ԺԱՆԻԿ ՔԷՉԵԱՆ

Ըստ ե­րե­ւոյ­թին, այլ բա­նե­րու կար­գին, կը թո­ւի թէ հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցու­մը պատ­ճառ դար­ձած է, որ ի­րա­կան իշ­խա­նու­թիւ­նը քա­ղա­քա­կա­նու­թե­նէն ա­ռանձ­նա­զա­տո­ւի, ժա­մա­նա­կա­կից պե­տու­թիւն­նե­րը բա­ցար­ձակ նէօ-լի­պե­րալ (նոր-ա­զա­տա­կան) հա­յե­ցա­կար­գի չա­փա­նի­շի մը են­թար­կո­ւած ըլ­լա­լուն որ­պէս հե­տե­ւանք։
Ա­սի­կա ա­կա­դե­մա­կան գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան հիմ­նադ­րոյթ­նե­րուն հետ ոչ մէկ կապ ու­նի, այլ մօ­տե­ցում ու­նի, օ­րի­նակ՝ թէ ո՞ւր եւ ի՞նչ ձե­ւով կը մի­ջամ­տէ (կամ ոչ) պե­տու­թիւ­նը, ի՞նչ ձե­ւով պե­տու­թիւ­նը կրնայ ներդ­րում ու­նե­նալ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն տա­լով ա­ռող­ջու­թեան, աշ­խա­տան­քին (կամ ոչ), եւ հիմ­նա­կա­նին մէջ՝ ի՞նչ ձե­ւով պե­տու­թիւ­նը կը նպաս­տէ հա­ւա­քա­կան կա­ռուց­ման ընդ­դէմ ան­հա­տա­կան շա­հե­րուն։
Այ­սինքն՝ կը վե­րա­բե­րի ­Հա­յաս­տա­նի եւ աշ­խար­հի ո­րե­ւէ այլ երկ­րի մէջ ա­մէն օր պա­տա­հա­ծի…
­Մինչ այդ, եւ այս յա­րա­ցոյ­ցի որ­պէս ան­խու­սա­փե­լի հե­տե­ւանք, եր­բեմն կը թո­ւի, թէ կը մնանք լու­ծում­նե­րէն հե­ռու, թէ մեր ի­րա­կա­նու­թիւ­նը բա­րե­փո­խե­լու կա­րե­լիու­թիւն չու­նինք եւ թէ այ­լընտ­րանք չկայ։
­Բո­լորս տե­ղեակ ենք եւ գի­տա­կից ենք, թէ կա­շա­ռա­կեր պաշ­տօ­նեա­նե­րը, ո­րոնք քո­ւէ­նե­րու փո­խա­րէն գու­մար ա­ռա­ջար­կե­լու սո­վո­րու­թիւն ու­նին, ինչ­պէս նաեւ կը քա­ջա­լե­րեն իշ­խա­նու­թեան օգ­տա­գոր­ծու­մը՝ քի­չե­րու ի նպաստ տե­սա­նե­լի օ­լի­գար­խիա­յի «յա­ջո­ղու­թիւ­նը», միայն կ­՚ա­ճեց­նեն յու­սա­հա­տու­թիւն, դժգո­հու­թիւն եւ պատ­ճառ կը դառ­նան, որ մար­դիկ չներգ­րա­ւո­ւին։
Ա­սի­կա մեր փնտռա­ծին եւ փա­փա­քա­ծին բո­լո­րո­վին հա­կա­ռակն է։
­Մեզ հա­մար զար­գա­նալ կը նշա­նա­կէ ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թիւն, կը նշա­նա­կէ ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի հզօ­րա­ցում՝ ա­մէն տե­սա­կէ­տով, կը նշա­նա­կէ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու հա­ւա­սա­րու­թիւն, կը նշա­նա­կէ ար­դա­րու­թեան եւ պե­տա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ամ­բող­ջա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն, կը նշա­նա­կէ քա­ղա­քա­ցիու­թեան ի­րա­զեկ­ման կազ­մու­թիւն եւ ա­նոր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ըն­կե­րու­թեան մէջ։ ­Կան ար­տա­գաղթ, աշ­խա­տան­քի եւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու չգո­յու­թիւն, ո­րոնց նկատ­մամբ եր­կար տա­րի­նե­րով իշ­խա­նու­թեան գլուխ գտնուող ղե­կա­վար դա­սը պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան իր բա­ժի­նը կը կրէ, եւ գի­տա­կից ենք, թէ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող դժգո­հու­թիւ­նը ար­դա­րա­ցո­ւած է։
­Նոյն­պէս գո­յու­թիւն ու­նին են­թա­կա­յա­կան հար­ցեր, գո­յու­թիւն ու­նին զգա­ցում­ներ, ո­րոնք կը թո­ւին անձ­նա­կան, օ­րի­նակ՝ հիաս­թա­փու­թիւ­նը, յու­սա­հա­տու­թիւ­նը, որ յան­կարծ հա­սա­րա­կա­կան կար­գա­վի­ճակ կը ստա­նան, երբ աննկա­տե­լիօ­րէն միա­ժա­մա­նակ կը հա­մա­ժա­մա­նա­կա­ցո­ւին, ինչ որ թե­րեւս ցո­լա­ցո­ւի տա­րի­նե­րու բե­րու­մով գո­յու­թիւն ու­նե­ցող կա­ցու­թեան տար­բե­րա­կի մը ի նպաստ քո­ւէի մը, զա­նա­զան շրջան­նե­րու ըն­թաց­քին գոր­ծա­դիր իշ­խա­նու­թեան գլուխ գտնո­ւող ան­ձե­րը փո­խե­լու նպա­տա­կով, քո­ւէի մը՝ որ հա­սա­րա­կա­կան բա­րօ­րու­թեան վրայ հիմ­նո­ւած ըլ­լայ, քո­ւէի մը՝ որ ա­ռա­ւել դե­րա­կա­տա­րու­թիւն տայ մին­չեւ օրս այդ կա­ցու­թիւ­նը չու­նե­ցող­նե­րուն։
­Հասկ­նա­լի է, որ պա­տա­խան­նե­րու չգո­յու­թիւ­նը, հար­ցե­րուն լու­ծում­նե­րու չգո­յու­թիւ­նը ան­հա­ւա­տու­թեան եւ թե­րա­հա­ւա­տու­թեան տե­ղի կու տան։ ­Ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րուն լա­ւա­տես ըլ­լա­լը ռո­ման­տիկ բնոյթ կ­՚ու­նե­նայ։ ­Սա­կայն ա­մէն ինչ ցնդող չէ։ ­Կը կա­ռու­ցենք յոյս ներշն­չող ծրա­գիր­նե­րու վրայ՝ ցոյց տա­լով, որ կա­րե­լին գո­յու­թիւն ու­նի, կամ՝ հա­կա­ռակ տեղ պի­տի իյ­նանք։ ­Մի­ջան­կեալ ձեւ մը չեմ տես­ներ։
­Մեր ծրա­գիր­նե­րը կա­պո­ւած են ի­րա­գոր­ծում­նե­րու հետ, մեր հա­մա­հունչ գա­ղա­փար­նե­րուն եւ դիր­քո­րո­շում­նե­րուն հետ, ո­րոնք յստա­կօ­րէն տե­սա­նե­լի են ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին, եւ ա­սի­կա ոչ միայն ե­րե­ւե­լի է ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման կամ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան ու պաշտ­պա­նու­թեան ի նպաստ տա­րո­ւած ան­խոնջ աշ­խա­տան­քին հետ կապ ու­նե­ցող բո­լո­րին ծա­նօթ ե­րե­ւոյթ­նե­րուն մէջ։
­Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կա­նու­թեան կա­ռուց­ման ի նպաստ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան եր­կար տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին տա­րած ներդ­րու­մը որ­պէս ակ­նա­ռու հե­տե­ւանք ու­նի ­Սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րը։
Այս հիմ­նա­քա­րէն մեկ­նե­լով է, որ իր գոր­ծո­ղու­թեան ու հիմք տո­ւող ար­ժէք­նե­րու խախ­տո­ւած հա­մա­կար­գի մը փո­փո­խու­թիւ­նը ա­ռա­ջար­կած ենք։
­Ժա­մա­նա­կը գե­րա­զան­ցող այս գոր­ծի­քը մեզ պի­տի օ­ժան­դա­կէ նա­խա­գա­հա­կան կեդ­րո­նա­ցած մո­տե­լի (տիպ) ներ­կայ իշ­խա­նու­թեան փո­խան­ցու­մը յա­ջողց­նել դէ­պի ա­ռա­ւել հա­ւա­սա­րակշռո­ւած եւ ժո­ղո­վուր­դին ա­ւե­լի մաս­նակ­ցու­թեան ա­ռիթ տո­ւող խորհր­դա­րա­նի մը, ուր ընդ­դի­մադ­րու­թեան դե­րը բարձ­րա­նայ եւ, տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին այս ձե­ւի վրայ կա­յուն մնա­լով, ­Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թիւ­նը ամ­րապն­դո­ւի։
Այս ի­րա­կա­նու­թիւ­նը կը թո­ւի հե­ռա­ւոր, ա­ռօ­րեա­յի եւ ժո­ղո­վուր­դի կա­րիք­նե­րուն հետ կապ չու­նե­ցող։ ­Հա­ւա­նա­բար նոյ­նիսկ կա­րե­լի չըլ­լար յօ­դո­ւա­ծի մը մի­ջո­ցաւ ճիշդ ձե­ւով զայն փո­խան­ցել ու վստահ եմ, որ նիւ­թի մը մա­սին ըն­թեր­ցե­լը ու ա­նոր վրայ հա­ւա­տալ ոչ մէկ ձե­ւով բա­ւա­րար պի­տի ըլ­լայ։
­Սա­կայն հա­ւատ­քի հարց չէ։ ­Նոր ­Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը եւ նպաս­տո­ւած փո­փո­խու­թիւն­նե­րը ժո­ղո­վուր­դի կեան­քին վրայ ան­մի­ջա­կան ազ­դե­ցու­թիւն պի­տի ու­նե­նան։
Կր­թու­թեան, ըն­կե­րա­յին ­Զար­գաց­ման ու բնա­պահ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րու խո­ղո­վա­կով տա­րո­ւած աշ­խա­տան­քը յստակ նշան­ներ են, թէ կա­րե­լի է դրա­կան ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­նալ ժո­ղո­վուր­դի կեան­քին ու կա­րիք­նե­րուն վրայ։ Եւ հոն է, որ յստակ ձե­ւով կը յայտ­նո­ւին մեր ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը, մօ­տա­կայ ու մի­ջին հե­ռան­կա­րով ի­րա­գոր­ծո­ւե­լիք ծրա­գիր­նե­րով, ո­րոնց մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը ար­դէն ի­րա­կա­նա­ցո­ւած է եւ յայտ­նի ձե­ւով։
Այս օ­րի­նակ­նե­րով է, որ կը յա­ւակ­նինք դառ­նալ ժո­ղո­վուր­դին ի նպաստ փո­փո­խու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցի մը՝ իր թե­րու­թիւն­նե­րով ու սխալ­նե­րով, ինչ­պէս որ ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն կ­՚ու­նե­նան ա­նոնք, ո­րոնք գործ յա­ռաջ կը տա­նին։
­Հար­ցը քո­ւէ­նե­րը ո­րե­ւէ ձե­ւով «հա­ւա­քել»ը չէ, հնա­րա­ւո­րը կու­տա­կե­լով եւ կնքե­լով ա­ռանց ծրա­գիր­նե­րու կամ բո­վան­դա­կու­թեան դա­շինք­ներ, ինչ­պէս որ պա­տա­հած է վեր­ջին ժա­մա­նակ­նե­րուն։ ­Քաջ գի­տենք, թէ ա­սի­կա չէ ճամ­բան։
