Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան», ­Ֆիք­սի «Լ. եւ Ս. ­Յա­կո­բեան» նա­խակր­թա­րան վար­ժա­րան­նե­րու ա­ւար­տա­կան դա­սա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ «Ա. եւ Ժ. ­Ճէ­նա­զեան» միջ­նա­կարգ վար­ժա­րա­նի ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը այ­ցե­լե­ցին «Ա­զատ Օր»:
Դպ­րո­ցա­կան տա­րեշր­ջա­նի ա­ւար­տին ու հան­դէս­նե­րէն ա­ռաջ, վար­ժա­րան­նե­րու ա­ւար­տա­կան դա­սա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ-ա­շա­կեր­տու­հի­նե­րը, ի­րենց տնօ­րէն­նե­րուն ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ, մեծ ու­րա­խու­թեամբ եւ հպար­տու­թեամբ դի­մա­ւո­րո­ւե­ցան եւ հիւ­րա­սի­րո­ւե­ցան «Ա­զատ Օր»ի խմբագ­րա­տան անձ­նա­կազ­մին կող­մէ։
­Մեր տղաքն ու աղ­ջիկ­նե­րը մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցան հայ­կա­կան մա­մու­լի աշ­խար­հին եւ յատ­կա­պէս «Ա­զատ Օր» օ­րա­թեր­թի աշ­խա­տան­քին ու ա­ռօ­րեա­յին կա­պո­ւած հար­ցե­րուն:
Այ­ցե­լու­նե­րուն ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ «­Նոր Օր»ի եւ «Ա­զատ Օր»ի պատ­մա­կա­նը եւ նշո­ւե­ցաւ, որ կրնան հե­տե­ւիլ լրա­գի­րի լու­րե­րուն, ե­լեկտ­րո­նա­յին կամ տպա­գիր թեր­թի մի­ջո­ցաւ՝ ա­մի­ջա­կան կապ պա­հե­լով հա­յե­րէն լե­զո­ւին հետ։
«Ա­զատ Օր»ի խմբագ­րու­թեան հետ ա­շա­կերտ­նե­րու շփու­մը եւ հայ­կա­կան օ­րա­թեր­թի աշ­խա­տան­քին շուրջ կա­տա­րո­ւած զրոյց­նե­րը ամ­բող­ջա­ցան հե­տաքրք­րա­կան հար­ցում­նե­րով եւ կար­ծիք­նե­րու փո­խա­նա­կու­մով:
Տ­ղա­քը մօ­տէն տե­սան լրա­գի­րի թէ՛ տպա­գիր եւ թէ ե­լեկտ­րո­նա­յին տար­բե­րակ­նե­րու պատ­րաս­տու­թեան աշ­խա­տան­քի գոր­ծե­լա­ձե­ւը, մատ­նան­շե­ցին ա­նոնց տար­բե­րու­թիւն­նե­րը ու յատ­կա­պէս ծա­նօ­թա­ցան «Ա­զատ Օր» օ­րա­թեր­թի ա­մէ­նօ­րեայ կեան­քի հեւ­քին։