Մար­դոց կեան­քե­րուն մէջ կա­րե­ւոր ան­կիւ­նա­դարձ­ներ կ­՛ըլ­լան եւ ատ­կէ ետք ո­չինչ նոյ­նը կ­՛ըլ­լայ: Ին­ծի հա­մար կեան­քիս կա­րե­ւո­րա­գոյն ան­կիւ­նա­դար­ձը ե­ղաւ այն պա­հը, երբ մեծ մայ­րիկս իր հայ­կա­կան ան­ցեա­լին մա­սին իր պատ­մու­թիւ­նը կի­սո­ւե­ցաւ հետս:
­Մեծ մայ­րիկս 1915 թո­ւա­կա­նին ի­նը տա­րե­կան էր, երբ են­թար­կո­ւե­ցաւ մարդ­կա­յին վայ­րա­գու­թեան, մար­դոց ան­գութ վե­րա­բեր­մուն­քին, կո­ղո­պու­տի, զար­հու­րե­լի տան­ջանք­նե­րու եւ ա­կա­նա­տես ե­ղաւ կո­տո­րած­նե­րու: Իր կեան­քի ճա­նա­պար­հը սկսաւ՝ հա­յազ­գի «Հ­րա­նոյշ»ը ըլ­լա­լով, եւ ստի­պո­ւե­ցաւ շա­րու­նա­կել՝ մահ­մե­տա­կան «­Սե­հեր»ը դառ­նա­լով:
Հ­րա­նոյ­շը իր կեան­քը չկորսնց­նե­լու գի­նը վճա­րած էր՝ իր մայ­րի­կէն յափշ­տա­կո­ւե­լով, իր սի­րած ու վստա­հած կեան­քի մի­ջա­վայ­րէն խզո­ւե­լով, իր ըն­տա­նիքն ու սի­րած­նե­րը սպան­նող­նե­րուն ձեռ­քը մնա­լով եւ կամ ալ այս վայ­րա­գու­թեան առ­ջեւ ա­ռանց ձայն բարձ­րաց­նե­լու դի­տող­նե­րու մի­ջեւ նե­տո­ւե­լով: ­Վեր­ջա­պէս՝ լե­զուն, կրօն­քը, ա­նու­նը, ձայ­նը կորսնց­նե­լով:
Այ­լեւս ի­րեն հա­մար ա­մէն բա­նին ա­նու­նը փո­խուած է: Հ­րա­նոյ­շին իր սե­փա­կան ա­նունն ալ ար­գի­լած են: Այ­լեւս ոչ ոք ա­նոր «Հ­րա­նոյշ» չ­՛ը­սեր: ­Մար­դու մը ա­նու­նը ա­մէ­նէն գե­ղե­ցիկ հնչիւ­նով իր մայրն է, որ կը կան­չէ: ­Բայց ա­նի­կա այ­լեւս մայր մըն ալ չու­նի, իր ա­կանջ­նե­րը մօր ձայ­նը եր­բեք դար­ձեալ չեն կրնար լսել:
Հ­րա­նոյ­շի նման հա­զա­րա­ւոր մա­նուկ­ներ, ի­րենց այդ ապ­րած վայ­րա­գու­թեան, ա­ղէտ­նե­րու ձգած հո­գե­բա­նա­կան վէր­քե­րը ի­րենց վրայ կրե­ցին մին­չեւ ի­րենց մա­հը: ­Պէտք է խոս­տո­վա­նինք, որ մեծ վա­խով ապ­րե­ցան ա­նոնք բո­լո­րը եւ վստա­հօ­րէն մենք կա­րե­լիու­թիւ­նը չու­նինք գիտ­նա­լու եր­բեք, թէ ո՛վ գի­տէ ին­չե՜ր պա­տա­հե­ցան ա­նոնց կեան­քե­րուն մէջ…
Այս բո­լոր պատ­ճառ­նե­րով՝ ա­նոնք խո­րունկ զգաց­մուն­քա­յին վէր­քեր կրե­ցին ի­րենց հո­գի­նե­րուն վրայ եւ այդ վէր­քե­րը դար­մա­նե­լու կա­րե­լիու­թիւնն ալ չու­նե­ցան:
Ի­րենց ապ­րած­նե­րը բարձր ձայ­նով չկրցան պատ­մել աշ­խար­հին, բայց ա­նոնց­մէ շա­տեր գոց տե­ղե­րու մէջ՝ տու­նե­րու պա­տե­րուն ե­տեւ, ի­րենց ա­մե­նա­սի­րե­լի­նե­րու ա­կանջ­նե­րուն փսփսա­ցին ի­րենց ար­մատ­նե­րը, ապ­րած­ներն ու ցա­ւե­րը:
­Թե­րեւս ալ, մոռ­նա­լու, մոռ­ցո­ւե­լու՝ մի­նա­կու­թեան եւ հե­ռա­ւո­րու­թեան դէմ. ա՛յս էր ա­նոնց պա­քա­րե­լու կեր­պը:
­Մեծ մայ­րիկս պատ­մած ա­տեն հան­դարտ էր: Իր կեր­պա­րան­քին մէջ, զոհ ե­ղած ըլ­լա­լու լա­ցա­կու­մած վի­ճակ, կամ ալ վրէժ լու­ծել ու­զո­ղի ա­տե­լու­թեան ո­ճի ոչ մէկ հետք կար: ­Բայց իր ար­տա­սա­նած ա­մէն մէկ նա­խա­դա­սու­թե­նէն յե­տոյ, խոր եւ եր­կար լռու­թեան կը մատ­նո­ւէր:
Լ­ռած մի­ջո­ցին աչ­քե­րը ձե­ղու­նին, ա­ռաս­տա­ղին կը սե­ւե­ռէր՝ իր աջ ձեռ­քով կար­ծես թէ իր վրան բա­ներ մը կա­յին եւ ա­նոնց դէ­պի վար կը քշէր, կար­ծես թէ իր աջ ծուն­կը մաք­րե­լու պէս: ­Տե­ւա­բար ե­տեւ-առ­ջեւ ծա­ծա­նե­լու շար­ժում մը կ­՛ը­նէր:
Այս շար­ժու­մը այն­քան շատ կ­՛ը­նէր՝ ձեռ­քը ոտ­քին քսե­լով, որ ետ­քը նկա­տե­ցի, թէ հա­գուստ­նե­րուն աջ ծուն­կին վրայ ե­կող կող­մե­րը խամ­րած ու մա­շած էին:
Եր­բեք պի­տի չկա­րե­նամ գիտ­նալ կամ հասկ­նալ մեր բո­լոր խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն մի­ջամ­տող լռու­թիւն­նե­րը եւ այդ լռու­թեանց զու­գա­հեռ շար­ժում­նե­րուն ի­մաս­տը:
Ար­դեօ՞ք իր ապ­րած­նե­րը յի­շել, իր ան­ցեա­լը վե­րա­կեն­դա­նաց­նե՞լ կը ջա­նար:
­Թե­րեւս…
­Մարք Ն­շա­նեան կ­՛ը­սէ, թէ՝ «վե­րապ­րո­ղին հա­մար ետ դարձ չու­նե­ցող կո­րուս­տը, այ­սինքն՝ վերջ­նա­կան ծանր կո­րուս­տը իր կորսն­ցու­ցա­ծը ար­տա­յայ­տե­լու ան­կա­րո­ղու­թիւնն է»: ­Կա­րե­լի է, թէ՝ ինքն ալ իր կո­րուս­տին խօս­քը ը­նե­լու ի­րա­ւուն­քը եւ կա­րո­ղու­թիւ­նը կորսնց­նե­լուն հա­մար էր, որ պատ­մե­լու կը դժո­ւա­րա­նար:
­Կամ ալ ար­դեօ՞ք կա­յին ապ­րում­ներ եւ յի­շա­տակ­ներ, զորս կա­րե­լի չէր ար­տա­յայ­տել, թէ ոչ ապ­րած­նե­րը պատ­մե­լու լե­զո­ւա­կա՞ն կա­րո­ղու­թե­նէն զուրկ էր: ­Կա­րե­լի է նաեւ՝ պատ­ճա­ռը ըլ­լար այն, որ ան­վե­րա­դարձ կեր­պով կորսն­ցու­ցած էր իր մայ­րե­նի լե­զուն:
­Մայ­րա­կան լե­զուն կո­րած էր իր մտքէն, իր ման­կու­թե­նէն ի վեր դար­ձեալ եր­բեք չգոր­ծա­ծե­լէն: Ար­դեօք կ­՛ապ­րէ՞ր փա­րա­տոքս (paradox) մը՝ ուր կը դժո­ւա­րա­նար պատ­մե­լու այն վայ­րա­գու­թիւ­նը, ո­րուն ա­կա­նա­տես ե­ղած էր, նո՛յն այդ վայ­րա­գու­թեան լե­զո­ւով:
