար։ Ա­նոնց տեն­դա­հար հո­գի­նե­րը նոր կա­րե­լիու­թիւն­ներ կ’ո­րո­նէին ի խնդիր գե­րե­վա­րուած հայ­րե­նի­քի ա­զա­տագ­րու­թեան»։ Այդ «տեն­դա­հար հո­գի­ներ»ու դրօ­շա­կիր­նե­րէն ու յա­ռա­ջա­պահ­նե­րէն ե­ղաւ Ան­տոն ­Կա­զէլ դաշ­նակ­ցա­կան ղե­կա­վար գոր­ծի­չը, որ Աշ­խար­հա­մար­տի ու գեր­մա­նա­կան գրաւ­ման ա­ւար­տէն ետք յոյն պե­տա­կան դա­տա­րա­նի առ­ջեւ հա­նո­ւե­ցաւ նա­ցի­նե­րու հետ գոր­ծակ­ցած ըլ­լա­լու միեւ­նոյն մե­ղադ­րան­քով, բայց ամ­բող­ջա­պէս ան­պարտ ար­ձա­կո­ւե­ցաւ դա­տա­րա­նին կող­մէ, ո­րով­հե­տեւ գա­ղա­փա­րա­կան խոր­քէ եւ ի­րա­կան հիմ­քէ զուրկ ամ­բաս­տա­նու­թիւն էր ե­ղա­ծը։

«­Սա­կայն կու­սակ­ցու­թեան դա­տա­րա­նը,- ինչ­պէս որ կը շեշ­տէ «Ա­զատ Օր»ի նոյն խմբագ­րա­կա­նը,- ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ա­ւան­դու­թեան հե­տե­ւե­լով, չխնա­յեց Ան­տո­նին — ինչ­պէս չէ խնա­յած ոչ ո­քի — եւ պատ­ժեց զինք՝ իբ­րեւ ան­կար­գա­պահ ըն­կե­րոջ։ Ան­տոն ըն­դու­նեց իր պա­տի­ժը ա­նո­խա­կալ ժպի­տով մը։ Չ­կարծ­րա­ցաւ հո­գին վրէժխնդ­րու­թեամբ։ Ան ինք­նամ­փո­փու­մով եւ համ­բե­րու­թեամբ հա­ւա­տաց ժա­մա­նա­կի բու­ժիչ կա­րո­ղու­թեան։ Եւ սխա­լած չէր»։

Ան­տոն ­Կա­զէլ դաշ­նակ­ցա­կա­նօ­րէն տա­րաւ ի­րեն տրո­ւած պա­տի­ժը եւ վե­րա­կանգ­նե­ցաւ։ ­Վե­րա­կանգ­նե­ցաւ նախ իբ­րեւ դաշ­նակ­ցա­կան մտա­ւո­րա­կան գոր­ծիչ, ո­րով­հե­տեւ վերս­տին առ­նո­ւե­ցաւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի պաշ­տօ­նա­թեր­թին խմբագ­րա­կան կազ­մին մէջ՝ ստանձ­նե­լով «Ա­զատ Օր»ի խմբագ­րա­կան­ներն ու ա­ռաջ­նոր­դող յօ­դո­ւած­նե­րը գրե­լու պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։ Եւ ե­թէ վա­ղա­հաս մա­հը չպա­տա­հէր, վստա­հա­բար նաեւ կազ­մա­կեր­պա­կան կար­գա­վի­ճա­կով կը վե­րա­կանգ­նէր դաշ­նակ­ցա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւի ա­նոր հան­գա­ման­քը ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Յ.Դ. կա­ռոյ­ցին մէջ։

Այս­պի­սի՛ տա­րո­ղու­թեամբ ար­ժա­նա­ւոր հե­ղի­նա­կու­թիւն է Ան­տոն ­Կա­զէլ, ո­րուն գրա­կան-հրա­պա­րա­կագ­րա­կան հա­րուստ վաս­տա­կը կա՛մ մա­մու­լի է­ջե­րուն ցրո­ւած է, կա՛մ ձե­ռա­գիր վի­ճա­կով ան­տիպ կը մնայ։ Այդ շար­քին են «­Սի­րոյ եւ վիշ­տի մե­ղե­դի­ներ» քեր­թո­ւած­նե­րու հա­ւա­քա­ծոն, «­Խա­չի ճամ­բան» ար­ձակ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը, «Ու­րո­ւա­գիծ յու­նա­հայ գա­ղու­թի պատ­մու­թեան» ստո­ւար աշ­խա­տա­սի­րու­թիւ­նը, «­Պօ­ղոս Ա­ռա­քեա­լի հետ­քե­րուն վրայ» վէ­պը եւ ըն­դար­ձակ օ­րագ­րու­թիւն մը։

Իր մա­հո­ւան վաթ­սու­նա­մեա­կին ա­ռի­թով՝ յի­շենք Ան­տոն ­Կա­զէ­լի այն խօս­քը,, թէ «­Թեր­թը պէտք է ըլ­լայ հա­րա­զատ հա­յե­լին ա­ռօ­րեայ կեան­քին, ա­նոր ծուռ ու շի­տակ կող­մե­րով»։

­Հա­ւատ­քով ու պատ­գա­մով գոր­ծեց Ան­տոն ­Կա­զէլ, որ իր գրչով ու խօս­քով հիմ­նա­րար դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցաւ յու­նա­հայ գա­ղու­թի կազ­մա­ւոր­ման ու ինք­նա­կազ­մա­կերպ­ման մէջ, 1922ի Զ­միւռ­նիա­յի Ա­ղէ­տէն ետք Ա­թէնք տա­րագ­րո­ւած հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր հա­յու­թեան ա­ռօ­րեան ջեր­մաց­նող հայ թերթ խմբագ­րե­լով, ինչ­պէս եւ՝ դաշ­նակ­ցա­կան պաշ­տօ­նա­թեր­թի խմբագ­րու­մով՝ ան­սա­կարկ նո­ւի­րո­ւե­լով նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րու հա­յե­ցի դի­մագ­ծի գա­ղա­փա­րա­կան պայ­ծա­ռա­կերպ­ման ու հա­յա­պահ­պա­նու­մին։