­Թե­սա­ղո­նի­կէ ի­րենց կե­ցու­թեան շրջա­նին, 2, 3 եւ 5 ­Դեկ­տեմ­բեր 2017ին, «MOPAK» ըն­կե­րու­թեան գլխա­ւոր տնօ­րէն, հրա­տա­րա­կիչ, «Տ­պա­րան» հրա­տա­րակ­չու­թեան հիմ­նա­դիր տնօ­րէն պրն. Ար­մէն ­Յով­հան­նի­սեան եւ մշա­կու­թա­բա­նու­թեան դոկ­տոր, ­Մոս­կո­ւա­յի պե­տա­կան ման­կա­վար­ժա­կան հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս, «­Ժամ» թեր­թի հիմ­նա­դիր, գլխա­ւոր խմբա­գիր եւ հրա­տա­րա­կիչ տիկ. Ան­նա ­Գի­վար­գի­զեան այ­ցե­լե­ցին ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղե­ցին եւ հան­դի­պում մը ու­նե­ցան հո­գե­ւոր հո­վի­ւին՝ Ս­տե­փա­նոս Վրդ. ­Փա­շա­յեա­նի հետ, տե­ղե­կա­նա­լու հա­մար գա­ղու­թի կեան­քին ու գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին, ինչ­պէս նաեւ՝ փոխ-յա­րա­բե­րա­կան ա­ռա­ւել կապ հաս­տա­տե­լու ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հա­յու­թեան եւ «­Ժամ» թեր­թի մի­ջեւ։
Առ այդ, ­Հայր ­Սուր­բը բա­րի գա­լուստ ու բա­րի կե­ցու­թիւն մաղ­թեց ներ­կա­նե­րուն եւ փո­խան­ցեց ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հա­յու­թեան ջերմ ող­ջոյն­ներն ու բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րը եւ կա­տա­րեալ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց ա­նոնց։ Այս ա­ռի­թով, ա­նոնք ­Հայր ­Սուր­բին որ­պէս յի­շա­տակ յանձ­նե­ցին «­Ժամ» թեր­թի վեր­ջին եր­կու թի­ւե­րը, ո­րոնց­մէ մէ­կը նո­ւի­րո­ւած էր ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան ար­ժա­նա­վա­յել գոր­ծու­նէու­թեան ու ա­ռա­քե­լու­թեան, մա­նա­ւանդ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան ար­ժա­նըն­տիր գա­հա­կալ Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տի ան­ձին ու գոր­ծու­նէու­թեան։ Իր կար­գին, ­Հայր ­Սուր­բը ա­նոնց յանձ­նեց ե­կե­ղեց­ւոյ կող­մէ պատ­րաս­տո­ւած փոք­րիկ գրքոյկ մը՝ ո­րոշ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­լու հա­մար շրջա­նի գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին։
Այս ա­ռի­թով՝ հիւ­րե­րը հան­դի­պում ու­նե­ցան նաեւ «­Հա­մազ­գա­յին»ի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ղ. ­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի ա­տե­նա­պե­տու­հի տիկ. ­Տի­րու­հի ­Ղա­լի­լէա-­Գալ­ֆա­յեա­նի, ինչ­պէս նաեւ տիկ. ­Կիւ­լա ­Գա­սա­պեա­նի հետ՝ յա­ւե­լեալ տե­ղե­կու­թիւն­ներ ստա­նա­լու հա­մար գա­ղու­թի կեան­քին, գոր­ծու­նէու­թեան եւ այլ մար­զե­րու վե­րա­բե­րեալ։
Ա­ւար­տին, ­Հայր ­Սուր­բը հիւ­րե­րուն փո­խան­ցեց ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սի հայ­րա­պե­տա­կան, ինչ­պէս նաեւ յու­նա­հա­յոց թե­մի բա­րե­ջան ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեա­նի հայ­րա­կան ող­ջոյն­ներն ու բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րը՝ մաղ­թեե­լով յա­ջո­ղու­թիւն, յա­րա­տեւ վե­րելք եւ ար­դիւ­նա­բեր ծա­ռա­յու­թիւն։