Շաբաթ՝ 13 Նոյեմբեր 2021-ին, Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան եւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Թագւոր Յովակիմեան, ընկերակցութեամբ Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ Պարէտ քհնյ. Խաչերեանի, այցելեցին Քալամաթա։ Օրուան յայտագիրը նախապէս կազմակերպուած էր պաշտօնական այցելութիւններով ու Ս. պատարագի արարողութեամբ։
Քորոնա համաճարակին յառաջացուցած դժուարին կացութեան պատճառով, որոշ ժամանակ մը պարտադրաբար դադրած էին տեղւոյն հայկական գաղութին այցելութիւններն ու պատարագի արարողութիւնը։ Միւս կողմէ սակայն Առաջնորդ Սրբազան հայրը, Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչն ու շրջանի հոգեւոր պատասխանատուն, հեռաձայնային կապով ընդ միշտ հետաքրքրուեցան նախ մեր հայրենակիցներու առողջապահական վիճակով ինչպէս նաեւ շրջանի աշխատանքներով։ Քալամաթայի մէջ Առաջնորդ Սրբազան հօր դիմաւորեցին Թաղային խորհուրդի ատենապետուհի տիկ. Սոֆիա Յարութիւնեան եւ անդամ տիկ. Արփինէ Յակոբեան։
Ժամը 11։30-ին, Առաջնորդ Սրբազան հայրն ու պատուիրակութիւնը այցելեցին Քալամաթայի քաղաքապետ պրն. Աթանասիոս Վասիլոբուլոսին։ Սրբազան Հայրը նախ անձամբ շնորհաւորեց պրն. քաղաքապետի ընտրութիւնը ապա ներկայացուց Քալամաթայի հայկական գաղութի հոգեւոր ու ազգային գործունէութիւնը։ Շեշտելով հայկական գաղութի կարեւորութիւնը Քալամաթայի համայնական կեանքէն ներս, Սրբազան հայրը դիմեց պրն. քաղաքապետին որպէսզի յարմար սրահ մը տրամադրէ տեղւոյն հայութեան։ Սոյն սրահը պիտի օգտագործուի որպէս հաւաքավայր, գրասենեակ եւ ապագային միօրեայ հայկական վարժարան։ Պրն. Թագւոր Յովակիմեան իր կարգին ամփոփ զեկոյց մը տուաւ յունահայ գաղութի պատմութեան ու գործունէութեան մասին։ Ապա յունահայ գաղութին անունով, Առաջնորդ Սրբազան հայրը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց պրն. քաղաքապետին, Արցախի պատերազմի ընթացքին, Քալամաթայի քաղաքապետարանի կատարած նիւթաբարոյական գնահատելի աջակցութեան համար։
Պրն. Վասիլոբուլոս իր ուրախութիւնը յայտնեց սոյն պաշտօնական այցելութեան նկատմամբ։ Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ Քալամաթայի հայութեան մասին եւ յայտնեց, թէ հայ զառմիկներ ունի արդէն։ Խօսքի աւարտին վստահեցուց, որ ընդառաջելով մեր փափաքին, մօտիկ ապագային հայկական գաղութին պիտի տրամադրէ յարմար սրահ մը։ Այցելութեան աւարտին, պատուիրակութինը պրն. քաղաքապետին յանձնեց հայկական ընտիր ըմպելի։ Պրն. քաղաքապետը յանձնեց Քալամաթայի պատմութեան գիրգը եւ 1821-ի Յունաստանի ապստամբութեան ու յաղթանակի մետալէն օրինակ մը։ Ապա Սրբազան հայրն ու ներկաները խառն հանդիպում մը ունեցան Քալամաթայի թաղային խորհուրդի ատենապետուհիին ու անդամին հետ։ Միասնաբար քննարկեցին շրջանի հայութեան հաաւաքական կեանքի աշխուժացման հնարաւորութիւնները։
Կէսօրուան ժամը 1։00-ին, Առաջնորդ Սրբազան հայրն ու պատուիրակութիւնը այցելեցին Գալամաթայի Տ. Խրիսոսթոմոս Մետրապոլիտին։ Գեղամ Արք. Խաչերեան շնորհակալութիւն յայտնեց Մետրապոլիտի ջերմ ընդունելութեան համար ապա յունահայ գաղութի անունով շնորհաւորեց Մետրապոլիտի անուանակոչութեան տօնը։ Ան անգամ մը եւս մեծապէս գնահատեց, Քալամաթայի մեր գաղութին հանդէպ Մետրապոլիտի ցուցաբերած հետաքրքրութիւնն ու օգտակարութիւնը։ Ինչպէս նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց, Արցախի պատերազմի ընթացքին Մետրապոլիտի կատարած նիւթաբարոյական գնահատելի աջակցութեան համար։
Տ. Խրիսոսթոմոս Մետրապոլիտը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան հօր ու պատուիրակութեան այցելութեան եւ բարեմաղթութեանց համար։ Ան անգամ մը եւս շեշտեց, թէ Քալամաթայի հայութիւնը կը նկատէ իր հարազատները եւ միշտ պատրաստ է որեւէ կարիքի օգտակար հանդիսանալու։ Ապա Սրբազան հայրն ու Մետրապոլիտը զրուցեցին եկեղեցական ու այլ նիւթերու շուրջ։ Այցելութեան աւարտին, Սրբազան Հայրը Մետրապոլիտին յանձնեց հայկական ընտիր ըմպելի մը։ Իսկ Մետրապոլիտը յանձնեց իր հեղինակութեամբ նոր հրատարակուած գիրքը։ Նոյն օրը կէսօրէ ետք ժամը 5։00-ին, տեղւոյն «Ս. Նիկողայոս» եկեղեցիէն ներս կատարուեցաւ Ս. պատարագ, Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեանի մատուցմամբ։
Գեղամ Արք. Խաչերեան հանդէս եկաւ օրուան քարոզով։ Ս. Աւետարանի հատուածէն մեկնելով, նշանաբանը ըրած էր «Ով է մեծը» հարցումը։ Ապա Սրբազան Հայրը բացատրեց մեծ բառի կապակցութեամբ քրիստոնէական վարդապետութեան յստակ բա-ցատրութիւնը եւ մարդոց սխալ ըմբռնումը կամ մեկնաբանութիւնը։ Ան շեշտեց, թէ մարդու մեծութիւնը իր պաշտօնին, հանգամանքին կամ դիրքին մէջը չէ։ Մեծութիւնը միւսին իշխելու կամ հրամայելու պարագայ չէ։ Մեծութիւնը ծառայութեան գաղափարին մէջն է։ Եւ այս մէկը կարելի է տեսնել Քրիստոսի օրինակով։ Ան երկնային զօրու-թեամբ օժտուած առաքուեցաւ աշխարհ, մարդուն օգտակար դառնալու համար։ Քրիստոս ծառայեց մարդոց եւ այդպիսով մեծցաւ մարդոց աչքերուն մէջ։
Ս. պատարագէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու Ազգային Վարչութեան Ատենապետը հանդիպում մը ունեցան ներկայ հայոր-դիներուն հետ։ Սրբազան Հայրը անգամ մը եւս շեշտեց Գալամաթայի հայութեան կարեւորութիւնը եւ այդ ծիրէն ներս Կրօնական ժողովի ու Ազգային Վարչութեան ցուցաբերած հետաքրքրութիւնն ու աշխատանքը։ Ան թելադրեց ու քաջալերեց զիրենք կապուած մնալու եկեղեցիին ու իրենց հայկական ինքնութեան եւ միակամ եւ համախորհուրդ յա-ռաջացնեն իրենց ազգօգուտ աշխատանքները։ Առաջնորդ Սրբազան հայրը շեշտեց, թէ Տ. Խրիսոսթոմոս Մետրապոլիտին եւ անցեալի ու ներկայի քաղաքապետներուն ցուցաբերած յարգանքին ու աջակցութեան դիմաց մենք միշտ համառատու պէտք է ըլլանք։ Ուստի Քալամաթայի հայութիւնը, խօսքէն անդին, իր հաւաքական աշխատանքով ու յաջողութիւններով շնորհակալ պիտի ըլլայ անոնց եւ արժեւորած պիտի ըլլայ անոնց բարի տրամադրութիւնը։
ԹՂԹԱԿԻՑ