Կիրակի՝ 14 Յունուար 2018ին, Անթիլիասի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» մայր տաճարին, ինչպէս նաեւ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի՝ ընթերցուեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի հայրապետական կոնդակը։
Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան հարիւրամեակին նուիրուած կոնդակին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը կը նշէ.- «Ազատ ու անկախ ապրելու տենչը եւ կամքը, նոյնի՛սկ իմացեալ մահուան գնով, հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան ամէնէն յատկանշական երեւոյթներէն մէկը դարձած է՝ Հայկ Նահապետէն սկսեալ։ Հարուստ է մեր պատմութիւնը բռնակալութեան դէմ հերոսական մարտնչումներով»։ Նորին Սրբութիւնը հայրապետական կոնդակին մէջ կ՚ընդգծէ, թէ 1918 թուականին կարելի եղաւ երեք յաղթական ճակատամարտներ մղել ու հիմնել Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որովհետեւ ազատատենչ հայ ժողովուրդը պատմութեան ընթացքին թրծուած էր բոլոր ժամանակներու՝ Վարդան Մամիկոնեաններու եւ Ղեւոնդ Երէցներու հաւատքով ու վճռակամութեամբ։ «Ճշդորոշիչ նշանակութիւն ունեցող դարձակէտ մըն է Մայիս 28ը՝ Կիլիկեան Թագաւորութեան անկումէն յետոյ (1375), օտար ուժերու ենթակայ դարձած հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ»,- կը շեշտէ Վեհափառ Հայրապետը, մանաւա՛նդ՝ միայն եռամեակ մը առաջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ապրած ժողովուրդի մը համար,- կ՚ըսէ Արամ Ա.։
Ինչպէս հայապահպանման, նոյնպէս ալ հայրենակերտման մէջ կեդրոնական դեր ունեցած է հայ եկեղեցին։ Այս իմաստով կոնդակը կը յիշէ ի մասնաւորի Սարդարապատի ճակատամարտի մասնակից Գարեգին Վրդ. Յովսէփեանի (հետագային՝ Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, 1943-1952) ու Գէորգ Ե. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Սահակ Բ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի դերակատարութեան մասին։
Անկախութեան ստեղծման ու անոր յաջորդած աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններուն Հայաստանի անկախութեան վրայ ձգած ազդեցութեան մասին հակիրճ ակնարկ մը նետելէ ետք, Արամ Ա. Կաթողիկոս կը յայտնէ, որ օրին, պատմութեան մէկ ճակատագրական պահուն, անկախութիւնը իրենց արիւնով կերտած ղեկավարութիւնը ճիշդ որոշումը առած է՝ «պոլշեւիկեան մուրճի եւ թրքական սալի միջեւ» մնացած հայրենիքը փրկելու առնչութեամբ, ու բնաւ վար չդնելով իր զէնքը՝ անկախ հայրենիքի եռագոյնը տարած է Սփիւռք, հոն շարունակելու Հայաստանի անկախութեան գաղափարական պայքարը։ Արամ Ա. Կաթողիկոս իր կոնդակով կը յայտարարէ.- «Մարդկային դարաւոր պատմութիւնը կը վկայէ, թէ վարչակարգերը ժամանակաւոր են, որքան ալ զօրեղ յենարաններ ունենան. յաւերժական են ազգերը՝ իրենց հայրենիքով ու մշակոյթով» ու կը յիշեցնէ, թէ նուազ քան դար մը ետք՝ Հայաստան անգամ մը եւս կ՚անկախանայ։ Նորին Սրբութիւնը հայրապետական կոնդակը կ՚եզրափակէ՝ նշելով.- «Անկախութիւնը սրբազան արժէք է ու զայն կերտողը եւ պաշտպանողը ժողովո՛ւրդն է։ Հետեւաբար, Հայաստանի անկախութիւնը գաղափարական ու քաղաքական մօտեցումներէ ու տարբերութիւններէ վե՛ր պէտք է մնայ։
Հայոց Ցեղասպանութեան յաջորդող տարիներուն ու համաշխարհային տագնապալից պայմաններուն մէջ ստեղծուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը համահայկական խորունկ նշանակութիւն ունի։ Այս ենթահողին վրայ հարկ է արժեւորել ու նշել 100ամեակը այս պատմական դէպքին»։ Կոնդակի աւարտին՝ Հայրապետը կոչ կ՚ուղղէ զանազան միջոցներով — հրապարակային, քարոզչական, կրթական ու մտաւորական ծրագիրներով — վառ պահելու Հայաստանի անկախութեան ոգին՝ յանուն հզօր հայրենիքի ու հայրենակեդրոն սփիւռքի։ Նշենք, որ Արամ Ա. Վեհափառ այս առիթով 2018 թուականը հռչակեց «Անկախութեան Տարի»։
«Անկախութեան Տարի»
Արամ Ա. Կաթողիկոս 2018 թուականը հռչակեց «Անկախութեան Տարի»