Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումին 103-րդ տարեդարձը ամբողջ հայաշխարհը կը գտնէ ծանրօրէն վիրաւոր կացութեան մէջ։
Հայոց պատմութեան ամէնէն փառապանծ եւ հայ ժողովուրդի գերազանցապէս տօներուն տօնը նկատուող մեր թանկագին անկախութեան նշումը այս անգամ ծածկուած է սուքի քօղով, որ գրեթէ եօթ ամիսէ ի վեր պատած է Հայաստան աշխարհը՝ իր Արցախով ու Սփիւռքով։
Առաջին անգամն է մեր երեսունամեայ վերանկախացեալ հայրենիքին պատմութեան մէջ, որ անկախութեան իտէալի ամրագրման 28 Մայիսի այս օրը, հայ ժողովուրդը զայն պիտի նշէ հոգիի պռկումով, ցասումով, հարցականներով, իր հայեացքը ուղղած անորոշութեան մշուշոտ հորիզոնի մը վրայ…։
Ոչ մէկ ատեն, նոյնիսկ խորհրդային տարիներուն, այսքա՜ն հիասթափութիւն, այսքա՜ն ճնշում չէ ապրած հայ մարդը, որքան այսօր։
Փոխանակ հայոց պետականութեան հաստատման փառապանծ տարեդարձը դառնայ ազգային ներշնչումի ու վերելքի բոցավառում, այսօր ապշահար ու երկչոտ նայուածքով ականատես կ՚ըլլանք հայոց պետականութեան վտանգումին, որուն մեզ առաջնորդեցին հազիւ երեք տարի առաջ հայ ժողովուրդի վերակենդանացման իղձերը շահագործած ու մսխած «փրկիչներ»։
Մայիսեան յաղթապանծ սերունդի՝ հայօրէն մտածող Ռուբէններու եւ Նժդեհներու Հայաստանի տարածքներու հայացման եւ ամրագրման զոհողութիւնները, այսօր առ ոչինչ կը դառնան, երբ ազերի գրոհը ներխուժած է Սիւնիքի մէջ, վտանգելով ամբողջ Հայաստանի լինելութեան հիմերը, մինչ քաղաքականօրէն հեղինակազուրկ վարչախումբը անգամ մը եւս հայ ժողովուրդի արժանապատուութիւնը խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ, ջլատելով եւ կազմաքանդելով ազատ ու գերիշխան ապրելու իւրաքանչիւր հայու ազգային ինքնութիւնը։
Եւ մինչ հայ ժողովուրդը իր վերանկախացումէն ու Արցախի առաջին հերոսապատումէն ետք իմաստ եւ արժէք տուաւ Մայիս ամիսին՝ իր եռատօնով, որուն մէջ, բացի հայրենական մեծ պատերազմի հայ զինուորի քաջութենէն, ապրեցաւ ու ներշնչուեցաւ Շուշիի ազատագրութեան ու մայիսեան անկախ պետականութեան զոյգ յաղթանակներով, այսօր Շուշին դարձած է իրապէս «տժգոյն», իսկ անոր յաղթանակի նշումը ցաւով դիմաւորուեցաւ յաղթութեան խորհրդանիշ եղող՝ եկեղեցւոյ քանդուած գմբէթին տեսքով։
Սակայն, որքան ալ ընկճուած, որքան ալ հիասթափուած ըլլանք պատմական մռայլ այս պահերուն, 1918-ի հայոց ազատագրութեան, Հայաստանի պետականութեան ստեղծումի 28 Մայիսի այս օրը ոչ մէկ ատեն, ոչ մէկ պարագային, ոչ մէկ ազգային նուաստացումի մռայլ պահերուն չի կրնար եւ պէտք չէ կորսնցնէ իր լուսաճաճանչ ու ոգեւորող իմաստը։