Ո­րով­հե­տեւ վեր­ջին հա­շո­ւով այն լե­զուն, զոր կը գոր­ծա­ծէր, երբ կը ջա­նար պատ­մել ան­ցեա­լը, ի­րեն եւ իր սի­րե­լի­նե­րուն դէմ յար­ձա­կող­նե­րուն, տան­ջող­նե­րուն եւ սպառ­նա­ցող­նե­րուն ա­տեն գոր­ծա­ծո­ւած լե­զուն էր:
­Կամ ալ ար­դեօ՞ք ը­սել կ­՛ու­զէր, թէ «վեր­ջին փա­փաքս է՝ ինչ պա­տա­հած է գիտ­ցիր, մի՛ մոռ­նար, ա­րար աշ­խար­հին պատ­մէ, բայց միա­ժա­մա­նակ գիտ­ցիր, թէ ի՛նչ ե­ղա­ծը եր­բեք ոչ մէ­կեր­նիդ ամ­բող­ջու­թեամբ պի­տի չկա­րե­նաք իս­կա­պէս գիտ­նալ»:
­Թե­րեւս ալ, մեռ­նե­լէն ա­ռաջ եւ մա­հո­ւան առ­ջեւ, իր ան­ձայ­նու­թեան ար­ձա­գան­գը փո­խան­ցե­լու հա­մար ունկնդ­րո­ղի մը պէտք ու­նէր:
Այս հար­ցում­նե­րուն պա­տաս­խա­նը եր­բեք պի­տի չկա­րե­նամ տալ ես ին­ծի:
­Բայց մեծ մա­յիր­իկիս պատ­մե­լու ըն­թաց­քին զիս ա­մէ­նէն շատ վի­րա­ւո­րո­ղը, իր ար­տա­սա­նած նա­խա­դա­սու­թիւն­նե­րէն ա­ւե­լի, ա­ռաս­տա­ղին սե­ւե­ռած իր նա­յո­ւածքն էր, ծուն­կին վրայ տե­ւա­կան շար­ժող ձեռ­քը եւ խամ­րած փէ­շի ծայ­րե­րը ե­ղան: Այ­լեւս իր վէր­քը իմ մղձա­ւանջ վէրքս (trauma) ե­ղած է:
­Մին­չեւ որ ան իր կեան­քի պատ­մու­թի­նը ին­ծի պատ­մեց, մեր մօ­տա­կայ ան­ցեա­լին տե­ղի ու­նե­ցած այս վայ­րագ ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին բան չէի լսած, ոչ մէկ տե­ղե­կու­թիւն ու­նէի:
­Մեծ մօրս բեր­նէն սոր­ված­ներս իմ վրաս մեծ ցնցում, զար­հու­րանք եւ ըմ­բոս­տու­թեան զգա­ցում­ներ արթն­ցու­ցին: ­Սա­կայն այն ժա­մա­նակ այդ սոր­ված­ներս ի­մաս­տա­ւո­րե­լէ զուրկ էի թէ՛ քա­ղա­քա­կան եւ թէ ալ գի­տակ­ցա­կան վեր­լու­ծու­մով, ո­րով­հե­տեւ այս խնդի­րը բա­ցա­յայ­տօ­րէն չէր ար­ծար­ծո­ւեր յա­տուկ մի­ջա­վայ­րե­րու մէջ:
Ըն­կեր­վա­րա­կան գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թիւ­նը եւ աշ­խար­հա­յեաց­քը կը փա­ռա­բա­նէի, կը հա­ւա­տա­յի, թէ ըն­կեր­վա­րա­կան դա­սա­կար­գա­յին պայ­քա­րը եւ ան­կէ ետք գա­լիք յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը ժո­ղո­վուր­դին կրած բո­լոր ան­հա­ւա­սա­րու­թիւն­ներն ու ա­նի­րա­ւու­թիւն­նե­րը մէջ­տե­ղէն պի­տի վերց­նեն: Դ­ժո­ւար հար­ցում­նե­րու հա­մար տրո­ւե­լիք դիւ­րին եւ նոյ­նա­տիպ (քլի­շէ) պա­տաս­խան­ներ ու­նէի:
­Մեծ մօրս պատ­մած­նե­րէն սոր­ված­ներս նախ մօ­տիկ շրջա­նա­կիս եւ մաս­նա­ւո­րա­բար ըն­կեր­վա­րա­կան մտայ­նու­թեան տէր ըն­կեր-ըն­կե­րու­հի­նե­րուս հետ կի­սե­լու սկսայ: ­Մեր այդ զրոյց­նե­րու ըն­թաց­քին ու­շադ­րու­թիւնս ա­մէ­նէն շատ գրա­ւող բա­նը այն էր, որ գրե­թէ բո­լորն ալ նման պատ­մու­թիւն­ներ ու­նէին եւ այս պատ­մու­թիւն­նե­րը ի­րա­րու պատ­մած պա­հուն, բո­լո­րին ձայ­նե­րը կը նո­ւա­ղէին, կը ցած­նա­յին, գրե­թէ փսփսու­քի կը վե­րա­ծո­ւէին: Լ­ռու­թիւ­նը ոչ միայն ի­րենց մեծ մայ­րե­րուն հա­մար էր, այլ ամ­բողջ ըն­կե­րու­թեան մը «լռու­թիւն»ն­ էր:
Գ­րե­թէ բո­լո­րին գիտ­ցած այս չա­կեր­տա­ւոր «գաղտ­նիք»ի մա­սին ին­չո՞ւ այս­քան տա­րի­նե­րէ ի վեր չէր կրնար խօ­սո­ւիլ:
Այ­լեւս ա­մէն բան հար­ցա­կա­նի տակ դրած էի եւ հար­ցու­փոր­ձել սկսած էի — պաշ­տօ­նա­կան պատ­մու­թեան ներ­կա­յա­ցո­ւած ձե­ւը, տի­րող մտայ­նու­թիւ­նը, ինք­նու­թիւնս եւ կարծ­րա­տի­պե­րը (թա­պու­նե­րը): ­Հար­ցաքն­նու­թեան, մեծ հար­ցու­փորձ­ման մը եւ տե­ղե­կու­թիւն­ներ ժո­ղո­ւե­լու ըն­թաց­քի մը մէջ մտած էի: Այս ըն­թաց­քին՝ դէմս ել­լող ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը զար­հու­րե­լի եւ շատ ցա­ւա­լի էին:
Որ­քան որ կը հար­ցու­փոր­ձէի եւ կ­՛ի­մա­նա­յի, կռնա­կիս վրայ ե­ղող այս ա­մօ­թա­լի բե­ռին տակ ընկ­ճո­ւիլ սկսայ, այ­լեւս չէի կրնար լռել: Գ­րել ո­րո­շե­ցի, դժո­ւար գոր­ծի մը լծո­ւե­ցայ, բայց եր­բեք ճշմար­տու­թիւ­նը պատ­մե­լէ չհրա­ժա­րե­ցայ:
Գ­րե­լով ը­րած գործս կար­ծես, թէ կազ պա­րու­նա­կող խմիչ­քի մը կա­փա­րի­չը բա­նա­լու պէս էր: ­Գիրքս կար­դա­լով՝ հա­զա­րա­ւոր մար­դիկ ի­րենց նմա­նօ­րի­նակ պատ­մու­թիւն­նե­րը բա­ցա­յայ­տե­ցին: Այ­սօր ոչ միայն զոհ դար­ձած մեծ մայ­րե­րու, մեծ հայ­րե­րու թոռ­նե­րը, այլ նոյ­նիսկ ջար­դա­րար­նե­րու թոռ­ներն ալ խօ­սիլ ու գրել սկսան:
Ո­րով­հե­տեւ անձ­նա­պէս իմ կեան­քիս օ­րի­նա­կով տե­սայ, թէ վայ­րա­գու­թիւ­նը ծած­կել, թա­ղել կա­րե­լի չէ:
Որ­քան ալ ու­րա­ցող­ներ ըլ­լան, ի­րա­կա­նու­թիւ­նը ուշ կամ կա­նուխ մէջ­տեղ կ­՛ել­լէ:
1915ի վայ­րա­գու­թիւ­նը եւ սար­սափն ու զար­հու­րան­քը այն­քան մեծ չա­փով էին, որ սո­վո­րա­կան պայ­ման­նե­րու մէջ չըլ­լա­լիք բա­ներ պա­տա­հած են, պար­տադ­րանք­ներ եւ վա­րո­ւե­լա­կերպ­ներ կա­րե­լի ե­ղած են: ­Հա­զա­րա­ւոր հայ կի­ներ եւ ե­րե­խա­ներ ստի­պո­ւած ե­ղած են իս­լա­մա­նա­լով ի­րենց կեան­քե­րը փրկե­լու:
­Միայն այս պար­տադ­րո­ւած կրօ­նա­փո­խու­թիւ­նը եւ ա­նոր շուրջ հիւ­սո­ւող լռու­թիւնն իսկ բա­ւա­րար են՝ ցոյց տա­լու հա­մար, թէ որ­քա՜ն զար­հու­րե­լի էր կեան­քը վե­րապ­րող­նե­րուն հա­մար:
Ան­շուշտ միշտ գո­յու­թիւն կրնան ու­նե­նալ ա­նոնք, ո­րոնք ի­րենց կամ­քով կրօ­նա­փոխ կ­՛ըլ­լան. բայց 1915ի պայ­ման­նե­րուն մէջ այդ­պի­սի կա­մա­յա­կան փա­փա­քի մը մա­սին կրնա՞նք խօ­սիլ:
Ո­մանք իս­լա­մա­ցած են ի­րենց կեան­քը փրկե­լու, ո­մանք ի­րենց զա­ւակ­նե­րուն եւ կամ ալ քոյր-եղ­բայր­նե­րուն կեան­քը փրկե­լու հա­մար, իսկ ու­րիշ­ներ ալ ա­ռե­ւան­գո­ւած եւ բռնիօ­րէն իս­լա­մա­ցո­ւած են:
Հ­րա­նոյ­շի նման պզտիկ­նե­րու պա­րա­գա­յին կրնա՞նք խօ­սիլ ան­կախ կամ­քի կա­րե­լիու­թեան մա­սին: Ա­նոնք դեռ մա­նուկ էին եւ ի­րենց գիտ­ցած ու վստա­հած աշ­խար­հէն խզո­ւե­լով՝ գրե­թէ թշնա­մի­նե­րով շրջա­պա­տո­ւած մի­ջա­վայ­րի մը մէջ նե­տո­ւե­ցան: Ա­նոնց­մէ ո­մանք նոյ­նիսկ ի­րենց հա­րա­զատ­նե­րը սպան­նող­նե­րուն, զի­րենք ա­ռե­ւան­գող­նե­րուն հետ նոյն տան մէջ, նոյն եր­դի­քին տակ ապ­րե­լու ստի­պո­ւած ե­ղան:
Ե­ղան ո­մանք, որ ընդ­դի­մա­ցան մահ­մե­տա­կան դառ­նա­լու պար­տադ­րան­քին, ե­ղան նաեւ ա­նոնք, ո­րոնք ըն­դու­նած ըլ­լալ ձե­ւա­ցու­ցին: Իսկ ի­րենց զա­ւակ­նե­րը զա­տո­ղա­կան եւ խտրա­կա­նու­թեան փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րէ զերծ պա­հե­լու հա­մար, մահ­մե­տա­կա­նի մը նման օ­րը հինգ ան­գամ ա­ղօթք ը­նող­ներ (namaz) եւ մզկի­թէն չել­լող­ներ ալ ե­ղան:
­Վայ­րա­գու­թեան եւ սոս­կու­մին բո­լոր ե­րե­ւոյթ­նե­րը ի­րենց մտքե­րուն եւ հո­գի­նե­րուն մէջ կրող այս մար­դի­կը, միա­ժա­մա­նակ, ստի­պո­ւե­ցան ապ­րիլ այս վայ­րա­գու­թեան վայ­րե­րուն մէջ: Բռ­նու­թեան եւ մա­հո­ւան շուն­չը տե­ւա­կան ի­րենց վզին վրայ զգա­լով ապ­րե­ցան:
