«ԱԿՕՍ»

­Թուր­քիոյ հայ հա­սա­րա­կու­թեան կա­րե­ւո­րա­գոյն յի­շո­ղու­թեան վայ­րե­րէն մէ­կը կը հա­մա­րո­ւի ­Թուզ­լա­յի ճամ­բա­րը, որ ծա­նօթ է «­Քամփ Ար­մէն» ա­նու­նով։ ­Կե­տիք­փա­շա­յի ­Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ սե­փա­կա­նու­թիւն «­Քամփ Ար­մէն»ը, օ­րի­նա­կան դա­ւադ­րու­թիւ­նով մը, գրա­ւո­ւած էր։ Այդ գրա­ւու­մը ինք ալ ման­կու­թեան տա­րի­նե­րուն այս ճամ­բա­րին մէջ հա­սակ ա­ռած Հ­րանդ ­Տինք զգա­ցա­կան յու­շագ­րու­թիւ­նով մը օ­րա­կար­գի բե­րաւ եւ մատ­նան­շեց կա­տա­րո­ւած ա­նար­դա­րու­թիւ­նը։ ­Ճամ­բա­րը օ­րէնք­նե­րու շա­հա­գոր­ծու­մով բռնագ­րա­ւո­ւե­լէ ետք նախ յանձ­նո­ւե­ցաւ նախ­կին տի­րոջ, որ ա­պա ծա­խեց ու­րիշ­նե­րուն։ ­Վեր­ջին սե­փա­կա­նա­տէ­րը 1 ­Մա­յիս 2016ին քան­դիչ սար­քե­րով սկսաւ ճամ­բա­րի շէն­քե­րը փլե­լու։ Այս լսող «­Նոր ­Զար­թօնք» շար­ժու­մի ե­րի­տա­սարդ­նե­րը փու­թա­ցին ­Թուզ­լա եւ նախ ար­գելք ե­ղան փլուզ­ման, ա­պա գրա­ւե­ցին տա­րած­քը։
Իս­կոյն գո­յա­ցաւ «­Քամփ Ար­մէ­նի ­Զօ­րակ­ցու­թիւն» շար­ժու­մը, որ լման 175 օր իր գրա­ւու­մին տակ պա­հեց տա­րած­քը։ ­Մինչ այդ «­Նոր ­Զար­թօնք» եւ «­Քամփ Ար­մէ­նի ­Դի­մադ­րու­թիւն» շար­ժում­նե­րը հան­րա­հա­ւաք­ներ կազ­մա­կեր­պե­ցին ժո­ղո­վուր­դին ու­շադ­րու­թիւ­նը վառ պա­հե­լու հա­մար։ Այս հսկայ դի­մադ­րու­թեան հե­տե­ւանք այդ օ­րո­ւայ ­Վար­չա­պետ Ահ­մէտ ­Տա­ւու­թօղ­լո­ւի ալ միջ­նոր­դու­թեամբ նոր լու­ծում­ներ ո­րո­նո­ւե­ցան եւ 27 ­Հոկ­տեմ­բեր 2015ին ճամ­բա­րի սե­փա­կա­նու­թիւ­նը ան­գամ մը եւս տրո­ւե­ցաւ ­Հայ ­Բո­ղո­քա­կա­նաց Ե­կե­ղե­ցիին։ Իսկ 8 Ապ­րիլ 2017ին, այս ան­գամ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, քան­դիչ սար­քե­րը կրկին բա­նիլ սկսան եւ փլե­ցին ­Քամփ Ար­մէ­նի հին շէն­քի մնա­ցոր­դա­ցը։
­Վե­րա­պա­տո­ւե­լի Գ­րի­գոր Ա­ղա­պա­լօղ­լու այս փլու­զու­մը թէեւ կ­՚ող­ջու­նէ իբ­րեւ նո­րի ձգտե­լու նա­խա­քայլ, սա­կայն կը խոս­տո­վա­նի, թէ պատ­մու­թիւն մըն է, որ կ­՚ան­հե­տա­նայ իր աչ­քե­րուն առ­ջեւ։ «­Կը մխի­թա­րո­ւիմ խոր­հե­լով, որ սա պա­հուն թէեւ ան­ցեա­լը կ­՚ան­հե­տա­նայ, բայց մենք պի­տի կրնանք նոր ա­պա­գա­յին ծա­ռա­յող շէնք մը կա­ռու­ցել։ Ու­րեմն այս պայ­ման­նե­րու տակ կո­րուս­տէն ա­ւե­լի ձեռք­բե­րում­նե­րով է որ կ­՚ու­րա­խա­նանք»,- կ­՚ը­սէ ­Վե­րա­պա­տո­ւե­լի Ա­ղա­պա­լօղ­լու։
­Ճամ­բա­րը այս նոր փո­փո­խու­թիւն­նե­րով հա­ւա­տա­րիմ պի­տի մնայ իր հիմ­նադ­րու­թեան նա­խա­տե­սո­ւած ա­ռա­քե­լու­թեան։ Այժ­մէն պատ­րաստ են ո­րոշ նա­խա­գի­ծեր։ Ան­ցեա­լին տա­րած­քին մէջ գտնո­ւող շի­նու­թիւն­նե­րը գրան­ցուած էին որ­պէս վար­չա­կան շէնք, իսկ այժմ ա­նոնք պի­տի վե­րա­ծո­ւին ըն­կե­րա­յին եւ մշա­կու­թա­յին շի­նու­թիւն դա­սա­ւո­րու­մին։ Այդ մա­սին անհ­րա­ժեշտ է քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի հաս­տա­տու­մը։
Հի­մա ­Պոլ­սոյ մայր քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի եւ ­Թուզ­լա­յի քա­ղա­քա­պե­տա­րան­նե­րու կա­տա­րե­լիք այդ փո­փո­խու­թիւնն է, որ կը սպա­սո­ւի շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տու­թեան մեկ­նու­մին հա­մար։