­Հինգ­շաբ­թի՝ 11 ­Յո­ւա­նո­ւար 2018ի ա­ռա­ւօ­տեան, ­Յու­նաս­տա­նի մօտ ­Հ.Հ. դես­պան` պրն. ­Ֆա­տէյ ­Չար­չող­լեան ա­մա­նո­րեան շնոր­հա­ւո­րա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տո­ւաւ ­Յու­նաս­տա­նի ­հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ` ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րա­նին ազ­գա­յին ա­ռաջ­նորդ­րան Ա­թէնք։
Պրն. դես­պա­նին ըն­դու­նե­լու­թեան ներ­կայ էր Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան։ Շ­նոր­հա­ւո­րա­կան բա­րե­մաղ­թու­թեանց կար­գին, այ­ցե­լու­թիւ­նը նաեւ ա­ռիթ ե­ղաւ խորհր­դակ­ցե­լու ըն­թա­ցիկ տա­րո­ւան մէջ կա­յա­նա­լիք հա­մա­հայ­կա­կան ծրա­գիր­նե­րու եւ աշ­խա­տանք­նե­րու մա­սին, ո­րոնց շուրջ անհ­րա­ժեշտ է հա­մախմ­բո­ւած պա­հել յու­նա­հայ հա­մայն­քին կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը եւ աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թեամբ սա­տար հան­դի­սա­նալ այդ բո­լոր ծրա­գիր­նե­րուն յա­ջո­ղու­թեան։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