Ազգային Առաջնորդարանի դիւանը կը հաղորդէ Հինգշաբթի՝ 3 Մայիս 2018ի առաւօտեան, Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ Յովսէփ Թ. Ծ. Վրդ. Պէզազեանին:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերացէին Յունաստանի հայոց թեմին Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ պրն. Պօղոս Չոլաքեան, Կրօնական Ժողովի ատենապետ՝ Հրայր Աւ. Քհնյ. Նիկոլեան, Գոքինիոյ եւ Ֆիքսի հոգեւոր հովիւներ՝ Վահրիճ Վրդ. Ղարախանեան եւ Նարեկ Քհնյ. Շահինեան:
Հայ Կաթողիկէ Ս. «Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ մուտքին՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օրհնեց աւանդական հացն ու աղը, ապա շուրջար, խաչ ու գաւազան առնելով, «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ մուտք գործեց եկեղեցի, ուր կարճ աղօթքէ մը ետք հիւրընկալուեցաւ առաջնորդարանի դահլիճին մէջ:
Յովսէփ Ծ. Վարդապետ բարի գալուստ մաղթեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր իր անդրանիկ այցելութեան համար եւ հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ Յունաստանի հայ կաթողիկէ համայնքի կազմաւորման եւ գործունէութեան շուրջ, յատկապէս Սուրիոյ պատերազմին պատճառով Յունաստան հասած գաղթականներուն օգնութեան եւ պատսպարման աշխատանքներուն մասին, ինչպէս նաեւ «Քարիթաս» մարդասիրական կազմակերպութեան գործունէութեան մասին: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար, քրիստոնէական սիրոյ եւ եղբայրական գործակցութեան շրջագծի մէջ դնելով սոյն պաշտօնական այցելութիւնը, մաղթելով հայ կաթողիկէ ժողովրդապետին եւ համայնքին Աստուածահաճոյ բեղուն ծառայութիւններ: Հանդիպումի աւարտին Յովսէփ Ծ. Վարդապետ յուշանուէրով մը պատուեց Գեղամ Սրբազան Հօր այցելութիւնը:
Այցելութիւն
Գեղամ Արք. Խաչերեան այցելեց հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ Յովսէփ Թ.Ծ.Վրդ. Պէզազեանին