Երկուշաբթի, 20 Յունիս 2022-ի երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Նիքէայի քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ եւ տեղւոյն սրահէն ներս տեղի ունեցաւ դասախօսական ձեռնարկ, Փոքր Ասիոյ ահաւոր աղէտէն ետք Նիքէա շրջանը հաստատուած յոյն եւ հայ գաղթականներուն նուիրուած։ Ընդառաջելով հրաւէրին, սոյն ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան ու Թաղային խորհուրդի ատենապետ պրն. Սերգօ Արապեան։
Օրուան խօսողներէն էր տիկ. Գուին Մինասեանը, որ ներկայացուց Փոքր Ասիոյ աղէտէն ետք Նիքէա շրջանը հաստատուած հայութիւնը, ինչպէս նաեւ մեծ ջանքերով կառուցուած Ս. Յակոբ եկեղեցին, «Զաւարեան» վարժարանն ու գործօն միութիւնները։
Դասախօսութիւնը կ’ընդգրկէր նաեւ այցելութիւն Ս. Յակոբ եկեղեցի եւ այլ վայրեր։ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ ձեռնարկին մասնակցողներուն (մօտ 70 հոգի) դիմաւորեց Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան։
Տիկ. Գուին Մինասեան նախ ներկայացուց եկեղեցւոյ կառուցման պատմականը ապա Տ. Պարէտ քահանայ հայրը բացատրութիւն տուաւ եկեղեցւոյ ներքին մասերուն ու արարողութեանց մասին։ Ետքը ներկաներուն կողմէ կատարուեցան որոշ հարցումներ։ Աւարտին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, տիկ. Մինասեան բացատրութիւն տուաւ նաեւ զետեղուած խաչքարին ու Կոմիտասի արձանին մասին։ Կազմակերպիչ մարմինը քահանայ հօր շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք մեկնեցան։ Սրահ վերադարձէն ետք, դասախօսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր։
ԹՂԹԱԿԻՑ