ՀՐԱՆԴ ԱՃԷՄԵԱՆ
Յորդանանի հայկական փոքրաթիւ գաղութը վերջին քանի մը տարիներուն ծաւալած է աշխոյժ գործունէութիւն, յատկապէս մշակութային մարզին մէջ:
Արդարեւ, 2012ին Ամմանի մէջ կազմուած է Ա.Մ.Մ.ի (Ամմանի Մարզական Միութիւն) նախաձեռնութեամբ «Սպիտակ» պարախումբը, որ ի մի խմբելով աւելի քան 50 անդամ-անդամուհիներ, մեծ աշխուժութիւն մտցուցած է համայնքի կեանքին մէջ: Աւելի՛ն. պարախումբը իր արձանագրած յաջողութիւններուն շնորհիւ, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կողմէ 2012ին հրաւիրուած է Երեւան, մասնակցելու մշակութային փառատօնին, ուր եւս արժանացած է մեծ ընդունելութեան եւ գնահատանքի:
Այնուհետեւ, 2015 թուականին կազմուած է Ա.Մ.Մ.ի «Երեւան» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Վարդուհի Թորոյեան-Ներսէսեանի, որ շնորհիւ իր վայելած ժողովրդականութեան՝ հրաւիրուած եւ մասնակցած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Կոմիտաս» փառատօնին, Երեւանի մէջ:
Վերջերս Ամմանի Հ.Օ.Մ.ի մասնաճիւղը կազմած է «Արազ» պարախումբը, ղեկավարութեամբ Անի Գարալեան-Գիզիրեանի:
Մշակութային մարզին մէջ ստեղծուած այս խանդավառութիւնը մղիչ ուժ հանդիսանալով՝ 2016ի սկիզբը կեանքի կոչուած է նոր երգչախումբ մը՝ «Վարդավառ» անունով, մշակութասէր եւ նախանձախնդիր խումբ մը հայերու կողմէ, որոնք յաջողած են ի մի խմբել Ամմանի Ա.Մ.Մ.ի, Հ.Օ.Մ.ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շրջանակներէն երեք տասնեակ շնորհալի անդամ-անդամուհիներ, ստեղծելով միասնական ոգի համայնքին մէջ: Երգչախումբին ղեկավարութիւնը վստահուած է Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի շրջանաւարտ դաշնակահար, երգահան եւ խմբավար Վարդուհի Թորոյեան- Ներսէսեանի:
Վարդուհի Թորոյեան-Ներսէսեան ծնած է 1985ին, Աբովեան քաղաքին մէջ: Տակաւին 4 տարեկանին, իր մէջ նշմարուած է յատուկ սէր եւ հետաքրքրութիւն դաշնակի հանդէպ: 1993ին սկսած է իր երաժշտական կրթութիւնը՝ Զարեհ Սահակեանց երաժշտական դպրոցին մէջ: Իբրեւ դաշնակով ընկերակցող եւ ուսուցիչ վկայուած է Երեւանի Չայքովսկիի անուան երաժշտական մասնագիտական միջնակարգ դպրոցէն: Այնուհետեւ բարձրագոյն ուսումը շարունակած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցին մէջ, ստանալով Մագիստրոսի վկայականը: Երգահանութեան կրթութիւնը ստացած է անուանի երաժիշտ Ռոպէր Ամիրխանեանի մօտ:
Վարդուհի Թորոյեան-Ներսէսեան արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու: Այսպէս, տակաւին 15 տարեկանին, լաւագոյն կատարողի վկայականին արժանացած է Առնօ Բաբաջանեանի անունը կրող դաշնակահարներու 5րդ մրցումին:
Գիւմրիի մէջ 2011-2015 թուականներուն տեղի ունեցած Վերածնունդ միջազգային փառատօնին արժանացած է Առաջին, Երկրորդ եւ Մեծ մրցանակներուն: Մասնակցած է Երեւանի քաղաքապետարանին կողմէ 2011-2015 թուականներուն կազմակերպուած դպրոցներու փառատօն-մրցումներուն, իբրեւ դաշնակի եւ ձայնամարզութեան ուսուցիչ եւ երգչախումբի ընկերակցող: Մասնակցած է նաեւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կողմէ 2010-2015 թուականներուն կազմակերպուած համերգներուն: Վարդուհի Թորոյեան-Ներսէսեան Հայաստանի կառավարութեան անունով մասնակցած է Լեհաստանի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Ուքրանիոյ, Խրիմի, Ռուսիոյ, Յորդանանի եւ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած բազմաթիւ նուագահանդէսներու, արձանագրելով մեծ նուաճումներ:
2015 թուականը երջանկաբեր տարի մը եղած է Վարդուհի Թորոյեանի կեանքին մէջ: Ամուսնութիւն կնքելով Ամմանի գաղափարական եւ մշակութանուէր ընտանիքի մը որդի՝ Վարդան Ներսէսեանի հետ, Վարդուհի հաստատուած է Յորդանան եւ ոգի ի բռին նուիրուած է գաղութին մէջ մշակութային շարժում ստեղծելու աշխատանքին:
2016ի սկիզբը իր կազմած «Վարդավառ» քառաձայն երգչախումբը իր անդրանիկ համերգը տուած է նոյն տարուան Օգոստոսի 29ին, Ամմանի «Ալ Հիւսէյն» մշակութային կեդրոնին մէջ, հովանաւորութեամբ Յորդանանի իշխանուհի Ռիմ Ալիի եւ նախագահութեամբ Ամմանի քաղաքապետ Աքըլ Պըլթաճիի: Կոմիտասի յիշատակին նուիրուած համերգին յայտագիրը ամբողջովին բաղկացած է Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն, որոնցմէ ոմանց մեկնաբանութիւններուն ընկերակցած է Յորդանանի Ազգային Երաժշտանոցի սենեկային նուագախումբը, ղեկավարութեամբ Մոհամմէտ Օթման Սըտտիքի: Համերգը մեծ յաջողութիւն արձանագրած է եւ արժանացած հայ եւ արաբ արուեստասէր հանրութեան ջերմ գնահատանքին:
2017ի Յունուար 19ին, Ամմանի ազգային վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան շնորհակալագիրներու յանձնումի արարողութիւնը, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Երուսաղէմի պատրիարքական փոխանորդ Աւետիս Վրդ. Իփրաճեանի եւ Դամասկոսի մօտ Հայաստանի հիւպատոս Վազգէն Խանճեանի:
Գեղարուեստական յայտագիրի բաժնով հանդէս եկած է «Վարդավառ» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Վարդուհի Թորոյեան-Ներսէսեանի: Շնորհակալագիրներ յանձնուած են Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի տարելիցին ընդառաջ գործած յանձնախումբի անդամներուն:
Գնահատանքի խօսք արտասանած է Աւետիս Վրդ. Իփրաճեան: Խօսք առնելով՝ Մարալ Ներսէսեան անդրադարձած է յանձնախումբին եւ երգչախումբին յառաջիկայ ծրագիրներուն, որոնք կ՛ընդգրկեն Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան ամրապնդման եւ մայրենիի պահպանման ուղղուած աշխատանքները:
Այս տարի «Վարդավառ» երգչախումբը հրաւիրուած է եւ կը մասնակցի Սեպտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք երգչախումբներու «Կոմիտաս» փառատօնին, կազմակերպուած Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կողմէ: Անկախ փառատօնի մասնակցութենէն, երգչախումբը նաեւ պիտի տայ համերգ մը Երեւանի մէջ եւ այդ ձեռնարկէն գոյանալիք եկամուտը պիտի յատկացուի Արցախի, անոր անկախութեան 25ամեակին առթիւ: Ահաւասիկ յոյժ գնահատելի եւ օրինակելի արարք մը:
Մեզի կը մնայ ի սրտէ շնորհաւորել «Վարդավառ» երգչախումբն ու անոր տաղանդաւոր խմբավար Վարդուհի Թորոյեան-Ներսէսեանը, իրենց մշակութանուէր եւ հայրենանուէր գործունէութեան համար: Իսկ Ամմանի հայ համայնքին ճիտին պարտքն է անսակարկ զօրավիգ ըլլալ երգչախումբին ե՛ւ անոր ծաւալած մշակութային շարժումին, ե՛ւ ստեղծած միասնական ոգիի մթնոլորտին՝ համայնքին մէջ: