14 Յուլիսի երեկոյեան, «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» վարժարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ «Համազգային»ի Ատտիկէի «Սօս-Վանի» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած հայկական ամառնային շարժապատկերի ցուցադրութիւնը։
Ընտրուածը՝ «Դաւիթ Բէկ», Էտմոնտ Քէօսեյեանի բեմադրութեամբ «Յուսոյ Աստղ» ստեղծագործութեան առաջին մասն էր։ Կեդրոնական դերը կը մարմնաւորէր Էտիշեր Մաղալաշվիլի, նաեւ կը մասնակցէին ժամանակին հանրածանօթ դերասաններ՝ Արմէն Ջիկարխանեան (Մխիթար Սպարապետ), Լաուրա Գէորգեան (Սաթենիկ), Խորէն Աբրահամեան (Տէր-Աւետիս), Սօս Սարգսեան (Մովսէս) եւ ուրիշներ։
Վարչութեան ատենապետ ընկ. Ժագ Տամատեան շնորհակալութիւն յայտնելով ներկայութեան համար հանդիսատեսներուն եւ կաթողիկէ Գերապայծառին՝ պաստառը տրամադրելու առթիւ, նշեց որ շարժապատկերի արուեստը մօտաւորապէս մէկ դարու գործունէութիւն կը ծաւալէ Հայաստանէն ներս։ Յաջորդաբար, ներկայացուց ժապաւէնին նիւթը՝ հակիրճ պատմական տեղեկութիւններ փոխանցելով ներկաներուն.
«1978 թուականին լոյս կը տեսնէ գլուխգործոց «Յուսոյ Աստղ» ստեղծագործութիւնը բաղկացած 2 մասերէ՝ «Դաւիթ Բէկ» եւ «Մխիթար Սպարապետ»։ Ժապաւէնները կը ցոլացնեն 1722-1730 տարիներու Սիւնիքի ապստամբութիւնը, որուն շնորհիւ շրջանը վայելեց ինքնավարութեան կարգավիճակ։
18-րդ դարուն Արեւելեան Հայաստանը մաս կը կազմէ Պարսկական Կայսրութեան։ Կը գործեն մելիքութիւններ, տեղական իշխանութիւններ, որոնք ենթակայ են Պարսից Շահին։ 1720-ականներուն, Սիւնիքի մէջ կը տիրէ յեղափոխական ոգի, սակայն իրավիճակը բարդ է նաեւ այն հանգամանքով, որ լեռնային վայրերուն ներխուժած են թրքածին վրանաբնակ ցեղախումբեր, որոնք կը խանգարեն տեղական բնակչութեան։ Հայերը կը դիմեն Վրաց Վախթանգ թագաւորին, ան ալ Սիւնիք կ՚ուղարկէ 30 հայ զինուորականներ, Դաւիթ Բէկի գլխաւորութեամբ»։
Շարունակելով՝ ընկ. ատենապետը ըսաւ, որ հերոսին համար չեն նշուած յաւելեալ կենսագրական տեղեկութիւններ. ծանօթ չէ տարիքը, ո՛չ ալ ծննդավայրը, թէեւ որոշ պատմաբաններ կը նկատեն, որ ծագում ունի Սիւնիքէն։ Յայտնի չէ, թէ ինչպէս ստացած է «Բէկ» կոչումը՝ ազնուական տոհմի անդամ ըլլալով, կամ վրացական բանակի ծառայութիւններու շնորհիւ։ Վախճանեցաւ ազատ Սիւնիքին մէջ 1728-ին, սակայն պատմական տեսակետով յստակ չէ մահուան պատճառը՝ հիւանդութիւն կամ ռազմադաշտին ստացած վերք մը։
«Հասնելով Սիւնիք, Դաւիթ Բէկը կը կազմէ կանոնաւոր բանակ եւ Սպարապետ կը նշանակէ Գանձակեցի Մխիթարին՝ դժգոհութիւն պատճառելով մելիքներուն։ Թեժ կռիւներով կը հեռացնէ քոչուորներուն եւ իրենց անասունները կը բաժնէ գիւղացիներուն։ Յաջորդաբար, կը գլխատէ իսլամացած հայ մելիքներ Փաղրինին եւ դաւաճան Ֆրանկիւլին՝ իրենց հարստութիւնը նուիրելով զինուորներուն եւ ժողովուրդին։ Յանուն կարգապահութեան՝ խստութեամբ կը վարուի նաեւ Մխիթար Սպարապետին։ Յաղթահարելով մօտակայ խանութիւններու բազմաթիւ զօրքերուն՝ կ’ազատագրէ բերդեր ու քաղաքներ, սակայն Օսմանեան Կայսրութիւնը, օգտագործելով Պարսկաստանի թուլացումը, հսկայական բանակով կը յարձակի Սիւնիք։ Սպասուած ռուսական օգնութիւնը չի հասնիր երբէք։ Այսպէս՝ Դաւիթ Բէկ անհաւասար պատերազմ կը մղէ թուրք զաւթիչներուն դէմ»։
Երեկոյի ընթացքին հանդիսատեսը վայելեց սիրոյ ու պատերազմական ժապաւէնը ամառնային շարժապատկերի հաճելի մթնոլորտի մէջ՝ համտեսելով ակումբի «լեհմաճունը» զովացուցիչի ու գարեջուրի հետ։
Աւարտին՝ ներկաները ոգեւորուած փափաք յայտնեցին ցուցադրել «Յուսոյ Աստղ»ի 2-րդ մասն ալ՝ «Մխիթար Սպարապետ», սակայն անյարմար էր յառաջացած ժամի պատճառաւ։
ԹՂԹԱԿԻՑ