­Մէ­կիկ-մէ­կիկ հե­ռա­ցան այս աշ­խար­հէն՝ ա­ռա՛նց կա­րե­նա­լու ի­րենց ա­կա­նա­տես ե­ղած­նե­րը բարձր ձայ­նով պատ­մե­լու, ա­ռա՛նց կա­րե­լիու­թիւ­նը ու­նե­նա­լու ի­րենց սու­գը բռնե­լու:
Դժ­բախ­տու­թիւն էր նաեւ, որ նոյ­նիսկ ի­րենց մաս կազ­մած հա­մայն­քին դռներն ալ գո­ցո­ւած էր ի­րենց դէմ­քին: Ա­նոնք ապ­րե­ցան նաեւ ա՛յս ի­րա­կա­նու­թեան բե­րած մի­նա­կու­թեան եւ ա­մօ­թի զգա­ցու­մով:
­Բայց ա­նոնց­մէ ոչ մէ­կը իր հայ­կա­կան ան­ցեա­լը մոռ­ցաւ:
Ի­րենց­մէ շա­տեր ի­րենց մօ­տիկ­նե­րուն ա­կանջ­նե­րուն փսփսա­ցին, ո­մանք մա­հո­ւան սե­մին պատ­մե­ցին եւ գրե­թէ բո­լորն ալ ի­րենց տո­կա­լու եւ դի­մադ­րե­լու կամ­քով տար­բեր-տար­բեր ա­ռաս­պել­ներ գրե­ցին պատ­մու­թեան մէջ:
Ո­մանք ի­րենց են­թար­կո­ւած ծանր տան­ջանք­նե­րուն դի­մադ­րե­լով հան­դերձ եր­բեք խա­չը ի­րենց վի­զէն չհա­նե­ցին, ­Սուրբ ­Գիր­քը ի­րենց գզրո­ցէն չվեր­ցու­ցին, եւ իս­լա­մա­կան ա­ղօթ­քը (namaz) չը­րին:
Ո­մանք փլա­տակ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մէջ մոմ վա­ռե­ցին, գաղտ­նի՛, ա­ղօթք ը­րին:
Ու­րիշ­ներ, իս­լա­մա­կան ա­ղօթ­քը (namaz) կ­՛ը­նէին, մզկիթ կ­՛եր­թա­յին, բայց միա­ժա­մա­նակ ալ ­Զա­տի­կին կար­կան­դակ-չէօ­րէկ կը պատ­րաս­տէին եւ դրա­ցի­նե­րուն կը հրամց­նէին, սո­խի կե­ղեւ­նե­րով հաւ­կիթ կը ներ­կէին ու տղոց կը բաժ­նէին:
­Կարգ մը ըն­տա­նիք­ներ, ցե­րեկ ա­տեն՝ մահ­մե­տա­կա­նի, գի­շեր ա­տեն ալ՝ քրիս­տո­նեա­յի նման ապ­րե­ցան:
Ո­մանք ալ ի­րենց զա­ւակ­նե­րը խտրա­կա­նու­թե­նէ զերծ պա­հե­լու հա­մար, ջա­նա­ցին ի­րենց ան­ցեա­լը մոռ­նա­լու, ա­մէ­նէն ա­ւե­լի մահ­մե­տա­կան, ա­մէ­նէն ա­ւե­լի թուր­քի նման ըլ­լա­լու:
­Բայց, ո՛չ ի­րենք կրցան մոռ­նալ, ո՛չ ալ ի­րենց մահ­մե­տա­կան դրա­ցի­նե­րը: 1915ը մոռց­նե­լու աշ­խա­տող նոյ­նինքն պե­տու­թիւ­նը, քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն նկատ­մամբ իր իսկ որ­դեգ­րած շա­րու­նա­կա­կան խտրա­կա­նաց­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թեամբ, ան­ցեա­լը տե­ւա­բար կը յի­շեց­նէր ի­րենց
Օ­րի­նա­կի հա­մար, իմ մօ­րեղ­բայրս՝ մայ­րը կրօ­նա­փոխ ըլ­լա­լուն հա­մար զի­նո­ւո­րա­կան վար­ժա­րան չէր ըն­դու­նո­ւած: ­Մահ­մե­տա­կա­նա­ցած հա­յե­րուն զա­ւակ­նե­րը եւ թոռ­նիկ­նե­րը զի­նո­ւոր, ոս­տի­կան, դա­տա­խազ եւ կամ ընդ­հա­նուր դա­տա­խազ եր­բեք չկրցան ըլ­լալ:
­Ժո­ղովր­դա­կան ըմբռ­նու­մին մէջ ա­նոնք միշտ օ­տար էին: ­Ժո­ղո­վուր­դի յի­շո­ղու­թեան մէջ ա­նոնց ինք­նու­թիւ­նը՝ «փո­խո­ւած», «սու­րի ա­ւել­ցուք», «ֆիլ­լէ», «կեա­ւուր»ի նման ա­ծա­կան­նե­րով՝ ար­տաք­սուած եւ ա­նար­գո­ւած ա­նուն­նե­րով կը հաս­տա­տո­ւէր:
­Նոյ­նիսկ ա­նոնց զա­ւակ­ներն ու թոռ­նիկ­ներն ալ ի­րենց կեան­քը ապ­րիլ շա­րու­նա­կե­ցին զոյգ հա­լա­ծան­քի են­թար­կո­ւած՝ անվս­տա­հե­լի, ա­ռանց ար­մա­տի, ան­հայ­րե­նիք ու ա­ներ­կիր ան­ձեր սե­պո­ւե­լով ու դեռ այդ­պէս ալ կը շա­րու­նա­կեն:
­Մահ­մե­տա­կա­նա­ցած հա­յե­րուն զա­ւակ­նե­րը եւ թոռ­նիկ­նե­րը կ­՛ը­սեն, թէ ի­րենք ինք­զինք­նին «­Քա­ւա­րան»ի մէջ կը տես­նեն, այ­սինքն՝ եր­կու բա­նի մի­ջեւ, օ­դին մէջ մնա­ցած: Ո­րով­հե­տեւ մահ­մե­տա­կան­նե­րը ա­նոնց մա­տով ցոյց կու տան, ծուռ աչ­քով կը նա­յին, իսկ քրիս­տո­նեայ հա­յերն ալ ա­նոնց ի­րենց մէջ չեն ըն­դու­նիր:
Ի­րենք զի­րենք «­Մահ­մե­տա­կան ­Հայ» ա­նո­ւա­նող­նե­րը եւ այս ինք­նու­թեան ճա­նա­չու­մը ու­զող­ներ կան ներ­կա­յիս, ի­րենց հայ ար­մատ­նե­րը ա­ռանց ու­րա­նա­լու, ինք­զինք­նին «թուրք», «քիւրտ» ա­նո­ւա­նող­նե­րը կան, եւ կամ ալ բազ­մա­զան ինք­նու­թիւն ու­նե­նալ ըն­դու­նող եւ միա­ժա­մա­նակ մկրտո­ւե­լու հա­մար ­Պատ­րիար­քա­րա­նին ճամ­բան բռնող­ներն ալ կան:
Մկր­տո­ւող եւ մկրտո­ւե­լու հա­մար ­Թուր­քիոյ ­Պատ­րիար­քա­րա­նին դի­մող­նե­րը, այս ան­գամ ալ ­Պատ­րիար­քա­րա­նին ո­րո­շու­մով՝ վեց ամ­սո­ւան պար­տա­ւոր դա­սըն­թաց­նե­րու հե­տե­ւե­լու են­թա­կայ կ­՛ըլ­լան: ­Փոքր Ա­սիա­յէն գալ փա­փա­քող­նե­րը այս վեց ամ­սո­ւան դա­սըն­թաց­նե­րուն հե­տե­ւե­լուն շատ դժո­ւար ըլ­լա­լը կ­՛ար­տա­յայ­տեն:
Այս նոր ի­րա­կա­նու­թեան առ­ջեւ ըմ­բոս­տա­ցող թոռ­նիկ մը, ճիշտ սա­պէս կ­՛ը­սէ.-
«­Միակ ու­զածս ինձ­մէ բռնօ­րէն առ­նո­ւած բա­նը ետ առ­նել է». ին­չո՞ւ դժո­ւա­րու­թիւն կը յա­րու­ցա­նեն:
­Մեր մտքե­րուն մէջ դա­սա­ւո­րո­ւած յստակ ինք­նու­թեան եւ պատ­կա­նե­լու­թեան կա­ղա­պար­նե­րուն չյար­մա­րող, նոր խում­բե­րու դէմ յան­դի­ման կը գտնո­ւինք այ­լեւս:
