Կիրակի, 18 Դեկտեմբեր 2022-ի առաւօտեան Ս. եւ Անմահ Պատարագին մասնակցելէ եւ միասնական մեր աղօթքները առ Աստուած բարձրացնելէ ետք, եկեղեցւոյս վերանորոգուած ներքնասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Տիկնանց մարմնոյ զարդարած տօնածառի լուսաւորման ուրախ եւ տօնական ելոյթը, զանազան տարիքի հայրենակիցներու ներկայութեամբ:
Եկեղեցւոյ եւ շրջանիս հոգեւոր հովիւ՝ արժ. Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա ուրախութեամբ հրաւիրեց հայենիքի մէջ ծնած, ապա Յունաստան հաստատուած ու ընտանիք կազմած՝ տէր եւ տիկին Նարեկ եւ Մանէ Մկրտչեան ընտանիքն ու իրենց երկու զաւակները՝ -երկամեայ Նելլին եւ երկամսեայ Արիսը- որ լուսաւորեն Նոր Տարուան տօնածառը:
Տէր հայրը իր խօսքին մէջ ըսաւ.- «Այսօր, Մկրտչեան ընտանիքին կուտանք այս առիթը որ իրենք լուսաւորեն այս տօնածառը, որովհետեւ հայրենի հողէն հեռու, այս օտար ափերուն, հայկական բոյն մը հիմնելէ ետք, իրենց հրաշք երկու զաւակներով, կու գան հաստատելու թէ՝ հայը ո՞ւր որ ըլլայ եւ ի՞նչ պայմաններու մէջ ալ գտնուի, անկարելին՝ կարելի պիտի ընէ, որ հայօրէն ապրի ու գոյատեւէ իր ինքնութիւնն ու հաւատքը պահելու համար»:
Աւարտին՝ ներկաները հիւրասիրուեցան սուրճով, աղի եւ քաղցր բլիթներով:
Ելոյթին մասնակիցները գոհունակութեամբ եւ շնորհակալական ու քաջալերական խօսքերով մեկնեցան, իրենց հետ տանելով ջերմիկ, հայաշունջ եւ Աստուածահաճոյ մթնոլորտը, որ ապրեցան, տօնածառի լուսաւորման ընդմէջէն, հոգեպէս պատրաստուելով յաջորդող տօնական սուրբ օրերը դիմաւորելու համար:
Վարձքը կատար բոլորին:
Ներկայ մը