­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 15 ­Յու­նո­ւար 2020ի ե­րե­կո­յեան, «­Հա­մազ­գա­յին» հայ կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ղ. ­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րը ի­րենց ­Նոր ­Տա­րո­ւան հեր­թա­կան ժո­ղո­վը գու­մա­րե­ցին ե­կե­ղեց­ւոյ գրա­սե­նեա­կէն ներս։
­Ժո­ղո­վի ա­ւար­տին, ա­նոնք միաս­նա­բար 2020 տա­րո­ւան գա­թան կտրե­ցին՝ զի­րար բա­րե­մաղ­թանք­ներ ու շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լով։ ­Գա­թա­յի մէջ գտնո­ւող մե­տա­ղադրա­մը յայտ­նո­ւե­ցաւ վար­չու­թեան ան­դամ՝ ըն­կե­րու­հի ­Նա­տիա ­Պէք­թա­շեա­նին մօտ եւ ան ստա­ցաւ գե­ղե­ցիկ նո­ւէր մը։
Ուր­բաթ՝ 17 ­Յու­նո­ւար 2020ի ե­րե­կո­յեան, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Տէր-­Զա­քա­րեան» սրա­հէն ներս, «­Հա­մազ­գա­յին» հայ կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ղ. ­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի «­Մա­սիս» պա­րա­խում­բը, իր հեր­թա­կան փոր­ձե­րէն ետք, 2020 տա­րո­ւան գա­թան կտրեց, մաս­նակ­ցու­թեամբ ա­ւե­լի քան 25 պա­րա­խում­բի ան­դամ-անդա­մու­հի­նե­րու եւ ներ­կա­յու­թեամբ «­Հա­մազ­գա­յին»ի վար­չու­թեան անմ­դամ­նե­րուն։
­Ձեռ­նար­կին ներ­կայ էր նաեւ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վի­ւը։
­Նախ­քան գա­թա­յի կտրու­մը, մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան ա­տե­նա­նե­տու­հիին կող­մէ ե­ղան ող­ջոյ­նի եւ սրտի խօս­քեր՝ շնոր­հա­ւո­րե­լով «­Մա­սիս» պա­րա­խում­բի ­Նոր ­Տա­րին եւ Ս. Ծ­նուն­դը եւ մաղ­թե­լով յա­րա­տեւ վե­րելք ի­րենց մշա­կու­թա­յին տա­րած ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ։ ­Խօսք ա­ռաւ հայր սուր­բը։
­Գա­թա­յի կտրման ժա­մա­նակ, մէ­ջի գտնո­ւող մե­տա­ղադ­րամ­նե­րը յայտ­նո­ւե­ցան ե­րի­տա­սար­դու­հի ­Սո­ֆիա ­Պի­չախ­ճեա­նին եւ ե­րի­տա­սարդ ու պա­րա­խում­բի պա­րու­սոյց ­Ռա­ֆա­յէլ ­Վար­դա­զա­րեա­նին, ո­րոնք ստա­ցան գե­ղե­ցիկ եւ յի­շա­տա­կե­լի նո­ւէր­ներ։