Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդը Դեկտեմբեր 13ին միաձայնութամբ վաւերացուց քաղաքի Կեդրոնական Զբօսավայրի ծրագիրը, որուն մէկ մասնիկն է քաղաքամէջը կառուցուելիք Ամերիկահայութեան Թանգարանին ծրագիրը։
Քաղաքապետարանի անձնակազմը եւ «SWA» ձեւաւորումներու հիմնարկը սոյն ծրագիրի նախագիծին մանրամասնութիւնները ներկայացուցած էին Դեկտեմբեր 5ի ժողովին՝ շեշտելով քաղաքի կեդրոնը արուեստներով եւ ժամանցի զանազան հնարաւորութիւններով հարուստ ու կանաչապատ տարածք մը ունենալու կարեւորութիւնը եւ բաղձալիութիւնը։ Ամերիկահայութեան Թանգարանին կողքին, այս տարածքին մէջ պիտի ըլլան նաեւ քաղաքի Կեդրոնական Գրադարանը եւ տարեցներու կեդրոնը, ինչպէս նաեւ՝ երեխաներու յատուկ վայրով մը «անտառային» կանաչապատ զբօսավայր մը եւ քալելու արահետներ, որոնք պիտի միանան Պրենտ պողոտային վրայ գտնուող «Ամերիքանա»յին։ «Մեր քաղաքը մեծապէս պիտի շահի այս ծրագիրի իրականացումով, որուն շնորհիւ քաղաքացիական, ընկերային կեանքը պիտի աշխուժանայ, ինչպէս նաեւ տարեցներու յատուկ սպասարկութիւնները պիտի ընդլայնին»,- կ՛ըսէ Ամերիկահայութեան Թանգարանի ծրագիրի գործադիր մարմինի ատենապետ Պերճ Կարապետեան, իսկ ծրագիրի ճարտարապետ Արամ Ալաճաճեան քաղաքի ապագան հարստացնող քայլ մը կը համարէ այս որոշումը։
Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդը, այս որոշումէն ետք, ծրագիրին մանրամասնութիւնները հանրութեան պիտի ներկայացնէ Յունուարին եւ կ՛ակնկալուի, որ թանգարանի հողատարածքին շուրջ համաձայնագիր եւ կառուցման համար արտօնագիրներ ապահովելու աշխատանքները պիտի ամբողջանան Ապրիլին։ Ամերիկահայութեան Թանգարանին գլխաւոր նպատակն է ամերիկահայութեան փորձառութիւնը ուրիշներու հետ բաժնելու ճամբով փոխադարձ ըմբռնումը քաջալերել եւ Միացեալ Նահանգներու ցեղային ու մշակութային բազմազանութիւնը լուսարձակի տակ առնել:
Ամերիկահայութեան Թանգարանը
Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդը վաւերացուց Ամերիկահայութեան Թանգարանին ծրագիրը