Նէոս Գոզմոս (Ֆիքս)ի Ս. Յովհ. Կարապետ եկեղեցւոյ Տիկնանց Մարմինը սիրով կը հրաւիրէ ձեզ, եկեղեցւոյ վերանորոգուած ներքնասրահին մէջ զարդարուած տօնածառին լուսաւորման ուրախ ձեռնարկին, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի՝ 18 Դեկտեմբեր 2022-ի առաւօտեան Ս. Եւ Անմահ Պատարագէն անմիջապէս ետք: Սկիզբ Ս. եւ Անմահ Պատարագի՝ ժամը 10:00-ին:
Այս առթիւ, ներկաները պիտի հիւրասիրուին սուրճով, աղի եւ քաղցր բլիթներով:
Սիրելի ծխականներ.-
Եկէք միասնաբար մեր աղօթքները բարձրացնենք առ Աստուած, ապա ջերմիկ հայաշունչ եւ Աստուածահաճոյ մթնոլորտի մէջ տօնածառին լուսաւորման ընդմէջէն, հոգեպէս պատրաստուինք յաջորդող տօնական սուրբ օրերը դիմաւորելու համար:
ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԱՐՄԻՆ