ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
1918 Մայիս 28-ի անկախութեան հռչակումն ու ազգային անկախ պետականութեան կերտումը այսօրուան պրիսմակէն քննարկես կամ այդ թուականէն նայիս հայ կեանքի պարզած ներկայ պատկերին, միեւնոյնն է, սիրտդ կը ճմլուի, անասելի տրտմտութեամբ հոգիդ կը համակուի եւ տեղ չի ձգեր տօնական տրամադրութեան:
Հոգեկան ընկճուածութիւնդ աւելի կը խորանայ, երբ փորձես պատասխանը գտնել այն հարցումին, թէ այսօրուան կուսակցութիւններն ու քաղաքական գործիչները, մտաւորականները կամ գաղափարի ջահակիրները որքա՞ն հաւատարիմ են արդեօք պետականակերտ սերունդի թողած ժառանգին, յիշատակին, գործին:
Մեր մե՜ծ փրկիչը, անմահանուն Արամ Մանուկեան «տիքտաթոր»ը պատահէր, որ պահիկ մը հրաշքով արթննար յաւիտենական իր քունէն, արդեօք ի՞նչ գնահատական պիտի տար այսօրուան հայ կեանքին, յատկապէս Հայաստանի քաղաքական հրապարակին, ուր պետական հին այրեր ու նոր յաւակնորդներ իբրեւ «հայրենիքի փրկիչներ» ման կու գան, բայց եւ այնպէս գործքով ու խօսքով իրարու դէմ ոխ ու ատելութիւն կը սերմանեն եւ սեփական ժողովուրդը կը պառակտեն: Ի՞նչ գնահատական պիտի տար մանաւանդ գործող վարչապետին, որ քանի մը ամիս առաջ անոր կիսանդրիին առջեւ եւ ի լուր աշխարհին իր նուիրուածութիւնը կը յայտարարէր Արամի ու անոր ժամանակակից սերունդի յիշատակին, կը խոստանար հաւատարիմ մնալ անոնց ուղիին եւ վճռական կամքով ընթանալ այդ ուղիէն: Կը խոստանար նաեւ Արամի վարքը ուղենիշ ունենալ ի՛ր ու իր գործակիցներուն համար: Բայց ահա իր գործակիցներով ան որդեգրած է այնպիսի վարքագիծ, որ հիմնովին ժխտումն է տրուած խոստումին, Արամի ուղիին: Ի’ր ու իր վարչախումբին կրած ծանր պարտութենէն, թշնամիին պարտադրած հայրենակործան պայմանները ստորագրելէ ետքն իսկ չզգաստացաւ: Քաղաքական դոյզն պարկեշտութիւն ցուցաբերելով կառավարման իր աւերիչ ձախողութիւնը ընդունելու եւ իշխանութենէն հեռանալու փոխարէն, սահմանադրական տողի մը «իրաւունքով» ան կառչած մնաց իր աթոռին: Աւելին. փոխանակ ընկճուած հայ մարդուն բարոյական կորովը վերականգնելու, շահագործելով պարտութենէն ընկճուած, շուար ու մենուճար վիճակը ժողովուրդին, այժմ ան ամէն հնարք ի գործ կը դնէ, նոյնիսկ հողերու կորուստին ու թշնամիին սպառնալիքներուն մէջ փայլուն հեռանկարներ կը փորձէ ցոյց տալ, որպէսզի քուէարկողը կրկին վստահի իրեն ու զինք վերահաստատէ վարչապետի պաշտօնին: Հիմա, վարչապետական աթոռին համար յաւակնորդ թեկնածուներ կը մրցին պարտութեան խորհրդանիշ «ախոյեանին» դէմ: Տարբեր-տարբեր կուսակցութիւններ Խայտաբղէտ դաշինքներ կազմած օգտուիլ կը յուսան պարտութեան «ընձեռած» առիթէն: Չենք ալ գիտեր, ամիս մը ետք որո՞ւ պիտի նուիրուին ծափերը, պարտուածին դէմ «յաղթական» մրցորդի՞ մը թէ նոյնինքն պարտութեան «ախոյեանին»…:
Ըստ Հայաստանէն եկած լուրերուն եւ ղեկավար տարրի գնահատականներուն, հայրենի պետութիւնը մատնուած է օրհասական կացութեան՝ թշնամիի քմահաճոյքին ենթակայ:
