­Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­կիի «­Կոս­տանդ­նու­պո­լոյ եւ ­Վոս­փո­րի նե­ղու­ցի տե­սա­րա­նը» կտա­ւը ճանչ­ցուած է իբ­րեւ վեր­ջին հինգ տա­րո­ւան ա­մե­նա­թանկ նկար­նե­րէն մէ­կը: «­Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ եւ ­Վոս­փո­րի նե­ղու­ցի տե­սա­րա­նը» կտա­ւը, զոր աշ­խար­հահռ­չակ ծո­վան­կա­րի­չը նկա­րած է 1856ին, The Art Newspaper հրա­տա­րա­կու­թեան վար­կա­ծով նե­րա­ռո­ւած է ռուս նկա­րիչ­նե­րու ա­մե­նա­թանկ նկար­նե­րու տաս­նեա­կին մէջ,- կը հաղոր­դէ Sputnik: Հ­րա­տա­րա­կու­թիւ­նը ներ­կա­յա­ցու­ցած է ռուս գե­ղան­կա­րիչ­նե­րու այն կտաւ­նե­րը, ո­րոնք ա­ւե­լի բարձր գի­նով վա­ճա­ռո­ւած են ա­ճուրդ­նե­րու մէջ 2012-2016ին : Այ­վա­զովս­կիի կտա­ւը 2012ի Ապ­րիլ 24ին Sothebys ա­ճուր­դին մէջ վա­ճա­ռո­ւած է 5,2 մի­լիոն տո­լա­րով: Ա­մե­նա­թանկ նկա­րը ե­ղած է ­Վա­սի­լի ­Քան­տինս­քիի «Չ­կո­րա­ցո­ղը եւ կո­րա­ցա­ծը», որ վա­ճա­ռո­ւած է 23 մի­լիոն տո­լա­րով: