Աւանդաբար, վարժարաններու վերամուտը կը նշանաւորէ նաեւ հաւաքական կեանքի վերաշխուժացման մեկնարկը, որ ամառուան հանգիստի երկար դադարէն ետք, կը փորձէ դարձեալ ճամբու մէջ մտնել ու զարգանալ։
Միայն թէ, աւելի քան մէկուկէս տարիէ ի վեր, այդ բնական ընթացքը խանգարուած է թագավարակի մթնոլորտին մէջ ստեղծուած ընկերային ծանր իրավիճակին հետեւանքով։ Յաճախ կրկնուած է, թէ Քորոնա ժահրի տարածումը մեր մօտ եւս ստեղծեց այնպիսի պայմաններ, երբ մէկ օրէն միւսը այլափոխուեցաւ գաղութային կեանքը իր բոլոր երեսներով։
Այսուհանդերձ, մեր կառոյցներու աշխատանքը կանգ չառաւ, կարելիութեան սահմաններուն մէջ վարչական եւ միութենական գործունէութիւնը որոշ պատկեր մը ցուցաբերեց, ոչ միշտ ակնկալուած թափով ու արդիւնքներով։
Համավարակի ստեղծած արտասովոր իրականութեան տակ, այժմ գաղութային կառոյցները կը պատրաստուին իրենց գերագոյն ժողովներուն համար՝ թեմական երեսփոխանական ժողով, միութիւններու ներկայացուցչական ժողովներ, որոնց գումարումը խիստ անհրաժեշտ դարձած է, իրենց գործունութեան դաշտը վերանորոգելու եւ համակարգելու ակնկալութեամբ։
Իրականութիւն է, թէ տակաւին անորոշութիւն մը գոյութիւն ունի՝ եթէ թագավարակի պայմանները պիտի մեղմանան, որքանով պետութիւնը պիտի ստիպուի դարձեալ ընկերութիւններու կեանքը սահմանափակել, կամ եթէ ժահրի նոր տարբերակներ կրնան աւելի մեծ վնաս հասցնել, ստեղծելով առողջապահական անհակակշռելի կացութիւններ։
Այս բոլորին մէջ սակայն, մարդկային կեանքը ու անոր հետ կապուած որեւէ զարգացում չի կրնար կանգ առնել։ Անհատական կենցաղի տնտեսումէն մինչեւ հաւաքական միջավայրին մէջ ապրելու անհրաժեշտութիւնը, մարդու կեանքի հոլովոյթին բնական ընթացքը կը պահանջէ ըլլալ գործուն ու զգօն։
Ա՛յս հրամայականներուն վրայ պէտք է յենուած ըլլայ նաեւ գաղութի կառուցային գործունէութեան ծրագրումը, որ անկախ մինչեւ հիմա պարտադրուած առողջապահական սանձումներէն, պարտի վերաշխուժացումի ընթացքին մէջ դնել մեր կազմակերպ կեանքին հետ կապուած ամէն տեսակի շարժում եւ գործունէութիւն։
Մեր աւանդական կռուանները՝ դպրոց, եկեղեցի, ակումբ, ժողովուրդ, կարիքը ունին իրար շաղկապող եւ իրարմէ կեանք ստացող նոր ներուժի մը, որուն յաջողութիւնը գլխաւորաբար յենուած է համայնքային կառոյցներուն մէջ գործող անձերուն վրայ, անհատաբար եւ հաւաքաբար։
Իսկ մեր հաւաքական գործունէութեան առանցքը կը հանդիսանայ երիտասարդ տարրերու ներգրաւումն ու աշխուժացումը, որպէս գլխաւոր երաշխիք նոր մտածումներու երեւումին, նորարար գործելակերպի որդեգրումին եւ ապագայ հեռանկարներու կազմաւորումին։
Ներկայիս, երիտասարդ սերունդի կարեւոր զանգուած մը կը նախընտրէ դուրս մնալ մեր հաւաքական կեանքին մէջ մասնակցութիւն ունենալէ, եւ աւելին՝ իր ուսերուն վրայ պատասխանատու աշխատանք առնելէ, որ ինքնին լուրջ ու մտահոգիչ կնճիռ մըն է։ Նորութիւն չէ այս իրականութեան երեւումը, սակայն թագավարակի մթնոլորտին մէջ աւելի խորացած ըլլալով, կրնայ վնասակար հետեւանքներ ունենալ ապագային, եթէ այսօր անոր շրջանցման մասին մեր մտածումներն ու ընելիքները կեդրոնացած չըլլան։
Հոս է արդէն հաւաքական կեանքի վերամուտի պատգամը, որուն արձագանգը պէտք է տիրական ձայն ունենայ յաջորդին գումարուելիք կառոյցներու օրէնսդիր ժողովներու օրակարգերուն վրայ, որպէս հիմնական ծրագրումի եւ գործունէութեան նպատակասլաց ուղղութիւն։
Մեր երիտասարդութիւնը անհոգ չէ, պարզապէս կայծի մը երեւումին կը սպասէ, ներշնչում պէտք է անոր, որպէսզի զգայ թէ ներկայ եւ պատրաստ է գործը իր ձեռքերուն մէջ առնելու։
Առիթը փախցնելու ժամանակ չկայ։ Վերամուտի այս շրջանին, մեր հաւաքական տունը շէն պահելու հրամայականը կը պահանջէ յստակ ու վճռական քայլեր։