ՄԱՆՆԻԿ ՊԷՕՐԷՔՃԵԱՆ — ԱՇՐԵԱՆ

«­Հայր մեր որ յեր­կինս ես
­Սուրբ ե­ղի­ցի ա­նուն քո»

Ծն­կա­չոք կը խնդրեմ, ­Տէր իմ, որ հո­վա­նիիդ ներ­քեւ առ­նես մեր չար­չա­րեալ ու յա­րու­ցեալ ազ­գը։
Աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն, ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ճո­ղոպ­րած մեր նախ­նի­նե­րէն յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րը, օ­տար հո­ղե­րու վրայ ապ­րե­լով իբր քա­ղա­քա­կան աք­սո­րեալ­ներ, կը ջա­նան մէկ դա­րէ ա­ւե­լի պա­հել ի­րենց ազ­գա­յին ինք­նու­թիւ­նը։
Աս­տո­ւած իմ, պա­հէ պահ­պա­նէ քու փրկա­րար ձեռ­քիդ տակ մեզ, օ­տար քա­ղա­քա­ցի սփիւռ­քա­հա­յերս, որ­պէս զի տո­կանք իբր հա­յեր, կա­պո­ւած մեր ստեղ­ծա­գործ ար­ժա­նա­ւոր ազ­գի ան­ցեա­լին, խոր հա­ւատ­քով ու սրբու­թեամբ։
Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րի­չի մեր կան­թե­ղին լոյ­սը սփռէ մեր վրայ, որ­պէս զի լու­սա­ւո­րէ հայ ըն­տա­նի­քը, մեր ա­ռա­քե­լա­կան սուրբ ե­կե­ղե­ցին, մեր վար­ժա­րան­նե­րը եւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը, օգ­նէ որ սփիւռ­քի նոր սե­րուն­դը իր հոգ­ւոյն մէջ զգայ ­Լորտ ­Պայ­րը­նի ան­մո­ռա­նա­լի ա­սա­ցո­ւած­քը, թէ «հա­յոց լե­զուն աս­տո­ւած­նե­րու լե­զու է եւ ­Հա­յաս­տա­նը աս­տո­ւած­նե­րու հայ­րե­նիք»։
­Տէր իմ, միայն դուն քու հրաշ­քովդ կա­րող ես կա­պել մեզ սփիւռ­քա­հա­յերս ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն հետ, ձեր­բա­զա­տե­լով զա­նոնք 70 տա­րի­նե­րու ա­պազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թե­նէն ու ա­նաս­տո­ւած վար­դա­պե­տու­թե­նէն։
Ս­փիւռ­քա­հայ նոր սե­րունդ­նե­րը կա­պէ ի­րենց ար­մատ­նե­րուն, որ­պէս զի չդառ­նան այ­լա­սե­րո­ւած հա­յա­նուն բազ­մու­թիւն­ներ, այլ տո­կան իբր ­Հայկ նա­հա­պե­տի, ­Մես­րոպ ­Մաշ­տո­ցի, քաջն ­Վար­դա­նի ժա­ռան­գորդ­ներ։
Աս­տո­ւած իմ, սրտիս խո­րէն կ­՚ա­ղա­չեմ, որ ու­ղար­կես մեր ազ­գի ու հայ­րե­նի­քի փրկիչ նոր Ա­րամ ­Մա­նու­կեան մը, Անդ­րա­նիկ զօ­րա­վար մը, ­Վազ­գէն ­Սարգ­սեան մը, որ կա­րո­ղա­նայ ազ­գը եւ հան­րա­պե­տու­թիւ­նը դուրս բե­րել ներ­կա­յի փա­կու­ղիէն, մեր նե­րու­ժը հա­մախմ­բե­լով եւ ճիշտ կողմ­նո­րո­շե­լով ազ­գի լի­նե­լու­թիւնն ու վե­րա­կանգ­նու­մը։
­Տէր մեր, բիբ­լիա­կան Ա­րա­րա­տի եւ պե­տա­կա­նօ­րէն ա­ռա­ջին քրիս­տո­նեայ մեր ազ­գի ա­պա­գա­յի փրկու­թեան հա­մար, ղրկէ նոր նո­յեան տա­պան մը ու ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փա­ռին խոր ներշն­չու­մով սա­տա­րէ միշտ իր բա­ցա­ռիկ ընտ­րանք­նե­րուն, որ­պէս զի «Ս­փիւռ­քի ­Տա­րո­ւայ» վեր­ջա­ւո­րու­թիւ­նը դառ­նայ մեր վե­րած­նո­ւող ազ­գի նոր ­Զար­թօն­քի մը սկիզ­բը։

­Յա­ւի­տեանս յա­ւի­տե­նից
Ա­մէն