Կիրակի՝ 18 Մարտ 2018ի առաւօտեան, խումբ մը պոլսահայեր (65 հոգի), նախօրօք ծրագրումով՝ այցելեցին Ալեքսանտրուպոլսոյ «Ս. Յովհաննու Կարապետ» եկեղեցի եւ մասնակից դարձան Պատարագին։ Պէտք է յատուկ կերպով նշել, թէ իւրաքանչիւր պոլսահայ, որ գործով կամ արձակուրդով կը ժամանէ Ալեքսանտրուպոլիս քաղաքը, անպայման կ’այցելէ հայկական եկեղեցի ու մոմ մը կը վառէ։
Այցելուներուն մէջ կը գտնուէին ազգային վարժարաններու ուսուցիչներ, եկեղեցիներու դպրաց դասերու անդամներ, խմբավար ու սարկաւագ, երգչախումբերու անդամներ, բժիշկներ եւայլն։ Պատարագը մատուցեց հոգեւոր հովիւ Պարէտ Քհնյ. Խաչերեան։ Խորանին վրայ սպասարկեց Գարեգին Սրկ. Պարսամեան, իսկ պատարագի երգեցողութիւնը կատարեցին հիւր դպիրները։ Աւարտին Պարէտ Քահանայ Հայրը խօսք առնելով նախ հիւրերուն փոխանցեց յունահայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանի ողջոյններն ու գնահատանքը։ Ապա՝ ըսաւ, թէ աշխարհի չորս ծագերուն հայերը իրարու միացնող ուժերը թիւով երեք են։ Աղօթքը, մայրենի լեզուն եւ հայկական ազգային ոգին։ Այդ իսկ պատճառով հայը ուր ալ երթայ՝ հայու աչքեր կ՚ուզէ տեսնել, հայու ձայն կ՚ուզէ լսել եւ հայու շունչով կը փափաքի ջերմանալ։ Քահանայ Հայրը օրուան պատգամը փոխանցելէ ետք, գնահատեց հայորդիներու նախաձեռնութիւնը եւ մաղթեց անոնց բարի վերադարձ ու յաջողութիւն։
Արարողութեան աւարտին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ Թաղային խորհուրդը կազմակերպեց հիւրասիրութիւն մը, որու ընթացքին ոմանք երգեցին ու ասմունքեցին, առաւել եւս քաղցրացնելով հայկական մթնոլորտը։
ԹՂԹԱԿԻՑ