Եր­կու­շաբ­թի՝ 20 ­Մա­յիս 2019ին, կ­.ե. ժա­մը 4ին, ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորրդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան եւ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն տո­ւին ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար ­Մար­քոս ­Պո­լա­րի­սին՝ ա­նոր գրա­սե­նեա­կին մէջ: Պրն. ­Պո­լա­րիս ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան մէջ պա­տաս­խա­նա­տու է ­Յու­նաս­տա­նի ե­կե­ղե­ցի­նե­րու եւ կրօն­նե­րու հետ յա­րա­բե­րու­թեան, ինչ­պէս նաեւ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան ծա­ւա­լած կրօ­նա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թիւն ծրագ­րին:
Պրն. ­Պո­լա­րի­սի փա­փա­քով հան­դի­պու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ որ­պէս շա­րու­նա­կու­թիւն 28 ­Փետ­րո­ւար-1 ­Մարտ 2019ին «Ե­կե­ղե­ցա­կան եւ կրօ­նա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը 21րդ ­դա­րուն» նիւ­թով կա­յա­ցած եր­կօ­րեայ խորհր­դա­ժո­ղո­վին շուրջ խորհրդակ­ցու­թեան:
­Հան­դի­պու­մին երկ­րորդ պատ­ճա­ռը պրն. ­Պո­լա­րի­սի մօ­տերս ճամ­բոր­դու­թիւնն էր Ան­թի­լիաս՝ ­Լի­բա­նան, հան­դի­պե­լու ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սին: Պրն. ­Պո­լա­րիս ծա­նօթ ըլ­լա­լով Ա­րամ Ա ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տի միջ-ե­կե­ղե­ցա­կան եւ միջ-կրօ­նա­կան յա­րա­բե­րու­թեանց եւ երկ­խօ­սու­թեանց մէջ ու­նե­ցած մեծ վար­կին ու վաս­տա­կին, ­Նո­րին Սր­բու­թեան հետ հան­դի­պու­մը կը նկա­տէ կա­րե­ւոր կրօ­նա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թեան յա­ռա­ջի­կա­յի ծրա­գիր­նե­րը մշա­կե­լու եւ ծա­ւա­լե­լու ի­մաս­տով:
Այ­ցե­լու­թեան սոյն ա­ռի­թը պա­տե­հու­թիւն ըն­ծա­յեց նաեւ հան­դի­պե­լու ա­նոր գրա­սե­նեա­կին մէջ յու­նա­կան սփիւռ­քի պա­տաս­խա­նա­տո­ւին՝ ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար պրն. ­Թե­րենս ­Քո­ւի­քի հետ, ինչ որ ա­ռիթ ե­ղաւ անդ­րա­դառ­նա­լու սփիւռ­քի հայ­կա­կան գա­ղութ­նե­րուն ու յատ­կա­պէս ­Հա­յաս­տա­նի սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան՝ մաղ­թե­լով, որ այս վեր­ջի­նը վե­րագտ­նէ իր ան­ցեա­լի աշ­խոյժ եւ կա­րե­ւոր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը: