Այցելութիւն Առաջնորդ Սրբազանին

Քալամաթայի հայ հայրենակիցներու գործունեայ ազգայիններէն տիկին Սոֆիա Մարգարեան այցելեց Առաջնորդ Սրբազանին

0
1196

Ուր­բաթ՝ 22 ­Փետ­րո­ւար 2018ի կէ­սօ­րո­ւան ժա­մը 12ին, ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան, Ա­թէն­քի ազ­գա­յին ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նէն ներս, ըն­դու­նեց այ­ցե­լու­թիւ­նը ­Քա­լա­մա­թա­յի նո­րա­կազմ հայ­կա­կան գա­ղու­թի գոր­ծու­նեայ ան­դամ­նե­րէն տի­կին ­Սո­ֆիա ­Մար­գա­րեա­նի։ Ըն­դու­նե­լու­թեան ներ­կայ էր նաեւ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան։
­Տիկ. Ս. ­Մար­գա­րեան աշ­խոյժ ազ­գա­յին­նե­րէն է տա­րի­նե­րէ ի վեր ­Հա­յաս­տա­նէն ­Քա­լա­մա­թա հաս­տա­տո­ւած հայ հայ­րե­նա­կից­նե­րուն։ Ան ազ­գօ­գուտ աշ­խա­տանք կը տա­նի՝ հետզ­հե­տէ ուռ­ճա­ցող ­Քա­լա­մա­թա­յի հայ գա­ղու­թը ներք­նա­պէս կազ­մա­կեր­պե­լու եւ ­Հա­յաս­տա­նի ու հայ ժո­ղո­վուր­դի ի նպաստ ազ­գա­յին գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լե­լու ուղ­ղու­թեամբ։
­Տիկ. ­Մար­գա­րեա­նի այ­ցե­լու­թիւ­նը շա­րու­նա­կու­թիւնն էր այն պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան, զոր Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը, Կ­րօ­նա­կան ­Ժո­ղո­վի ան­դամ­նե­րուն եւ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տին՝ պրն ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեա­նի հետ միա­սին, տո­ւաւ ­Մե­սի­նիա­յի ­Մետ­րո­պո­լիտ Խ­րի­սոս­թո­մո­սին՝ ­Քա­լա­մա­թա­յի յոյն-ուղ­ղա­փառ ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նէն ներս։ Այ­ցե­լու­թեան նպա­տակն էր ա­ռա­ջին հեր­թին ծա­նօ­թա­նալ ­Քա­լա­մա­թա­յի ­Մետ­րո­պո­լի­տին եւ ա­պա ա­ռիթ ու­նե­նալ ա­ւե­լի մօ­տէն հե­տաքրք­րո­ւե­լու ­Քա­լա­մա­թա­յի մէջ կայք հաս­տա­տած ­Հա­յաս­տա­նի մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րով։ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած էր Խ­րի­սոս­թո­մոս ­Մետ­րո­պո­լի­տին, որ իր հո­վո­ւա­կան խնամ­քէն ան­պա­կաս կ’ը­նէ նաեւ շրջա­նի հա­յե­րը։ ­Յայտ­նենք, որ ­Մետ­րո­պո­լի­տին հան­գու­ցեալ մայ­րը հայ ե­ղած է եւ ազ­գա­յին իր պատ­կա­նե­լու­թեան տէր կանգ­նած հա­յու­հի մը հան­դի­սա­ցած է։
­Յի­շեց­նենք, որ տիկ. Ս. ­Մար­գա­րեան եւ ­Քա­լա­մա­թա­յի մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը յա­տուկ կապ հաս­տա­տած են Խ­րի­սոս­թո­մոս ­Մետ­րո­պո­լի­տին հետ, որ հայ հա­մայն­քի դի­մու­մին ըն­դա­ռա­ջե­լով՝ ա­մէն տա­րի Ապ­րիլ 24ի առ­թիւ հո­գե­հանգս­տեան ա­րա­րո­ղու­թիւն կը կա­տա­րէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­հա­տակ­նե­րու հոգ­ւոյն հա­մար։ Ա­ռաջ­նոր­դա­րան իր այ­ցե­լու­թեան ա­ռի­թով՝ տիկ. ­Մար­գա­րեան յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր եւ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան, որ կը հե­տաքրք­րո­ւին ­Քա­լա­մա­թա­յի հա­յե­րով եւ փա­փաք յայտ­նեց, որ ­Քա­լա­մա­թա այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը շա­րու­նա­կո­ւին։ Իր կող­մէ՝ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը տիկ. ­Մար­գա­րեա­նին փո­խան­ցեց Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը՝ յա­ռա­ջի­կայ Ապ­րիլ 24ին ներ­կայ ըլ­լա­լու ­Քա­լա­մա­թա­յի մէջ նա­խա­տե­սո­ւած՝ Խ­րի­սոս­թո­մոս ­Մետ­րո­պո­լի­տի կող­մէ կա­տա­րո­ւե­լիք հո­գե­հանգս­տեան ա­րա­րո­ղու­թեան, նաեւ՝ այդ ա­ռի­թով հան­դի­պում ու­նե­նա­լու շրջա­նի հա­յու­թեան հետ։