­Հարկ է օ­րի­նա­կա­նու­թիւ­նը պա­հան­ջել ընդ­հա­նուր ջան­քե­րը ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար։ ­Քա­ղա­քա­կա­նու­թե­նէն ան­դին այ­լընտ­րանք չկայ, եւ ա­նոր վրայ մեր հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը ի­րա­կա­նու­թե­նէ դա­տարկ չէ, չի նշա­նա­կեր ա­ռօ­րեան չճանչ­ցո­ղին մօ­տե­ցում մը։
­Կը հա­ւա­տանք, թէ լաւ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն մը կա­րե­լի է։ Այդ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, որ սթա­թու քո­ւօին առ­ջեւ մար­տահ­րա­ւէր է, որ կը նպաս­տէ անձ­նա­կան եւ հա­ւա­քա­կան յա­ռաջ­խա­ղաց­քին, մի­ջա­վայ­րի մը մէջ, ուր ա­զա­տու­թիւ­նը հա­մա­տե­ղե­լի է ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թեան հետ։
­Թե­րեւս աշ­խար­հագ­րա­կա­նօ­րէն հե­ռու կը գտնո­ւինք ­Հա­յաս­տա­նի ընտ­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին կար­ծիք տա­լու հա­մար, ո­րով­հե­տեւ այդ­տե­ղի ա­ռօ­րեայ ի­րա­կա­նու­թեան մաս­նա­կից չենք։ ­Սա­կայն ու­նինք հոն բնա­կող ազ­գա­կան­ներ, բա­րե­կամ­ներ, հա­րա­զատ­ներ, ո­մանք մօ­տերս այս­տեղ հա­սած են, հոն պա­տա­հած­նե­րու մա­սին կը հե­տե­ւինք ֆի­զի­քա­պէս հե­ռու գտնո­ւե­լով, բայց ժո­ղո­վուր­դի մտա­հո­գու­թիւն­ներն ու կա­րիք­նե­րը կը զգանք մեր մօտ, որ­պէս մեր ան­քակ­տե­լի եւ էա­կան մաս­նիկ։
­Նոյն­պէս ճիշդ է, որ մաս կը կազ­մենք բնո­րոշ չե­ղող կազ­մա­կեր­պու­թեան մը, որ կը գոր­ծէ աշ­խար­հի բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րու մէջ եւ ու­նի հա­մա­հայ­կա­կան տես­լա­կան, որ­պէս միակ նպա­տակ ու­նե­նա­լով մեր մի­ջա­վայ­րե­րուն մէջ յա­ջողցնել ­Հա­յաս­տա­նի ի նպաստ լա­ւա­գոյ­նը, մեր թե­րու­թիւն­նե­րով ու յատ­կու­թիւն­նե­րով, հա­մոզ­մունք­նե­րով, գոր­ծու­նէու­թեամբ եւ 126 տա­րո­ւան ըն­թաց­քին մեր պահ­պա­նած հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թեամբ։
­Կը հա­ւա­տանք, թէ քո­ւէ տա­լը բա­րե­փո­խու­մի ձեւ մըն է, ուժ ա­ռա­ջաց­նե­լու մի­ջոց մը, «ուժ» կեր­տե­լու, եւ նաեւ ո­րով­հե­տեւ գի­տա­կից ենք, թէ ձայն բարձ­րաց­նե­լը բա­ւա­րար չէ։
­Քո­ւէ տա­լը բո­ղո­քէն դէ­պի ա­ռա­ջարկ անց­նե­լու մի­ջոց մըն է, եւ հոն է, որ մեր ծրա­գիր­նե­րը տե­սա­նե­լի ի­րա­կա­նու­թիւն մըն են։
­Կը ցան­կա­նամ, որ իւ­րա­քան­չիւ­րը քուէար­կէ այդ հա­մո­զու­մով, թէ կա­րե­լի է բո­լո­րին հա­մար լա­ւա­գոյն եր­կիր մը կա­ռու­ցել, եւ թէ այդ այ­լընտ­րան­քը ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թիւնն է։