Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի յանձ­նա­խում­բը կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ ­Հինգ­շաբ­թի՝ 12 ­Դեկ­տեմ­բե­րին, ծե­րա­կու­տա­կան­ներ ­Ռո­պըրթ ­Մե­նեն­տե­զի եւ ­Թետ Ք­րու­զի հե­ղի­նա­կած ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցող թիւ 150 բա­նա­ձե­ւը միա­ձայ­նու­թեամբ ըն­դու­նուե­ցաւ ­Ծե­րա­կոյ­տին կող­մէ, յատ­կան­շա­կան հա­րո­ւած մը եւս հասց­նե­լով ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ու­րա­նա­լու Ան­գա­րա­յի եր­կա­րա­մեայ ար­շա­ւին։
­Բա­նա­ձե­ւը ­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու տան կող­մէ 405 ձայ­նե­րով ­Հոկ­տեմ­բե­րին ըն­դու­նուած ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցող թիւ 296 բա­նա­ձե­ւին կրկնօ­րի­նակն է։
«Այ­սօր, ­Ծե­րա­կոյ­տը իր ձայ­նը միա­ցուց մեր­ժե­լու ար­շա­ւին Ան­գա­րա­յի ու­րա­ցու­մին եւ այդ ուղ­ղու­թեամբ տա­րած գոր­ծու­նէու­թեան, որ հան­դի­սա­ցած էր ա­մե­րի­կեան պատ­մու­թեան մէջ ­Քոնկ­րե­սին վրայ օ­տար երկ­րի մը կող­մէ կամք պար­տադ­րե­լու ա­մէ­նէն եր­կա­րա­տեւ «վե­թօ»ի գոր­ծա­ծու­թիւ­նը։
­Միա­ձայն քո­ւէն այժմ լու­սար­ձա­կի տակ կը դնէ նա­խա­գա­հը, որ ցարդ կը յա­մա­ռի Էր­տո­ղա­նի փա­փա­քած «վե­թօ»ն ­պար­տադ­րե­լու իր անտրա­մա­բա­նա­կան կե­ցո­ւած­քին վրայ։ ­Ժա­մա­նակն է, որ գոր­ծա­դիր իշ­խա­նու­թիւ­նը իր ձայ­նը միաց­նէ օ­րէնս­դիր մար­մի­նին, վերջ տա­լով ա­մե­րի­կեան մեղ­սակ­ցու­թեան՝ Ան­գա­րա­յի սու­տե­րուն տա­րած­ման ար­շա­ւին», կը յայտ­նէ Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի գոր­ծա­դիր վա­րիչ Ա­րամ ­Համ­բա­րեան:
­Բա­նա­ձե­ւը ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճա­նչ­նա­լու եւ այդ ո­ճի­րին զո­հե­րուն պատ­շաճ ո­գե­կո­չում ա­պա­հո­վե­լու կող­քին կը շեշ­տէ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու­րաց­ման կտրուկ մեր­ժու­մը եւ ա­նոր դա­սա­ւանդ­ման կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը՝ իբ­րեւ այս­պի­սի ո­ճիր­նե­րու կան­խար­գիլ­ման կա­րե­ւոր մի­ջոց:
­Յատ­կան­շա­կան է, որ միայն շա­բաթ մը ա­ռաջ, հան­րա­պե­տա­կան ծե­րա­կու­տա­կան մը՝ ­Քե­ւըն Ք­րէյ­մըր, հե­տե­ւե­լով նա­խա­գահ ­Տա­նըլտ Թ­րամ­փի վար­չա­կազ­մին ցուց­մունք­նե­րուն՝ դէմ դրած էր թիւ 150 բա­նա­ձե­ւը քո­ւէար­կու­թեան դնե­լու եր­րորդ փոր­ձին:
­Նա­խա­պէս, ­Տէյ­վիտ ­Փըր­տու եւ ­Լին­զի Կ­րե­հեմ ար­գելք հան­դի­սա­ցած էին քուէար­կու­թեան, իսկ ­Մե­նե­տեզ խոս­տա­ցած էր շա­բա­թը առ­նո­ւազն մէկ ան­գամ օ­րա­կար­գի նիւթ դարձ­նել բա­նա­ձե­ւին քո­ւէար­կու­թիւ­նը, մին­չեւ ա­նոր հաս­տա­տու­մը:

 «­Ծե­րա­կոյ­տին բա­նա­ձե­ւը ար­դա­րու­թեան
եւ ճշմար­տու­թեան յաղ­թա­նակն է». ­Փա­շի­նեան

­Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ ­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեան պատ­մա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն հա­մա­րեց ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ­Ծե­րա­կոյ­տին կող­մէ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման եւ դա­տա­պարտ­ման բա­նա­ձե­ւին ըն­դու­նի­լը, զայն հա­մա­րե­լով յար­գան­քի տուրք՝ 20րդ ­դա­րու ա­ռա­ջին ցե­ղաս­պա­նու­թեան 1,5 մի­լիոն զո­հե­րու յի­շա­տա­կին եւ մեծ քայլ՝ ցե­ղաս­պա­նու­թեանց կան­խար­գիլ­ման օ­րա­կար­գի ամ­րապնդ­ման ուղ­ղու­թեամբ: «Ա.Մ.Ն.ի ­Սե­նա­տի թիւ 150 բա­նա­ձեւն ար­դա­րու­թեան եւ ճշմար­տու­թեան յաղ­թա­նակն է: Աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յե­րի ա­նու­նից յայտ­նում եմ մեր ե­րախ­տի­քը ­Սե­նա­տի այս նշա­նա­կա­լի ո­րոշ­ման հա­մար», կը գրէ ­Փա­շի­նեան: