­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քի Ա­ռա­քե­լա­կան կա­ռա­վա­րիչ՝ ­Հայր ­Յով­սէփ Թ.Ծ.վրդ. ­Պէ­զա­զեա­նի հրա­ւէ­րով, ­Կի­րա­կի` 28 ­Յու­նիս 2020ի կէ­սօ­րո­ւան ժա­մը 1։00ին, ­Նէոս ­Գոզ­մո­սի ­Հայ ­Կա­թո­ղի­կէ «Ս. Գ­րի­գոր Lու­սա­ւո­րիչ» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ «­Վե­ցե­րորդ ­Ժա­մու» Ա­ղօթք՝ ­Հօրն մե­րոյ Սր­բոյն Գ­րի­գո­րի ­Լու­սա­ւոր­չին «­Գիւտ Նշ­խա­րաց» տօ­նին ա­ռի­թով:
Ա­ղօթ­քին ներ­կայ ե­ղան եւ մաս­նակ­ցե­ցան՝ Սր­բա­զան ­Քա­հա­նա­յա­պե­տի ­Յու­նաս­տա­նի ­Նո­ւի­րակ՝ Տ. ­Սա­ւիօ ­Հօն ­Դայ ­Ֆայ Ար­քե­պիս­կո­պոս, Ա­թէն­քի ­Յոյն ­Կա­թո­ղի­կէ ա­ռաջ­նորդ՝ Տ. ­Սե­ւաս­տիա­նոս ­Ռօ­սո­լա­թոս ար­քե­պիս­կո­պոս, Ա­թէն­քի ­Յոյն ­Կա­թո­ղի­կէ ­Մայր ­Տա­ճա­րի հո­գե­ւոր հո­վիւ՝ արժ. Տ. Եոր­ղիոս Ալ­թու­վաս, ­Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­մայն­քա­պետ վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց Ա­ռա­քե­լա­կան ­Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ՝ գե­րաշ­նորհ Տ. ­Գե­ղամ Ս. արք. ­Խա­չե­րեա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Նէոս ­Գոզ­մոս (­Ֆիքս)ի «Ս. ­Յովհ. ­Կա­րա­պետ» ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ՝ արժ. Տ. ­Նա­րեկ քհնյ. ­Շա­հի­նեան:
Ա­ղօթ­քը կա­տա­րո­ւե­ցաւ երկ­լե­զու՝ հա­յե­րէն եւ ի­տա­լե­րէն, եւ վերջ գտաւ հա­յե­րէն «­Հայր մեր»ի եր­գե­ցո­ղու­թեամբ եւ Ե­պիս­կո­պո­սա­կան օրհ­նու­թամբ։
­Հայր ­Յով­սէփ Թ.Ծ.վրդ. ­Պէ­զա­զեան իր ող­ջոյ­նի խօս­քին ըն­թաց­քին, ամ­փոփ պատ­մա­կա­նով մը ներ­կա­յա­ցուց Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ ­Հայ­րա­պե­տին կեանքն ու վար­քը, եւ ո­րու ա­ւար­տին անդ­րա­դար­ձաւ եւ շնոր­հա­ւո­րեց ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­րամ Ա. ­Վեհա­փառ ­Հայ­րա­պե­տի ընտ­րու­թեան եւ օծ­ման 25րդ ­տա­րե­դար­ձը:
­Յա­ջոր­դեց ե­կե­ղեց­ւոյ կից պար­տէ­զին «­Գերյ. ­Յով­սէփ Թ.Ծ.վրդ. ­Խան­ցեան» ա­նո­ւա­նու­մը կրող ցու­ցա­նա­կի քո­ղա­զեր­ծու­մը: