Պոլսոյ հայոց պատրիարքի նախորդ փոխանորդ Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր) մէջ այցելած է Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցին, որ շրջանին մէջ թրքական ուժերու գործողութեանց ընթացքին կողոպտուած ու մեծ վնասներ կրած է: Այս մասին կը յայտնէ պոլսահայ «Ակօս» թերթը:
Եկեղեցւոյ պատերուն վրայ ներկայիս կան կրակոցներու հետեւանքով յառաջացած անցքեր, կոտրուած են ապակիները:
Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ շրջելէ ետք, Աթէշեան Արքեպիսկոպոս հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, ուր նշուած է.- «Այսօր, այս թաղամասին մէջ գտնուող Աստուծոյ աղօթարանները` եկեղեցիները, մզկիթները աւերակներու վերածուած են: Նման բան ընողին մենք մարդ չենք կրնար անուանել: Ամէն բան աւերուած է: Այս ամէնը ընողը Աստուծոյ արարած մարդը չի կրնար ըլլալ»: Արքեպիսկոպոս Աթէշեան յորդորած է պատկան մարմիններուն, ներառեալ մշակոյթի նախարարութեան, հիմնադրամներու գլխաւոր տնօրինութեան եւ ոստիկանութեան՝ անյապաղ միջոցներու ձեռնարկելու` սկսելու եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները:
Նշենք, որ Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցին Մերձաւոր Արեւելքի ամենամեծ եկեղեցիներէն է: 2012 Նոյեմբեր 4ին, 32 տարուան ընդմիջումէ ետք, հոս կատարուած էր վերանորոգման յաջորդած եկեղեցական առաջին արարողութիւնը: 2015էն ի վեր, եկեղեցւոյ տարածքին վերսկսած են բախումներ՝ թուրքերու եւ քիւրտերու միջեւ:
Այցելութիւն Սուրբ Կիրակոս եկեղեցի
Աթէշեան Արք. Տիգրանակերտի մէջ այցելած է թալանուած Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին