Հ.Գ.Խ.-ի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնը վայելող Թեսաղոնիկէի «Մալաքեան-Գասպարեան» Ծաղկոց շաբաթօրեայ դպրոցի մեծ ընտանիքը, իր տնօրէնութեամբ, ուսուցչական կազմով, աշակերտներով եւ ծնողներով 2019-20 եւ 2020-21 տարեշրջաններու աւարտին, Թեսաղոնիկէի մէջ «Քորոնա» համաճարակի ստեղծած ահաւոր վիճակին եւ միաժամանակ հետեւելով պետական որոշումներուն, չկարողացաւ վերոյիշեալ 2 տարեշրջաններուն Յունիս ամսուան մէջ կատարել դպրոցի իր ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը։
Սակայն եւ այնպէս, կազմակերպութեամբ Հ.Գ.Խ.-ի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Շրջանային վարչութեան, դպրոցի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, Շաբաթ՝ 23 Հոկտեմբեր 2021-ի կէսօրուան ժամը 12։00-ին, «Տէր-Զաքարեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ վերոյիշեալ 2 տարեշրջաններու ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը, ներկայութեամբ շրջանի հոգեւոր հովիւ՝ գերպ. տ. Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեանի, Հ.Գ.Խ.-ի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Շրջանային վարչութեան, եւ Թեսաղոնիկէի «Անի» մասնաճիւղի ընկերուհիներուն, դպրոցի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին, ծնողներուն եւ աշակերտութեան։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ դպրոցի տնօրէնուհի՝ տիկ. Զապէլ Գալֆայեան, բարի գալուստ մաղթեց եւ կանխաւ շնորհաւորեց աւարտական դասարանի աշակերտները, մաղթելով յաջողութիւն եւ առաւել բարձր դիրքերու արժանացում։
Հուսկ, աւարտական դասարանի աշակերտները իրենց ուսուցչուհիներու՝ տիկ. Լիլիթ Վարդանեանի եւ տիկ. Մարիամ Յարութիւնեանի մեծ ջանքերով ու աւարտականի վայել կերպով արտասանեցին ոտանաւորներ եւ երգեցին երգեր՝ առաւել եւս ճոխացնելով օրուան պահը։ Յուզիչ պահ մը ուրուագծուեցաւ ձեռնարկի ընթացքին, երբ ուսուցչուհիներուն կողմէ տեսաերիզի անակնկալ մը ցուցադրուեցաւ աշակերտներուն, երբ իրենց նախանցեալ տարիներուն, շա՜տ աւելի բնական պայմաններու տակ, դպրոցին մէջ իրենց հին օրերու յուշերը ապրելով յուզուեցան եւ զիրար ողջունելով մաղթեցին շուտով վերադառնալու բնական պայմաններուն։
Իր սրտի խօսքը ունեցաւ նաեւ Հ.Գ.Խ.-ի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի ընկ. Կիւլա Գասապեան, շնորհաւորելով դպրոցի մեծ ընտանիքը եւ ծնողներուն յորդորելով՝ շարունակելու իրենց օժանդակութիւնը դպրոցի վերելքին համար։
Աւարտին, գերպ. հայր սուրբին, Հ.Գ.Խ.-ի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետուհիին, դպրոցի տնօրէնուհիին եւ իրենց ուսուցչուհիներու ձեռքով աւարտական դասարանի աշակերտները ստացան իրենց վկայականները։
Գերպ. հայր սուրբը եզրափակելով օրուան ձեռնարկը, նախ յանուն Յունաստանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ գերշ. տ. Գեղամ ս. արք. Խաչերեանի, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդի, ինչպէս նաեւ շրջանի բոլոր միութիւններուն եւ անձնապէս շնորհաւորեց դպրոցի մեծ ընտանիքը եւ յատկապէս աւարտական դասարանի աշակերտութիւնն ու ուսուցչուհիները, որոնք կարողացան արժանավայել կերպով յաջողցնել սոյն ձեռնարկը։ Իր խօսքին մէջ, գերպ. հայր սուրբը խօսքը ուղղելով ծնողներուն եւ աշակերտներուն, ըսաւ. «Երբե՛ք մի՛ մոռնաք ձեր մայրենի լեզուն, հպա՛րտօրէն խօսեցէք մեր պատմութեան մասին, մի՛ զլանաք ձեր զաւակները հայկական օճախներ՝ դպրոց, ակումբ, ազգային կեդրոններ, եկեղեցի, յաճախեցնելու ու մանաւանդ երախտապա՛րտ եղէք այս դպրոցին, որ ձեզի անշահախնդրօրէն տուաւ ազգային նկարագիր, հոգեւոր ու հայեցի դաստիարակութիւն, Հայ լեզու ու մշակոյթ, որպէսզի դուք ալ ձեր կարգին, օր մը, զանոնք փոխանցէք ձեր նմաններուն»։
Տեղի ունեցաւ աւարտականի դասարանի կարկանդակի հատումը եւ ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ գերպ. հայր սուրբին «պահպանիչ…» աղօթքով։
ԹՂԹԱԿԻՑ