Ահաւոր վիճակ ու մենուճար ազգ: Ռոստոմի բառով «խեղճ» ժողովուրդ, որ այսօրուան ճակատագրական թէժ պայմաններու մէջն իսկ չունեցաւ ղեկավար, որուն անվերապահ վստահի իր ճակատագիրը: Չունեցաւ հայրենասիրութեան խորհրդանիշ դարձած ղեկավարներ՝ վճռականութիւն ներշնչող, ծառայութեա’ն մէջ միայն իշխանութիւն տեսնող նուիրեալներ, որոնց հմայքով առաջնորդուէր ան եւ միասնական պայքարի դրօշին տակ համախմբուէր:
Ներկայի կացութենէն շա՜տ աւելի ողբերգական ու անյոյս պայմաններու մէջ կը գտնուէր ազգը 1918-ին, Սարդարապատի նախօրեակներուն, նոյնիսկ մայիսեան յաղթանակներէն ետք ու անկախութեան հռչակումի յաջորդող շրջանին: Բայց այն ատեն կար ղեկավարներու սերունդ, որ վարքով ու նուիրուածութեամբ հմայեց ժողովուրդը եւ Արամի գլխաւորութեամբ ՝
Հաւատքն արած պողպատեայ վահան,
Եւ սէրն հայրենեաց մի շեփոր ռազմի,
Սոված, սարսափած մարդկանցից վհատ,
Դարբնեց մի բանակ,
Եւ որպէս ոխից շիկացած երկաթ,
Խփեց ոսոխի ճակատին անարգ…:
Իսկ հիմա՞: Ծանր պարտութենէն ետքն իսկ բոլորին հաշուիչները միայն քուէ կը հաշուեն: Աւելին. ինձմէ չե՞ս, ինծի պէս չե՞ս մտածեր, ուրեմն թշնամիս ես: Հայրենասիրութեան չափանիշ ու գրաւական դարձած է հանրահաւաքներու ներկայութիւնը: հանրահաւաքիս չե՞ս գար ժողովուրդ, ուրեմն տգէտ ես, զոմպի ես, նոյնիսկ թուրք ես ու հայրենադաւ…: Կայքերն ու ընկերային ցանցերը ողողուած են զիրար բզկտելու պատրաստ նմանատիպ ծանրագոյն որակումներով, որոնց հեղինակները յայտնօրէն ղեկավարներու արբանեակներն են կամ հետեւորդները: Եւ տարօրինակը այն փաստն է, որ անոնք (ղեկավարները) չեն սաստեր, լուռ են…:
Կարծես մոռցած ենք, թէ գերագոյն արժէք է մարդ էակը եւ անոր հանրագումարը՝ ժողովուրդը, մանաւանդ երբ խօսքը կը վերաբերի սեփական ժողովուրդին:
Յարգանք՝ Ժողովուրդին, որ հաստատակամ ու իր հողին կառչած կ’ապրի դարերու համար: Ան ունի տեսնելու, զգալու, դատելու եւ տրամաբանելու իր կերպը եւ չի տարուիր ասոր-անոր խօսքերէն, թելադրանքներէն: Հարցերը կը դիմագրաւէ հանդարտութեամբ, դժուարութիւններուն կը տոկայ հաբերութեամբ եւ քաղաքական գործիչներուն պէս չ’աճապարեր, քանի որ ժամանցում չունի ան : Քաղաքական գործիչներն են, որ կ՚աճապարեն ու իրենց աճապարանքին մէջ յաճախ կը սխալին՝ հասնելով նոյնիսկ հանրութիւնը պառակտելու աստիճանին…:
Յարգանք՝ հայրենի ժողովուրդին, որու սոված, սարսափած մարդկանցից էր, որ բանակ դարբնուեցաւ 1918-ին: Այդ մարդկանց զաւակներն էին ու թոռները, որ մեծ զրկանքներ կրեցին եւ Ղարաբաղի ճակատին վրայ տասնեակ հազարներով իրենց կեանքը մատաղ ըրին ի խնդիր հայրենի հողին՝ վերջին երեսնամակին:
Կասկած չկայ, որ միեւնոյն ժողովուրդին մէջէն հրապարակ պիտի գան նոր հեղինակութիւններ, որոնք յաղթահասակ պիտի կանգնին հանրութեան մէջ եւ իրենց խօսքին, կենդանի գործին եւ նուիրուածութեանը հմայքով վերջ պիտի տան պառակտումին, բոլոր հայերը ոգեշնչելով պիտի համախմբեն իրենց շուրջ եւ ազգին պիտի վերադարձնեն յաղթանակի նպատակն ու հպարտութիւնը:
Յաղթանակի նպատակով ոգեշնչուած ժողովուրդի համախմբուածութիւնն էր, որ կերտեց Մայիս 28 եւ ազգային պետականութիւն: