Շաբաթ 1 Փետրուար 2020ի երեկոյեան, Գալամաթայի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ ամսական դրութեամբ Ս. պատարագը։ Ներկայ էին Ազգային վարչութեան ատենապետ եւ անդամները, ինչպէս նաեւ Գոքինիոյ Թաղային խորհուրդի ատենապետն ու գանձապահ եւ Գալամաթայի քաղաքապետական խորհուրդի ստենապետը։ Հարկ է նշել տեղւոյն հայութեան գնահատելի թիւով ներկայութիւնը։
Օրուան պատարագիչն էր Գոքինիոյ «Ս. Յակոբ« եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պարէտ քհնյ. Խաչերեան։ Դպրութեան բաժնին իրենց մասնակցութիւնը բերին Գէորգ Պօղոսեանն ու Թագւոր Յովակիմեանը։
Տէր Պարէտ քահանան քարոզի խորագիր ընտրած էր «Առաւօտ Լուսոյ» շարականի «Փրկիչ բոլորից, փութա զիս փրկել, փորձութեանց մեղաց» տողերը։ Աղօթքի մեկնաբանութենէն ետք, ան շեշտը դրաւ մարդու հոգիի փրկութեան վրայ։
Ս. պատարագէն ետք, տեղւոյն Թաղային խորհուրդի կազմակերպութեամբ, «Արիսթոթէլլուս» ճաշարանէն ներս տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ։ Ատենապետուհի Սօֆիա Մարգարեան, յանուն Թաղային խորհուրդին ու շրջանի հայութեան բարի գալուստ մաղթեց քահանայ հօր, Ազգային վարչութեան ու Գոքինիոյ Թաղային խորհուրդի անդամներուն։ Ան վստահեցուց, թէ Առաջնորդ Սրբազան հօր, հոգեւոր դասուն, Ազգային վարչութեան, Թաղային խորհուրդներու եւ Տիկնանց մարմիններու Գալամաթա այցելութիւնները, յուսադրիչ ու քաջալեր ազդեցութիւն կը թողեն իրենց վրայ։ Ապա Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան խօսք առնելով նախ Գալամաթահայութեան փոխանցեց Յունահայոց թեմի Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի բարեմաղթութիւններն ու օրհնանքը։ Ապա ան յայտնեց, թէ Գալամաթահայութիւնը այլեւս Յունահայ գաղութի կարեւոր մէկ մասնիկը կը կազմէ ու յաճախակի այցելութիւնները կը կատարուին մեծ հաճոյքով եւ կարօտով։
Ետքը խօսք առաւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Պօղոս Չոլաքեան։ Ան յանուն Ազգային վարչութեան փոխանցեց տօնական օրերու իր բարեմաղթութիւնները։ Ապա յայտնեց, թէ վարչութիւնը յատուկ աշխատանք կը տանի տեղւոյն քաղաքապետին մօտ, ապահովելու համար մնայուն սրահ մը հայութեան համար։ Ատենադպիր Թագւոր Յովակիմեան իր կարգին գնահատեց Գալամաթայի հայութեան տարած աշխատանքը եւ վստահեցուց, թէ Ազգային վարչութեան ծրագիրը Գալամաթայի համար յաջողութիւն պիտի գտնէ շնորհիւ տեղւոյն հայութեան միասնութեան եւ ծառայական աշխատանքին։
Խօսքերու աւարտին Տէր հայրը օրհնեց ամանորեայ աւանդական գաթան եւ բախտաւորը ստացաւ նուէր մը։
Ապա, ճաշկերոյթը շարունակուեցաւ հայկական երգերով ու շատ մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ։
ԹՂԹԱԿԻՑ