Պիտի կարողանա՞նք մեր վրայէն թօթափել պարտուողական զգացումը եւ անվախօրէն դարձեալ մեր նայուածքը ուղղել Մայիսը կերտող այն սերունդին, որուն ազգային եւ քաղաքական պատգամները տասնամեակներ շարունակ ներշնչեցին եւ վառ պահեցին հայու ազատատենչ ոգին։
Պիտի կարողանա՞նք օրինակուիլ Արցախի ազատագրութեան համար իրենց կեանքը նուիրաբերած նորօրեայ ֆետայիներու զոհաբերութենէն, որոնք մայիսեան սերունդի օրինակով մեր արծուաբոյնի բերդը ամուր եւ կանգուն պահեցին։
Պիտի կարողանա՞նք մեր հոգիներուն մէջ հաստաբուն կաղնիի մը նման ոտքի պահել 2020-ին իրենց քսան տարիներու անուշ կեանքը մատաղ ըրած հայորդիներու զոհաբերութիւնը, որոնք քաջասրտութեամբ դիմադրեցին թուրքին ու անոր վարձկաններուն նենգ ու անհաւասար խուժումը ազատ Արցախի հողին վրայ։
Պիտի կարողանա՞նք ըսել «Ո՛չ»՝ քաղաքական այն բոլոր գաճաճներուն, որոնք իրենց հասակին հաւասարեցուցին հայու ձգտումները, միանգամընդմիշտ անոնց դուրս շպրտելով հայու կեանքէն։
Պիտի կարողանա՞նք ամէն մէկս, իր ուժով, իր կամքով ու յոյսով տէր կանգնիլ մեր փոքրիկ Հայաստանին ու վիրաւոր Արցախին։
Ուրիշ պատասխան չի կրնար ըլլալ քան հաստակակամ «Այո՛»ն։
Հայ ժողովուրդը արժանի չէ նման Մայիսի, հայ ժողովուրդը պէտք է վերականգնեցնէ իր սրտի Մայիսը, այն՝ ուր Շուշին կը շնչէր իր անառիկ ժայռերու յաղթանակով, այն՝ ուր Արամի տեսլականը հայու բեկորները առաջնորդեց դէպի Ազատ ու Անկախ Հայաստանի անդաստանը։
Այս տարի կը բոլորենք վերանկախացեալ Հայաստանի 30-ամեակը։ Տարեդարձ մը, որ այն եւս խոցուած է համազգային մռայլ սուգի հեղձուցիչ ամպին մէջ։
Առանց մայիսեան անկախութեան հիմնասիւնին չի կրնար ամուր կանգնիլ մեր նորօրեայ անկախութեան պատուանդանը։
Հայ քաղաքական միտքը պէտք չէ թոյլ տայ որ մսխուի 28 Մայիս 1918-ի հերոսապատումի այսօրուան արգասիքը հանդիսացող մերօրեայ հայրենի պետականութեան անգնահատելի հարստութիւնը։ Այն պէտք է հարազատ սեփականութիւնը դառնայ համայն հայութեան, իր համազգային արժէքին մէջ պանծացնելով մայիսեան խորհուրդը, պետական կենսափորձի պատմական լիարժէք գնահատումով։
Ժամանակը հասած է՝ հայ ժողովուրդի վերջին հարիւրամեակի պատմական ակունքներուն մէջ դարձեալ վերագտնելու այն ուժն ու մղումը, որպէսզի գալիք սերունդները, հայու վայել յեղափոխական ոգիի առաջնորդութեամբ, տէր կանգնին մեր ամբողջական հայրենիքին ու ժամանակաւորապէս պոկուած մեր արծուաբոյնի վերադարձին մայր Հայաստանի ծոցին։
Պէտք չէ թոյլ տանք, որ պարտուողական հոգեբանութիւնը մրոտէ հայու ազատատենչ ոգին։
Ազգովին պարտք ունինք հազարաւոր զոհուած հայորդիներուն. այն պարտքը, որ մեզի կտակեց Վրացեաններու սերունդը՝ արմատաւորելով Հայաստանի Հանրապետութեան գոյատեւումը իբրեւ սերունդներու ապագայի յոյսը։