«UEFA-2020» Եւ­րո­պա­յի մրցա­շար­քի ծի­րէն ներս, այս գի­շեր` տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ­Յու­նաս­տան-­Հա­յաս­տան ոտ­նագն­դա­կի մրցու­մը, Ա­թէն­քի (­Մա­րու­սի) Ո­ղիմ­պիա­կան մար­զա­դաշ­տին վրայ։
­Կի­րա­կի օր, ­Հա­յաս­տա­նի հա­ւա­քա­կա­նը ժա­մա­նեց Ա­թէնք եւ ար­դէն սկսաւ փոր­ձեր կա­տա­րել։ Մր­ցու­մը պի­տի սկսի գի­շե­րո­ւան ժա­մը 21:45ին։ ­Հա­յաս­տա­նի խում­բի մար­զա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան հա­մար նա­խա­տե­սո­ւած են մար­զա­դաշ­տի 19րդ­ եւ 21րդ ­բա­ժին­նե­րը։ ­Յու­նա­կան «OPEN Beyond» հե­ռա­տե­սի­լի կա­յա­նը յայ­տա­րա­րեց, թէ ու­ղիղ պի­տի հե­ռասփ­ռէ մրցու­մը իր ա­լիք­նե­րէն։
­Յու­նաս­տա­նի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջ. ­Վար­չու­թիւ­նը կոչ ուղ­ղած է միու­թեան ան­դամ­նե­րուն եւ ժո­ղո­վուր­դին ներ­կայ ըլ­լա­լու մրցու­մին եւ քա­ջա­լե­րե­լու ­Հա­յաս­տա­նի խում­բը։
Այս գի­շեր, յու­նա­հա­յու­թեան ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցած պի­տի հայ մար­զիկ­նե­րուն վրայ եւ ի­րենց յաղ­թա­նա­կի սպա­սու­մին։