Կազմակերպութեամբ Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովուութեան եւ Թաղային Խորհրդոյ, Շաբաթ՝ 11 Նոյեմբեր 2017ի երեկոյեան, «Զաւարեան» Կեդրոնը եղաւ ժամադրավայրը աւելի քան վաթսուն ամուսնացած զոյգերու, որոնք իրենց պսակը կատարած են Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ։
Շրջանի հոգեւոր հովիւ Վահրիճ Վրդ. Ղարախանեան եւ Թաղային Խորհուրդը գեղեցիկ մտածումը ունեցան, յատուկ ընտանեկան խրախճանքի մը առիթով, պատուելու բոլոր այն զոյգերը, որոնք ամուսնացած են եկեղեցւոյ մէջ։
Այսպէս, սրահը արդէն աւելիով լեցուն էր հայրենակիցներով՝ Գոքինիոյ եւ զանազան շրջաններէ, որոնք եկած էին հաւաքաբար՝ բոլորը միասին նշելու իրենց ընտանեկան բոյնի կազմութեան ուրախ առիթը, ըլլա՛յ նորապսակ զոյգերով, ինչպէս նաեւ ամէն տարիքի վրայ երկարող պսակուած ամոլներով։
Ելոյթը կը վայելէր հովանաւորութիւնը եւ նախագահութիւնը Յունաստանի հայոց թեմակալ առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանի։
Բացման խօսքը կատարուեցաւ շրջանի հոգեւոր հովիւին կողմէ, որ այս աննախընթաց ելոյթին բարի գալուստ մաղթեց բոլորին, ապա՝ բացատրեց պատուոյ երեկոյի իմաստը։ Ան յայտնեց, թէ եկեղեցւոյ տոմարներուն ընդմէջէն յառաջ եկան աւելի քան 500 պսակադրութիւններ, որոնց արժանացած զոյգերէն մաս մը ներկայ էր ելոյթին։
Այնուհետեւ՝ Սրբազան Հօր ձեռամբ, ներկայ բոլոր զոյգերը ստացան գեղատիպ պատուոյ շնորհագիրներ ապակեայ շրջանակով, որոնց վրայ արձանագրուած էին ամուսնացեալներու անուններն ու պսակադրութեանց թուականները։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ոգեշունչ քարոզով մը, նախ՝ շնորհաւորեց բոլոր ներկաները, ապա՝ կարեւորութեամբ նշեց հայ ընտանիքի կազմութեան իմաստը։ Ան յայտնեց, թէ ամուսնական կեանքը, փոխադարձ սիրոյ զգացումէն անդին, ազգային նշանակութիւն ունի, որովհետեւ հայ ընտանիքի կազմութեամբ, հայապահպանումի, հայ մարդը կերտելու, հայոց լեզուի ու հայադրոշմ արժէքներու խորհուրդներն են որ կ՚արժեւորուին՝ ամէն անգամ երբ երկու հայեր իրարու գով գալով հայկական օճախ մը կը ստեղծեն։
Սրբազան Հայրը երեք կարեւոր խորհուրդներու վրայ ներկայացուց ընտանիքի մը յարատեւումը՝ սիրոյ, յարգանքի եւ տոկունութեան արժէքներու ընդմէջէն տեսնելով ընտանեկան արժէքներու խարսխումը։ Իր խօսքի աւարտին, Առաջնորդ Հայրը մաղթեց բոլոր զոյգերուն ծաղկուն եւ հայավայել տարիներու առատութիւն՝ հայ ազգի ու եկեղեցւոյ իմաստը վառ պահելու նախանձախնդրութեամբ։ Համեղ ճաշերու սպասարկումով, սկսաւ երեկոյի խրախճանքի մասը, որուն երաժշտական ոգեւորումը ձեռնհասօրէն ստանձնած էր արուեստագէտ երաժիշտ Կարօ Պարտաքճեան։
Հայկական զուարճալի եւ այլ երգերու երաժշտական ճոխութեամբ ստեղծուեցաւ ջերմ մթնոլորտ մը՝ պարերով եւ խանդավառ արտայայտութիւններով։ Վիճակահանութեան ընթացքին, արժէքաւոր նուէրներ բաժնուեցան բախտաւորներուն։
Խրախճանքը վերջ գտաւ առաւօտեան ժամերուն՝ բոլոր ներկաներու դէմքերուն վրայ գոհունակութեան զգացումներով եւ շնորհաւորական արտայայտութիւներով՝ ելոյթի յղացման եւ անոր յաջող կազմակերպման համար Հոգեւոր Հովիւին եւ Թաղային Խորհրդոյ կողմէ։
ԹՂԹԱԿԻՑ