Եր­կու­շաբ­թի՝ 20 ­Յու­նո­ւար 2020ի կէ­սօ­րո­ւան, նա­խա­պէս առ­նո­ւած ժա­մադ­րու­թեամբ, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հո­գե­ւոր հո­վիւ Ս­տե­փա­նոս վրդ. ­Փա­շա­յեան, Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ան­դամ ընկ. ­Կա­րա­պետ ­Նա­տեան, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ար­թին Աբ­րա­հա­մեան, Հ.Յ.Դ. ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Յ. ­Գա­սա­պեան» կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­Տիգ­րան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ. ­Կիւ­լա ­Գա­սա­պեան, այ­ցե­լու­թիւն մը տո­ւին ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ փոխ­նա­խա­րար՝ պրն. ­Թէո­տո­րոս ­Գա­րաօղ­լո­ւին։
Ա­ռա­ջին հեր­թին, պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հայ գա­ղու­թին ա­նու­նով շնոր­հա­ւո­րեց փոխ­նա­խա­րա­րին ընտ­րու­թիւնն ու ­Նոր ­Տա­րուան եւ Ս. Ծնն­դեան տօ­նե­րուն առ­թիւ բա­րե­մաղ­թանք­ներ փո­խան­ցեց։ Ա­պա, զխօ­սակ­ցու­թիւ­նը ըն­թա­ցաւ ­Խալ­քի­տի­քիի մէջ գտնո­ւող Ա­մա­րա­նո­ցին եւ այլ գա­ղու­թա­յին ձեռ­նարկ­նե­րու շուրջ։
Իր կար­գին, փոխ­նա­խա­րա­րը իր գո­հու­նա­կու­թիւնն ու շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նեց ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հայ գա­ղու­թին եւ զա­նա­զան մտա­ծում­նե­րով ա­ռա­ջարկ­ներ փո­խան­ցեց ներ­կա­նե­րուն՝ ա­ռա­ւել եւս օգ­տա­կար դառ­նա­լու հա­մար գա­ղու­թի կա­րիք­նե­րուն։ Ա­ւար­տին, ան հայր սուր­բին եւ ե­կե­ղեց­ւոյ ա­տե­նա­պե­տին յանձ­նեց «Οδοιπορικό στο Αγιον ‘Ορος-τόπος, χρόνος, άνθρωπος» խո­րագ­րով գիրքն ու 2020 տա­րո­ւան՝ պատ­մա­կան պա­րու­նա­կու­թեամբ գե­ղա­տիպ օ­րա­ցոյ­ցը, ինչ­պէս նաեւ առ­նո­ւե­ցաւ յի­շա­տա­կե­լի նկար։