Անցեալ օրերուն, Աթէնքի Աթոռանիստ Ս. Գր. Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցին այցելեցին, Հայաստանի պետական «Բարեկամութիւն» պարախումբի անդամները։
Պետական պարախումբը հրաւիրուած եր, Աղրինիօ քաղաքի քաղաքապետէն, միջազգային ժողովրդային պարերու փառատօնին մասնակցելու համար, որ տեղի ունեցաւ 23-27 Օգոստոսին վերոյիշեալ քաղաքին մէջ։
Պարախումբի անդամներուն բարի գալուստ մաղթեցին Տէր Պարէտ քհնյ. Խաչերեան, ինչպէս նաեւ ներկայ գտնուող Հոգաբարձութեան եւ Տիկնանց մարմնոյ անդամները։
Կարճ արարողութենէ մը ետք Տ. հայրը անդրադարձաւ Ս. Գր. Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի պատմութեան եւ ապա հիւրերուն ներկայացուց յունահայ գաղութի, հոգեւոր եւ մշակութային կեանքը ու գործունէութիւնը։
Փակելով իր խօսքը Տ. հայրը բարի յաջողութիւն մաղթեց պարախումբի անդամներուն, իրենց առաքելութեան համար։
Յաջորդեց Տիկնանց մարմնոյ կողմէ պատրաստուած հիւրասիրութիւն եկեցեցւոյ սրահը եւ ապա պարախումբի անդամները շնորհակալութիւն յայտնելով ի պատիւ իրենց տրուած ընդունելութեան, մեկնեցան կարճ շրջագայութեան մը համար, այցելելով Աթէնքի տեսարժան եւ պատմական վայրերը:
Քանի մը ժամ ետք, պարախումբը մեկնեցաւ դէպի Աղրինիօ քաղաքը եւ իր յաջող մասնակցութիւնը բերաւ տեղւոյն միջազգային փառատօնին։
Ս. ԳՐ. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈԻԹԻՒՆ