Ատր­պէյ­ճան կը շա­րու­նա­կէ խախ­տել զի­նա­դա­դա­րի պահ­պան­ման դրու­թիւ­նը:
­­­Յու­լի­սի յար­ձա­կում­նե­րու ըն­թաց­քին, ատր­պէյ­ճա­նա­կան բա­նա­կը օգ­տա­գոր­ծա­ծէ իր սե­փա­կան բնակ­չու­թիւ­նը որ­պէս մարդ­կա­յին վա­հան, ար­ձա­կե­լով իր հրթի­ռա­յին հա­րո­ւած­նե­րը բնա­կե­ցո­ւած գիւ­ղի մը մօ­տա­կայ­քէն: իբր հե­տե­ւանք մա­հա­ցած են 2 ատր­պէյ­ճան­ցի քա­ղա­քա­ցի­ներ ո­րոնց­մէ 2 տա­րե­կան ե­րա­խայ մը:
ՀՅԴ Եւ­րո­պա­յի ­­­Հայ դա­տի գրա­սե­նեա­կի նա­խա­գահ ­­­Գաս­պար ­­­Կա­րա­պե­տեան անդ­րա­դառ­նա­լով այս մա­սին նշեց, որ Ատր­պէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը փոր­ձեն մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան ու­շադ­րու­թիւ­նը շե­ղել երկ­րի ներ­քին խնդիր­նե­րէն եւ մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու եւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան խախ­տում­նե­րէն դէ­պի Ար­ցա­խի հա­կա­մար­տու­թիւն:
«­­­Պատ­մու­թեան մէջ ա­ռա­ջին ան­գա­մը չէ որ Ատր­պէյ­ճան կ­’օգ­տա­գոր­ծէ իր բնակ­չու­թիւ­նը որ­պէս մարդ­կա­յին վա­հան քա­րոզ­չա­կան նպա­տակ­ներ ու­նե­նա­լով: Բ­նա­կա­նա­բար դժբախտ ե­րե­ւոյթ մըն է ան­մեղ ե­րե­խա­յի մը զո­հո­ւի­լը, սա­կայն այս ե­րե­խան Ատր­պէյ­ճա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան եւ Ա­լիե­ւի ան­մարդ­կա­յին վե­րա­բեր­մուն­քի զոհն է:
­­­Նոյն վե­րա­բեր­մուն­քին ա­կա­նա­տես ե­ղանք Ատր­պէյ­ճա­նա­կան բա­նա­կի կող­մէն Ապ­րի­լեան հա­կա­մար­տու­թեան ըն­թաց­քին գոր­ծադ­րո­ւած պա­տե­րազ­մա­կան ո­ճիր­նե­րուն, մաս­նա­ւո­րա­պէս ­­­Թա­լիշ գիւ­ղի 90-ամ­յա հայ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու մար­մին­նե­րու խեղ­ման եւ հայ զի­նո­ւոր­նե­րու «Իս­լա­մա­կան պե­տու­թեան» ո­ճով գլխա­տում­նե­րուն» ը­սաւ ­­­Կա­րա­պե­տեան:
Ան շա­րու­նա­կեց ընդգ­ծե­լով՝ «ԵԱՀԿ-ի ­­­Մինս­քի խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը կոչ ուղ­ղած են դադ­րեց­նե­լու զի­նո­ւո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը եւ վե­րա­դառ­նա­լու բա­նակ­ցա­յին սե­ղա­նին շուրջ, սա­կայն այս մէ­կը ան­բա­ւա­րար է: ­­­Միս­քի խմբա­կի պար­տա­կա­նու­թիւնն է նաեւ մատ­նան­շել զի­նա­դա­դա­րը խախ­տող կող­մը եւ դա­տա­պար­տել զայն: Այս ի­մաս­տով հայ­կա­կան կող­մը պէտք է շա­րու­նա­կէ ճնշում բա­նեց­նել ­­­Մինս­քի խմբա­կի վրայ, մա­նա­ւանդ ­­­Սան ­­­Փե­թերս­պուր­կի եւ ­­­Վիեն­նա­յի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ձեռք բե­րո­ւած յա­ռաջ­դի­մու­թիւն­նե­րու գոր­ծադ­րու­թեան հա­մար:»
­­­Կա­րա­պե­տեան եզ­րա­փա­կեց ը­սե­լով «Ար­ցա­խի ­­­Հան­րա­պե­տու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան հա­ղոր­դագ­րու­թեան հրա­պա­րա­կու­մէն ան­մի­ջա­պէս ետք Հ.Յ.Դ. Եւ­րո­պա­յի ­­­Հայ դա­տի գրա­սե­նեա­կը տե­ղե­կա­ցուց Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն սահ­մա­նի վրայ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէն այս վեր­ջին խախ­տում­նե­րուն մա­սին, ճշգրիտ բնոյ­թին մա­սին:
Եւ ար­դէն կարգ մը ան­դամ­ներ հրա­պա­րա­կա­յին ձե­ւով դա­տա­պար­տած են Ազր­պէյ­ճա­նի այս քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը:»

ՀՅԴ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