Երկուշաբթի՝ 6 Դեկտեմբեր 2021-ին կէսօրէ ետք ժամը 3։00ին, Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Ազգային Վարչութեան Ատենապետ պրն. Թագւոր Յովակիմեանի, փոխ Ատենապետ տոքթ. Ստեփան Փափազեանի, ատենադպիր պրն. Նազար Աւագեանի, Կրօնական ժողովի Ատենապետ եւ Աթէնքի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Հրայր Աւ. Քհնյ. Նիկոլեանի եւ Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Պարէտ Քհնյ. Խաչերեանի պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Յունաստանի մօտ Հ.Հ. նորանշանակ դեսպան պրն. Տիգրան Մկրտչեանին։
Պրն. դեսպանը իր գրասենեակէն ներս ջերմօրէն ընդունեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու պատուիրակութիւնը։
Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան յանուն յունահայ գաղութին, բարի գալուստ մաղթեց պրն. դեսպանին եւ ապա յաջողութիւն մաղթեց պետական իր կարեւոր պաշտօնին մէջ, նա մանաւանդ քաղաքական այս տագնապալի ժամանակաշրջանին։ Ապա, ան ամփոփ զեկոյց մը տուաւ յունահայ գաղութի կառուցային աշխատանքներուն ու իրավիճակին մասին։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յայտնեց նաեւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները։ Հաստատելով՝ թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, իր թեմերով միշտ նեցուկ կը կանգնի հայրենի պետութեան, ի սէր մեր ժողովուրդին ու ի փառս հայրենքին։ Պրն. Տիգրան Մկրտչեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր ու պատուիրակութեան այցելութեան, ինչպէս նաեւ գործակցութեան բարձր տրամադրութեան համար։ Ան փափաք յայտնեց, փոխադարձ կապերը ընդմիշտ գործունէութեան մէջ պահել եւ փոխանցեց կարգ մը ծրագիրներ, որոնք ապագային կրնան իրագործուիլ դեսպանութեան ու Ազգ. Առաջնորդարանի համագործակցութեամբ։
Ապա, ներկաները զրուցեցին Հայաստանի ու Արցախի, ինչպէս նաեւ յունահայ գաղութի զանազան հարցերու շուրջ։
Դիւան Ազգ. Առաջնորդարանի