ՄԱՐԻԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ-ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Շուտով կու գայ Նոր Տարին եւ Կաղանդ պապան նուէրներ կը բերէ բոլոր անոնց, որոնք բարի եղած էին անցեալ տարի։ Փայլուն տօնածառը կը շողշողայ սենեակին մէջ, եւ մեծ մամայի ու մայրիկի պատրաստած համեղութիւններու բոյրն ու համը յատուկ տրամադրութիւն կը ստեղծեն։ Նոր Տարին իր իւրահատուկ բոյրն ունի, այո՜, եւ երանի անոնց, որ այն ճաշակած են դեռ մանուկ տարիքէն՝ ընտանիքի տաքուկ-փափուկ գիրկի մէջ։
Ամանորեայ հրա՜շք պահերը… Մանկութեան անմոռաց յիշողութիւններ… Եւ եթէ երեխաներու աչքերով ու զգացումով կարողանայինք սպասել Կաղանդին, գուցէ եւ հեքիաթային հերոսները մեզ նոյնպէս այցի գային եւ ճամբորդութիւնը՝ իրականութենէն դեպի հեքիաթային աշխարհ կատարուեր: Իսկ ամանորեայ հրա՞շքը, ո՞րն է այն, ի՜նչ է այն, եթէ ոչ այսպիսի ներքին տրամադրութիւն մը եւ խանդավառ զգացումներ… Սակայն մինչ ժամանակը կը սահի եւ կը մօտենանք 2020ին, մենք՝ «մեծիկներս», պետք է նախապատրաստուինք սթափօրէն այս խորհրդաւոր եւ սպասուած տօնին։ Դէ, ի յարկէ՛, գործերը շատ են… շա՜տ. դուրսը թեժ ամանորեայ գնումներ, իսկ տան մէջ՝ եփել-թափելու թե՛ժ խառնաշփոթ։ Ի՞նչ նուէրներ գնել, ի՞նչ կերակուրներ պատրաստել եւ նոյնիսկ անգամ կանացի խիստ մտահոգութիւն՝ ի՞նչ հագուստով դիմաւորել Նոր Տարին… այո՛, այո՛, սա ամէնեւին կատակ չէ։
Այս բոլոր սպասումները եւ պատրաստութիւնները, սակայն, եթէ կարողանայինք չընկալել որպէս առօրեայ հոգ, այլ ճանապարհ մը, որը կը տանի դէպի ամանորեայ կախարդանքը՝ ողջ — առողջ եւ դրական տրամադրութեամբ, ուրեմն իսկապէս հեքիաթը մօտ է՝ շա՛տ մօտ։ Մեզ կը մնայ՝ թոյլ տալ մեր զգացողութիւններուն եւ ինքնագիտակցութեան վայելքով անցնելու այդ ճանապարհը՝ դէպի հրաշք տանող։
Սեղանները պատրաստ են ահա, գինին առատ, մոմերը վառած են, զանգերը կը ղողանջեն, գեղեցիկ ընտանիքը սեղանի շուրջ հաւաքուած՝ տրամադրութիւնը հրաշալի է։ Շուտով ժամացոյցի սլաքները՝ երեք, երկու, մէկ, կ՚ազդանշեն Նոր Տարուան գալուստը։ Կը գրկենք ու կը համբուրենք իրար, բաժակները կը զրնգան՝ հպուելով մէկմէկու… ահա եկա՜ւ Նոր Տարին, Կաղանդ պապան, ձիւնանուշը… Օ՜, նուէրները… Մենք՝ հայերս, կը մաղթենք՝ շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Սուրբ Ծնունդ… Ճանապարհը խորհրդաւոր է դէպի ամանորեայ հեքիաթը, իսկ այն կրել ողջ տարուայ ընթացքին հոգիին մէջ՝ ապրիլ իրականութեան մէջ, բայց ունենալ սրտի հեքիաթը, ահա… ահա եւ իրական ամանորեայ հրաշքի գաղտնիքն ու խորհուրդը։ Բաց մի՛ թողէք այդ հրաշքը, ապրեցուցէ՜ք զայն ձեր ներսը։