Այ­սօր, թի­ւը միլ­լիոն­նե­րու հաս­նող այս մար­դոց ամ­բող­ջու­թիւ­նը կը ցնցէ քրիս­տո­նեու­թեամբ յատ­կան­շո­ւող հա­յու­թեան մտա­կա­ղա­պար­նե­րը՝ մահ­մե­տա­կա­նու­թեամբ յատ­կան­շո­ւող թրքու­թեան եւ քրտու­թեան մա­սին, ո­րոնք չեն յար­մա­րիր մեր մտքե­րուն մէջ ու­նե­ցած կա­ղա­պար­նե­րուն:
­Թուր­քիոյ սահ­ման­նե­րէն ներս «­Մահ­մե­տա­կան ­Հայ»ու հան­գա­ման­քը, որ­քան որ ալ հա­ւա­քա­կան ինք­նու­թիւն մը ըլ­լա­լով չի սահ­մա­նո­ւիր, ա­սով հան­դերձ մէջ­տեղ կ­՛ել­լէ իբ­րեւ նոր ըմբռ­նում մը:
«­Մահ­մե­տա­կա­նա­ցած ­Հայ»ե­րը, եր­կու­քին մէջ­տեղ մնա­ցած վի­ճա­կին մէջ, եր­կու կող­մե­րէն չըն­դու­նո­ւե­լու խնդի­րը կը դի­մագ­րա­ւեն, եւ կը ջա­նան ա­տի­կա հար­թել ի­րենց մի­ջեւ ժո­ղով­ներ կազ­մա­կեր­պե­լով, հան­դի­պում­ներ ու միու­թիւն­ներ կազ­մե­լով:
­Հա­յե­րէն լե­զո­ւի դա­սըն­թացք­նե­րու պա­հան­ջը օ­րէ օր կ­՛ա­ւել­նայ:
­Վեր­ջին տա­րի­նե­րուս բազ­մա­թիւ «­Մահ­մե­տա­կա­նա­ցած ­Հայ»եր, մկրտո­ւե­լու փա­փա­քով ­Պատ­րիար­քա­րա­նին դռնե­րը կը զար­նեն: ­Կաս­կած չկայ, թէ ­Պատ­րիար­քա­րանն ու հա­մայն­քը ան­պատ­րաստ են այս կա­ցու­թեան:
Մկր­տո­ւե­լու եւ հա­մայն­քին մաս կազ­մե­լու պա­հանջ­նե­րը ան­մի­ջա­պէս ըն­դու­նե­լի չեն ըլ­լար, այլ վեց ամ­սո­ւան դա­սըն­թաց­քի նման մի­ջան­կեալ լու­ծում­նե­րով ո­րոշ ժա­մա­նա­կի մը հա­մար խնդի­րը յե­տաձ­գել կը փոր­ձո­ւի:
­Նի­րա Եու­վալ ­Տէյ­վիս կ­՛ը­սէ, թէ պատ­կա­նե­լու­թեան զգա­ցու­մը կա­խեալ է զգա­ցա­կան կա­պէն եւ այն հան­գա­ման­քէն, թէ որ­քա­նո՞վ մարդ մի­ջա­վայ­րի մը մէջ ինքն իր տու­նը կը զգայ:
­Մահ­մե­տա­կա­նա­ցած հա­յե­րը եւ ա­նոնց զա­ւակ­նե­րը տա­կա­ւին ինք­զինք­նին ա­ռանց երկ­րի ու տու­նի կը զգան:
Այ­լեւս «միակ ու­զածս ինձ­մէ բռնօ­րէն առ­նո­ւած բա­նը ետ առ­նել է» ա­ղա­ղա­կող ձայ­նին պէտք է, որ ա­կանջ տանք:
Այս ըմ­բոս­տա­ցումն ու ա­ղեր­սան­քը այ­սօր տա­կա­ւին լսո­ւե­լու կը կա­րօ­տին եւ ա­նոնց վրայ խոր­հե­լու, ա­նոնց լու­ծում գտնե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը կայ:

ԲԱԺՆԵԼ
Նախորդ յօդուածը18 ­Մա­յիս 1900
Յաջորդ յօդուածըԿարօ Փայլան