Օգոստոս 29ին, բնապահպանութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան իր գրասենեակին մէջ հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզի հետ:
Հանդիպման մասնակցեցան Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան տնտեսական եւ առեւտրական, բնապահպանական հարցերով պատասխանատուները, Հայաստանի բնապահպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններու համապատասխան ստորաբաժանումներու ղեկավարները:
Ողջունելով հիւրերը՝ նախարար Մինասեան շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ու դեսպանութեան՝ բնապահպանական հարցերու լուծման գործին շարունակական օժանդակութեան եւ մեծածաւալ աջակցութեան համար:
Արծուիկ Մինասեան ներկայացուց վերջին շրջանին անտառային հրդեհներուն հետ կապուած իրավիճակը, անդրադարձաւ ձեռնարկուող ու կանխարգելիչ ամէնօրեայ միջոցառումներուն, մանրամասնութեամբ ներկայացուց նախարարութենէն ներս բարեփոխումներու իրականացման ընթացքը:
«Մէկ անգամ եւս արձանագրենք Ա.Մ.Ն. կառավարութեան եւ Ամերիկայի ողջ ժողովրդի աջակցութիւնը մեր երկրի բնապահպանութեան ոլորտում:
Որպէս ոլորտի պատասխանատու, ես բարձր եմ գնահատում այն օժանդակութիւնը, որ այս տարիների ընթացքում ցուցաբերուել է մեր երկրին:
Այդ աջակցութեան շնորհիւ է, որ մենք բազմաթիւ ուղղութիւններով ունենք առաջընթաց:
Պարոն դեսպանի հետ մեր նախորդ հանդիպումներում մենք բազմիցս շեշտել ենք, որ մեր երկրի առաջ ծառացած մի շարք մարտահրաւէրներ հէնց ուղղակիօրէն կապուած են շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան հետ»,- նշեց նախարար Մինասեան:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կ՚աջակցին բնապահպանութեան նախարարութեան
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կ՚աջակցին բնապահպանութեան նախարարութեան