Ուր­բաթ¸ 8 Ապ­րիլ 2022–ին¸ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց ­Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան¸ ըն­կե­րա­ցու­թեամբ ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեա­նի¸ Կ­րօ­նա­կան ժո­ղո­վի ան­դամ ­Նա­րեկ քհնյ. ­Շա­հի­նեա­նի¸ ­Քա­լա­մա­թա­յի հայ հա­մայն­քի ­Թա­ղա­կան խո­հուր­դի ան­դամ­ներ՝ ա­տե­նա­պե­տու­հի տիկ. ­Սո­ֆիա ­Յա­րու­թիւ­նեա­նի¸ փոխ-ա­տե­նա­պե­տու­հի տիկ. Ար­փի­նէ ­Յա­կո­բեա­նի¸ ա­տե­նա­դպիր պրն. ­Յով­հան­նէս Աբ­րա­հա­մեա­նի այ­ցե­լե­ցին ­Յու­նաս­տա­նի մօտ ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան պրն. ­Տիգ­րան Մկր­տի­չեա­նին¸ դես­պա­նա­տան գրա­սե­նեա­կին մէջ։Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար եւ այս ա­ռի­թով հա­կիրճ պատ­մա­կա­նով ներ­կա­յա­ցուց ­Քա­լա­մա­թա­յի հայ հա­մայն­քի կազ­մա­կերպ­ման աշ­խա­տանք­նե­րու հո­լո­վոյ­թը¸ նաեւ ծան­թա­ցուց ­Քա­լա­մա­թա­յի ­Թա­ղա­կան խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը։Պրն. դես­պա­նը իր կար­գին ու­րա­խու­թիւ­նը յայտ­նեց ծա­նօ­թաց­ման հա­մար¸ նշե­լով, որ ­Յու­նաս­տա­նի մօտ իր դի­ւա­նա­գի­տա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն­նե­րու եւ գոր­ծու­նէու­թեան կար­գին¸ կա­րե­ւոր կը նկա­տէ տեղ­ւոյն հայ­կա­կան կեան­քին հետ ըլ­լա­լու¸ հա­մայնք­նե­րուն յա­ճա­խա­կի այ­ցե­լե­լու եւ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մէջ մնա­լու եւ հարկ ե­ղած ա­ջակ­ցու­թեամբ նե­ցուկ կագ­նե­լու հա­մայն­քա­յին կեան­քին։­Քա­լա­մա­թա­յի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի կող­մէ ե­ղած հար­ցադ­րու­մի առն­չու­թեամբ¸ թէ հայ հա­մայնք­նե­րը ինչ­պէս կրնան օգ­տա­կար ըլ­լալ ­Հա­յաս­տա­նին¸ պրն. դես­պա­նը պա­տաս­խա­նեց ը­սե­լով¸ ­Յու­նաս­տան հաս­տա­տո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի հայ­րե­նա­կից­ներն յատ­կա­պէս եր­կու բան հարկ է կա­տա­րեն։ Ա­ռա­ջին¸ անհ­րա­ժեշտ նկա­տեց, որ ա­նոնք ա­ջա­լուրջ ըլ­լան ի­րենց անձ­նա­կան կեան­քի շրջա­նակ­նե­րու մէջ պա­հա­պա­նե­լու հայ­կա­կան ինք­նու­թիւնն ու մայ­րե­նի լե­զուն¸ յատ­կա­պէս ե­րե­խա­նե­րու պա­րա­գա­յին.  երկ­րորդ¸ բո­լոր պա­րա­գա­նե­րուն ­Հայ­րե­նի­քի կող­քին ըլ­լալ միա­կամ։ ­Սոյն այ­ցե­լու­թեան առ­թիւ¸ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը հրա­ւի­րեց պրն. ­դե­սպա­նին ներ­կայ գտնո­ւե­լու 18 Ապ­րիլ 2022-ին ­Քա­լա­մա­թա­յին մէջ տեղ­ւոյն քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի եւ հայ հա­մայն­քի գոր­ծակ­ցու­թեամբ տե­ղի ու­նե­նա­լիք ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­գե­կոչ­ման ձեռ­նար­կին։

ԹՂԹԱԿԻՑ