… Յանկարծ կը լսուի. «Տարի մը եւս գլորեցինք», մեծ հայրիկի՞ն էր այն, թէ՞ մեծ մայրիկը, որ խոր հոգիէն հանելով արտասանեց՝ յիշելով գուցէ իր երիտասարդ տարիներուն ապրած հրաշքները՝ ամանորեայ, Սուրբ Ծննդեան… Այն ճանապարհը, որ կարողացած էր հրաշքով անցնել, կերտել, պահել-գուրգուրալ, ջանք ու եռանդի շնորհիւ փոխանցել իր թոռնիկներուն՝ աւանդոյթներ, ծեսեր դեռ իր նախնիներէն ժառանգած գեղեցիկ ու աննման սովորոյթներ։ Եւ իսկապէս, ի՞նչ տօն, ի՞նչ Նոր Տարի առանց աւանդոյթներու, յատկապէս, երբ այն կը դիմաւորես ընտանիքի աւագ սերունդի ջերմ ընկերակցութեամբ։
Այսօր՝ 21դարու 2020 թուականի շեմին, աշխարհի տարբեր ծայրերուն ապրող աշխարհասփիւռ հայերը կը կարողանա՞ն պահպանել եւ իրենց նախնիներու ժառանգած հայկական աւանդոյթները փոխանցել զաւակներուն։ Կրնանք ըսել՝ թէեւ քիչերը, բայց՝ այո՛։ Նորօրեայ մօտեցումներով՝ ազգային աւանդոյթներով հետաքրքրուած երիտասարդներու ստուար զանգուած մը, շունչ ու հոգի կուտան ազգային — աւանդական հայկական սովորոյթներուն, ապա հայու հոգիի կանչով կը զարդարեն ներկան այնքա՜ն գեղեցիկ։ Վառ օրինակ է, որ դեռեւս քանի մը տարի առաջ ազգային տարազներով եւ զարդանախշերով հետաքրքրուողները հաշուելի էին, իսկ այսօր ահա, հայ երիտասարդը սիրով կը կրէ այն: Ազգային — աւանդական ոճը նորաձեւ դարձնելով՝ կ՚ ապրեցնէ եւ վերածնունդ կու տայ հին եւ գեղեցիկ սովորոյթներուն։ Եւ միթէ այս ալ հրաշք չէ՞…
Այդպիսի հին ու մոռացուած աւանդոյթ է նաեւ Կաղանդի տարեհաց եւ հայկական աւանդական ոճով տօնածառի զարդարանքը՝ դարերէն ժառանգած սովորոյթներ, որ պահպանուած են առ այսօր որոշ ընտանիքներու մօտ եւ հետաքրքրութիւնը բաւական մեծ է ու գրաւիչ։ Երիտասարդներու շրջանակներուն մէջ կը վերակենդանանայ լաւագոյնը՝ մոռցուած հինը։ Աւանդոյթները կը շարունակուին ։
ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՏԱՐԵՀԱՑ ԵՒ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ՍՈՎՈՐՈՅԹՆԵՐ
Հին տարիներուն, հայաշխարհ Հայաստանի մէջ տարեհացը հայկական ամանորեայ սեղանի ամենակարեւոր խորհրդանիշը եղած է, որ վերջին տասնամեակներուն գրեթէ մոռցուած էր… Նոր-Տարին՝ նոր հացով, այսպիսին էր սովորոյթը մեր նախնիներու։ Համաձայն հին հայկական աւանդութեան, ընտանիքներուն եւ եթէ անգամ բաւական հաց ունենային, միեւնոյնն է՝ տարեհացի պատրաստութիւնը մեծ արարողութիւն կը համարուէր։ Սովորաբար, այն կը թխէին տան տարեց կանայք, սակայն նախապէս, 8-10 տարեկան անմեղ աղջնակ մը, Նոր Տարուան համար թխուող հացի ալիւրէն մի քանի բուռ կը շաղէր՝ առանց թթխմոր խառնելու, ապա եւ կը թխէր։ Տօնի կարեւորագոյն ծիսական հացը տարբեր շրջաններուն տարբեր անուններով յայտնի էր՝ «Տարի հաց», «Կրկենի», «Դովլաթ կրկենի», «Կլոճ», «Փուռնիկ» եւ այլն: Հացի բաղադրատոմսերը եւ ձեւերը նոյնպէս նոյնը չէին, ըստ քաղաքներու եւ գիւղերու կրնային ըլլալ կլոր, եռանկիւն, խաչաձեւ: Միջուկը, որ խորիզ կը կոչուէր, կը շաղախուէր մեղրով, ընկոյզով, չամիչով, կանեփով (κάνναβη), տարբեր վայրերուն յաճախ կ’աւելցնէին նաեւ չորցուած պտուղներ: Առ հասարակ, այդ հացին մէջ՝ կաթ, մածուն, կարագ, իւղ չէր գործածուէր, որովհետեւ աւանդական Նոր Տարին, ինչպէս կ՚ըսեն, «ուտիս»՝ ուտելու օր չէր, այն «պաս» օր էր՝ պահքի օր: Տարեհացի երեսը սերմերով եւ միրգերով զարդարելը ընդհանուր երեւոյթ էր, որը կը խորհրդանշէր ամբողջ տարուայ հացի եւ պտուղներու առատութեան գաղափարը՝ պտղաբերութիւն եւ հարստութիւն: Գլխաւորը սակայն այն էր, որ տարեհացի մէջ «միջինք» կոչուող որևէ նշան կը դրուէր՝ լոբի, սիսեռ, փոքրիկ կորիզ կամ մետաղադրամ՝ տարուայ յաջողակին բախտ գուշակելու նպատակով: Հացի երեսին վրայ կը նկարուէին զանազան կենդանիներու պատկերներ, յաճախ արեւի կամ յաւերժութեան խորհրդանշաններ։ Տարբեր շրջաններու տարեհացը, տարբեր օր կը կտրէին՝ տարեմուտի ընթրիքին, Յունուար 1ի առաւօտեան, ճրագալոյցին (5 Յունուար), կամ Յունուար 6ին՝ Սուրբ Ծնունդին, երբ սեղանի կողքին հաւաքուած կ՚ըլլար ողջ ընտանիքը: Կը կտրէին տան բոլոր անդամներու թիւին հաւասար, յաճախ բաժին հանելով նաեւ տան կենդանիներուն: Որուն բաժինի մէջէն, որ դուրս ելլար դրամը, այդ տարի ան երջանիկ պիտի ըլլար եւ ընտանիքը յաջողութիւն ունենար: Որոշ այլ տեղեր ալ, երբեմն տարեհացը կը բաժնէին 12 մասի, ըստ ամիսներու թիւի, եւ ո՛ր ամսուն բաժին հասնէր մետաղադրամը, այդ ամիսն ալ պիտի ըլլար ամենաբարեբերը տան համար։ Եթէ կտրելով դանակը դէմ առնէր նշանին՝ մետաղադրամին, կը նշանակէր տարուայ յաջողութիւնը դժուար յաղթահարելի պիտի ըլլայ:
Տարհացէն բացի, հին Հայաստանին մեր նախնիները խմորով կը պատրաստէին նաեւ մարդակերպ եւ կենդանակերպ պուպրիկներ։ Այո, Ամանորի սովորոյթներուն ծիսական ուտեստներու «թագաւորը» տարեհացն է, սակայն հարկ է նշել, որ այդ օրերուն անչափ շատ զանազան տեսակի անուշներ ու հացատեսակներ եւս կը թխէին, որոնք մեծամասամբ ծիսական գուշակութիւններու եւ բարեմաղթանքներու համար էին։ Ասոնցմէ յատկապէս իւրայատուկ նշանակութիւն ունէին խմորով պատրաստուած պուպրիկները, որ կը կոչուէին Ասիլիկ—Վասիլիկներ։ Անոնք նոյնպէս կը պատրաստէին Ամանորի նախօրեակին: Տարբեր կերպարանքներ խմորին կու տային՝ մարդու կամ կենդանիներու տեսքով. աղջիկ պուպրիկներուն ձեռքերը կը խաչէին կուրծքին, երկար հագուստ եւ գլխի զարդեր կը շինէին: Տղամարդոց եւ պատանիներուն համար կը պատրաստէին Վասիլիկներ, որ պարտադիր գօտի պիտի ունենար: Երբեմն կը թխէին նաեւ նորածինի տեսքով մարդուկներ, ապա գուշակութիւն կ՚ ընէին, ըստ խմորի եփուելու աստիճանին, եթէ լաւ ուռէր՝ յաջողութեան նշան էր, եթէ ոչ՝ տխրութիւն պիտի ըլլար։ Այսպէս օրինակ, եթե կին Վասիլիկի թխելու ընթացքին խմոր-պուպրիկի փորի մասը ուռէր, ապա գալիք տարին տան մրէջ երեխայ պիտի ծնէր: Բազմաթիւ էին Ասիլիկ-Վասիլիկներու հետ կապուած հաւատալիքները, իսկ ծիսական տարեհացի մասին պահպանուած մեր նախնիներու սովորոյթներն ու աւանդոյթները քիչ թէ շատ այսպիսին էին։
Հին Հայաստանի Կաղանդը առանձնայատուկ էր սեղաններու առատութեամբ, այլեւ ժողովրդական ծեսերու, սովորոյթներու բազմազանութեամբ՝ ամանորեայ ուտեստներու ու կերակրատեսակներու տեսքով: Հայկական աւանդական Նոր Տարուայ սեղանի անբաժանելի մասը կը կազմէին նաեւ՝ աղանձը (բոված ցորէն, կանեփ), անուշապուրը, պասուց (պահքի) տոլման, որն իր մէջ կը պարունակէ 7 տարբեր տեսակի լոբազգի հատիկներ (όσπρια)՝ խորհրդանշելով կեանքն ու պտղաբերութիւնը, մահն ու վերածնունդը, այսօր ալ այն Հայաստանի մէջ անպակաս է տանտիկիններու պատրաստած սեղաններէն: Իսկ Ամանորի ամենայարգուած կերակրատեսակը բոլորիս ծանօթ հարիսան էր, ինչպէս նաեւ՝ քաշիկան, որը հարիսայի տարատեսակ է, պարզապէս կը պատրաստուի առանց խառնելու, որ գալիք տարին խառնակութիւն, պատերազմ չըլլայ։
Հին դարերուն, Նոր Տարուան սեղանին համար պատրաստուող բոլոր ուտեստները որեւէ իմաստ կը պարունակէին, իսկ այսօր կան շատ կերակուրներ, որոնք չունին ոչ մէկ խորհուրդ, կամ յատուկ նշանակութիւն. ձեւին ուշադրութիւն դարձնելով՝ կը մոռցուի բովանդակութիւնը: Եւ ինչպէս կ՚ըսէն. «Մեր քիմքը կը ճանչնայ այն համերն ու բոյրերը, որոնք մեր նախահայրերը կը ճաշակէին»:
Իսկ ահա մինչ այս կերակրատեսակները համտեսելը, պէտք է նախ եւ առաջ զարդարուած ըլլար տօնածառը։
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՏՕՆԱԾԱՌ ԵՒ ՆՈՐ ՏԱՐԻ
Դարեր շարունակ իր պատմութեան ընթացքին հայ ժողովուրդը ունեցած է Նոր Տարուայ երեք անուանումներ՝ Կաղանդ, Նաւասարդ, Ամանոր: Համաձայն տեղեկութիւններու, Նոր Տարին՝ Կաղանդը, որ կը նշանակէ ամսու սկիզբ, առաջ կը տօնէին Մարտ 21ին: Այն անուանած են նաեւ Ծաղկեմուտ` վկայակոչելով գարնան գալուստը: Այդ օրը նշուած է հայոց դիցաբանութեան մէջ որպէս քաջութեան, ռազմի եւ յաղթանակի չաստուած Վահագնի ծնունդի օր եւ կրակը օրուան խորհուրդը համարուած է:
Յաջորդ անուանումը Նաւասարդ կը կոչուէր, որովհետեւ հին հայկական լուսնային օրացոյցի համաձայն, Նոր Տարին կը նշուէր Նաւասարդ 1ին՝ որ կը զուգադիպի այսօրուայ Օգոստոս 11ին՝ այն օրը, երբ հայոց հիմնադիր Հայկ Նահապետը յաղթանակած է Բելին, Քրիստոսէ երկու եւ կէս հազարամեակ առաջ: Յաջորդը «Ամանոր» բառն է, որ կը նշանակէ Նոր Տարի՝ ծագումնաբանութիւնը կու գայ հայոց դիցարանի Նոր Տարին անձնաւորող Ամանոր աստուծոյ անունէն, ով բնապաշտպան՝ բերքը պահպանող չաստուածը եղած է:
Հին դարերուն, Ամանորը անձնաւորող կերպարը, ոչ թէ Ձմեռ Պապ կոչուած է, այլ՝ Կաղանդ Պապա, որ կը յայտնուէր իր գաւազանով եւ ոչխարի մորթէն պատրաստուած քուրքով: Ան ազգային արժէքները, ծիսական համակարգը պահպանող ու սերունդներուն փոխանցող կերպար եղած է։ Փոքրիկներուն, նուէրներէ զատ, եօթը խորհուրդ ալ տուած է՝ փոխադարձ յարգանք, խաղաղութիւն, ազնուութիւն, իմաստութիւն, աշխատասիրութիւն, համեստութիւն եւ գոհունակութիւն:
Ինչ կը վերաբերի աւանդական տօնածառին, այն կոչուած է յատկապէս՝ «Կենաց Ծառ»: Տեղեկութիւններու համաձայն, դարեր առաջ հայերն հիմնականօրէն այն պատրաստած են ձիթենիի կամ խունկի չոր ճիւղերով: Զարդարած են բացարձակապէս բնութեան բնական պարգեւներով. գունաւոր թելերէն կախուած չոր պտուղներ, ընկոյզներ, ձեռքով պատրաստուած մարդակերպ եւ կենդանակերպ պուպրիկներ, նոյնը նաեւ՝ խմորէն: Զարդարած են խնձորով, որը կը խորհրդանշէ պտղաբերութիւն, նուռով, ցորենի հասկերով՝ ի նշան առատութեան, դրամներով՝ հարստութիւն, փուշերով` ուղղուած չարի դէմ: Տանտէրը Կաղանդի ծառը տարեր է նաեւ եկեղեցի, որպէսզի քահանան այն օրհնէ: Ամանորի գիշերը երեխաները շրջեր են տուներով՝ նախապէս իրենց գօտիներուն ամրացնելով գուլպաներ, որպէսզի նուէրները այնտեղ պահէին:
Ահա, այսպիսին էին տեղեկութիւնները, որ փոխանցուած են Հայաստանի հին դարերու աւանդոյթնէրէն, համաձայն պահպանուած աղբիւրներուն:
Հայի համար հացը եւ ազգային սովորոյթները ոչ միան նիւթական բարիքներ են, այլեւ հոգեւոր սնունդ եւ աւանդական արժէք:
Ամանորեայ հրաշք, տարեհաց ու տօնածառ՝ հայկական աւանդոյթներ եւ բազում-բազում բարի ցանկութիւններով՝ շնորհաւոր Նոր Տարի, Սուրբ Ծնունդ. խաղաղութիւն աշխարհին եւ մարդոց հոգիներուն, սրտերուն՝ ընտանեկան ջերմութիւն… սէր եւ ամենակարեւորը՝ առողջութիւն: Սովորական մաղթանքները առաջին հայեացքէն կը թուի պարզ, բայց կ՚ըսեն, թէ այն ինչ որ մարդու սիրտէն կը բխի՝ իրականութիւն կը դառնայ:
Աւանդոյթները կը շարունակուին. խթանենք անոնց զարգացման եւ պահպանման։