Հ. Կ. Խաչի Գոքինիոյ «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը Ապրիլ 30ին գումարեց հերթական անդամական ժողով «Զաւարեան» Կեդրոնէն ներս՝ «Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան անկախութեան 100ամեակը» օրակարգով:
Ցուցադրեցինք «Հայաստանի Հանրապետութիւն 1918-2018. Անկախութեան ակունքներում» տեսերիզը, որու ընթացքին Հայաստանի պատմական գիտութիւններու տոքթ. Վահան Մելքոնեան եւ պատմական գիտութիւններու թեկնածու՝ Արամ Նազարեան ներկայացուցին Մայիս 28ի անկախութեան պատմական փաստերն ու դէպքերը:
Հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս եղած բազմաթիւ պատերազմներէն յետոյ ստեղծուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: 1918 թուականի Մայիս 28ի Մայիսեան հերոսամարտներէն՝ Սարտարապատէն, Բաշ-Ապարանէն, Ղարաքիլիսէէն ետք ծնունդ առաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը:
1918 թուականի Յուլիսին Հայաստանի ազգային դրօշ ընդունուեցաւ եռագոյնը՝ կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն:
Արիւնից ծնուած երիզ մի կարմիր,
Երկնքից պոկուած ծովէն մի կապոյտ,
Հասուն արտերի շողն արեւագոյն
Դրօշ՝ Եռագոյն…
Ծածանուիր հպարտ՝ դարեր շարունակ,
Ազատ ու Անկախ մեր հայրենիքում…
Մեր Ազատ, Անկախ հայրենիքը, մեր եռագոյնը իւրաքանչիւր հայու ապրելու նախապայմանն է, մեր հպարտութիւնն է…
Վարչութիւն