Ն­կա­րը ինք­նին խօ­սուն է։
­­Յու­նաս­տա­նի երկ­րորդ մեծ քա­ղա­քին՝ ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ շրջա­գա­յող հան­րա­կառքե­րուն վրայ կը ցու­ցադ­րո­ւի Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ բռնագ­րա­ւո­ւած հայ­կա­կան ­­Շու­շիի պատ­մա­կան բեր­դի պա­րիսպն ու ա­նոր դար­պա­սը, ո­րոնց վրա­յէն ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րը հե­ռա­ցու­ցած են հայ­կա­կան «­­Շու­շի» ա­նու­նը եւ զայն փո­խա­րի­նած են ատր­պէյ­ճա­նա­կան տար­բե­րա­կով։ Ա­ռա­ւել, նկա­րին վրայ գրո­ւած է, թէ ­­Շու­շին ատր­պէյ­ճա­նա­կան է, իսկ վե­րի մա­սը կ­­՚ե­րե­ւին ­­Յու­նաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի դրօ­շակ­նե­րը։
Ն­կա­րը ե­րեւ­ցաւ ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րուն վրայ 23 ­­Նո­յեմ­բե­րին եւ ան­մի­ջա­պէս զայ­րոյ­թի ու բո­ղո­քի ա­լիք­ներ բարձ­րա­ցուց ո՛չ միայն բո­լոր յու­նա­հա­յե­րուն, այ­լեւ շատ մեծ թի­ւով յոյն քա­ղա­քա­ցի­նե­րու մօտ, նոյ­նիսկ լրագ­րող­նե­րու մօտ, ո­րոնք բուռն դա­տա­պար­տե­ցին ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի պե­տա­կան փո­խադ­րա­կան մի­ջոց­նե­րու սպա­սար­կու­թեան գո­վազ­դա­յին ծրա­գի­րը, որ ծայր ա­ռած էր քա­ղա­քին մէջ Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պա­նա­տան մի­տում­նա­ւոր ջան­քե­րով ու նիւ­թա­կան նեդ­րու­մով, եւ պա­հան­ջե­ցին ա­նոր չե­ղար­կու­մը։
Ինչ­պէս ար­դէն կող­քի լու­րին մէջ կը յայտ­նենք, ան­մի­ջա­կան եւ ազ­դու ե­ղաւ Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի աշ­խա­տան­քը վար առ­նե­լու գո­վազդ­նե­րը, ո­րուն շու­տով ար­ձա­գան­գե­ցին պե­տա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը եւ խոս­տա­ցան ատր­պէյ­ճա­նա­կան գո­վազ­դա­յին ար­շա­ւի չե­ղար­կու­մը։
­­Ծա­նօթ է, թէ վեր­ջին ա­միս­նե­րուն, Ատր­պէյ­ճա­նի դի­ւա­նա­գի­տա­կան ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւն­նե­րը զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու մէջ, յա­տուկ ուղ­ղու­թիւն­նե­րու հե­տե­ւե­լով, կը փոր­ձեն մեծ քա­ղաք­նե­րու փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րուն վրայ գո­վազ­դել ­­Շու­շին եւ Ար­ցա­խի այլ քա­ղա­ք­նե­րը որ­պէս ատր­պէյ­ճա­նա­կան ու թրքա­կան քա­ղա­քակր­թու­թեան օ­ճախ­ներ։ ­­Տա­կա­ւին թարմ են պատ­կեր­նե­րը ­­Լոն­տո­նի մէջ ե­րեւ­ցած նմա­նօ­րի­նակ գո­վազդ­նե­րէն, ո­րոնք վար առ­նո­ւե­ցան շնոր­հիւ Հ.Յ.Դ. Անգ­լիոյ ­­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ջան­քե­րուն։
Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, յու­նա­հայ գա­ղու­թը, ժո­ղո­վուր­դով եւ կա­ռոյց­նե­րով, իր ընդվ­զումն ու բո­ղո­քը ար­տա­յայ­տեց այս ա­րար­քին ուղ­ղու­թեամբ։ ­­Քա­նի մը ժամ յե­տոյ մեր հա­կազ­դե­ցու­թիւ­նը տեղ հա­սաւ եւ ստի­պե­ցու­ցիչ ար­դիւնք բե­րաւ։
Դժ­բախ­տա­բար, ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի հան­րա­յին փո­խադ­րու­թեան սպա­սար­կու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը ըն­դու­նած էին ատր­պէյ­ճա­նա­կան «նո­ւէր­նե­րը» ա­ռանց դոյզն իսկ պատ­մա­կան ճշմար­տու­թեան ո­րո­նու­մին, տեղ տա­լով ատր­պէյ­ճա­նա­կան գրգռիչ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք նպա­տակ չու­նէին Ատր­պէյ­ճա­նի զբօ­սաշր­ջա­կան գո­վազ­դը կա­տա­րել, այլ նեն­գա­բար մի­տում ու­նէին մրո­տել ու վար­կա­բե­կել հա­յու­թեան պա­տի­ւը, ոտ­նա­կոխ ը­նել ա­նոր զգա­ցում­ներն ու ա՛լ ա­ւե­լի խո­րաց­նել հայ­կա­կան Ար­ցա­խին վրայ սան­ձա­զեր­ծո­ւած թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան գրա­ւու­մին հե­տե­ւան­քով ապ­րած ող­բեր­գու­թիւ­նը։
­­Մեր յի­շո­ղու­թեան մէջ տա­կա­ւին թարմ է նաեւ յոյն դես­պան ­­Նի­քո­լաոս ­­Փի­փե­րի­կո­սի այ­ցե­լու­թիւ­նը գրա­ւո­ւած ­­Շու­շի, ըն­կե­րակ­ցե­լով ա­ւե­լի քան յի­սուն դի­ւա­նա­գէտ­նե­րու, որ­մէ ետք իր քա­ղա­քա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը փոր­ձե­ցին ա­մէն գնով պատ­ճա­ռա­բա­նել դես­պա­նի ա­նըն­դու­նե­լի այ­ցե­լու­թիւ­նը թուրք-ա­զե­րիա­կան գրա­ւու­մին տակ գտնո­ւող Ար­ցա­խի պատ­մա­կան հո­ղե­րուն վրայ։
­­Թե­սա­ղո­նի­կէի հան­րա­կառքե­րու գո­վազ­դա­յին ա­րար­քի եւ նա­խա­պէս յոյն դես­պա­նի դի­ւա­նա­գի­տա­կան սայ­թա­քու­մի պատ­ճա­ռած դառ­նու­թիւ­նը մտա­ծել կու տան այն ցնցիչ զգա­ցում­նե­րը, ո­րոնք պա­տած էին յոյն տար­րը ամ­բողջ աշ­խար­հի վրայ, երբ ­­Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հը որ­պէս մզկիթ հռչա­կեց ­­Կոս­տանդնու­պոլ­սոյ Ա­յիա ­­Սո­ֆիա­յի տա­ճա­րը, կամ փոր­ձեց վե­րա­բա­նալ ­­Կիպ­րո­սի ­­Ֆա­մա­կուս­թա գրա­ւեալ ու ա­մա­յա­ցած քա­ղա­քը։
­­Կը սպա­սենք, որ յոյն պե­տա­կան սպա­սար­կող­նե­րը ա­ւե­լի մեծ ու­շադ­րու­թիւն ցոյց տան պատ­մա­կա­նօ­րէն ի­րենց բա­րե­կամ հայ ժո­ղո­վուր­դի հիմ­նախն­դիր­նե­րուն նկատ­մամբ եւ թոյլ չտան ատրպէյ­ճա­նա­կան սադ­րանք­նե­րու կրկնու­մին։
­­Վերջ ի վեր­ջոյ, նոյն թրքա­կան յար­ձա­կո­ղա­պաշտ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնն է, որ կը սպառ­նայ ­­Յու­նաս­տա­նի վրայ՝ Է­գէա­կա­նի մէջ ու Թ­րա­կիոյ հան­դէպ կա­տա­րո­ւած ռազ­մա­տենչ գրգռու­թիւ­ննե­րով։
­Տա­կա­ւին եր­կու օր ա­ռաջ թուրք պաշ­տօ­նա­տա­րի ա­նըն­դու­նե­լի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը՝ թէ «թրքա­կան բա­նա­կը 5 ժա­մէն պի­տի գրա­ւէ ­­Թե­սա­ղո­նի­կէն ու Ա­թէն­քը» ու­րիշ բան չէին, ե­թէ ոչ նոր օս­մա­նեան տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին ե­րազ­նե­րու կրկնու­մը, ո­րոնց ի­րա­կա­նաց­ման մէկ բա­ժի­նը դառն կեր­պով ճա­շա­կեց ար­ցա­խա­հա­յու­թիւ­նը ան­ցեալ տա­րի, իսկ այ­սօր թրքա­կան ծա­ւա­լա­պաշ­տու­թեան ճի­րան­նե­րը կը սպառ­նան ­­Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կա­նու­թեան գո­յու­թեան վրայ։
­­Յոյն ժո­ղո­վուր­դի աչ­քին «ան­մեղ» ե­րեւ­ցող ատր­պէյ­ճա­նա­կան գո­վազդ­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը դա­տա­պար­տե­լի է ըստ ա­մե­նայ­նի։
­­Պէտք չէ թո­ղուլ, որ թրքա­կան ծա­ւա­լա­պաշ­տու­թեան ա­լիք­նե­րը, նոյ­նիսկ ե­թէ ա­նոնք թաք­նո­ւած են ատր­պէյ­ճա­նա­կան ու­ժա­նիւ­թա­յին միջ­պե­տա­կան ծրա­գիր­նե­րուն մէջ, ո­ղո­ղեն յու­նա­կան աշ­խար­հը։
­­Յու­նա­հա­յու­թիւ­նը եւս պի­տի շա­րու­նա­կէ ար­դուն պա­հա­կը ըլ­լալ ­­Հայ դա­տին ու Ար­ցա­խի ար­դար հիմ­նա­հար­ցին։ Ա­մէն գնով։