ԺԱԳ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

­Յա­ճախ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ  կա­րե­ւոր ու հա­կա­ժո­ղովր­դա­կան բնույ­թի ո­րո­շում­ներ կը կա­յա­ցո­ւին Օ­գոս­տոս ամ­սուն, երբ որ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը կը գտնո­ւի ար­ձա­կուր­դի կամ ա­մա­ռա­յին մթնո­լոր­տի մէջ։ Այս­պէս` կ­՚ե­րե­ւի թէ ­Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը նպա­տա­կա­յար­մար նկա­տեց, որ ժա­մա­նակն է յանձ­նե­լու Ատր­պէյ­ճա­նին ­Բեր­ձորն ու Ա­ղաւ­նոն` խորհր­դան­շա­կան ու հե­րո­սա­կան շրջան­նե­րը, որ Ար­ցա­խը կը կա­պէին ­Մայր ­Հա­յաս­տա­նին հետ, ի դի­մաց նոր ճա­նա­պար­հի մը։
44-օ­րեայ ար­ցա­խեան պա­տե­րազ­մէն ետք ­Փու­թին բա­ցա­յայ­տեց, որ մար­տե­րու եր­րորդ շա­բա­թը, երբ որ Ատր­պէյ­ճա­նի բա­նա­կը հա­սած էր ­Հադ­րու­թի մա­տույց­նե­րուն, հա­կա­մար­տու­թեան կող­մե­րուն ա­ռա­ջար­կեց խա­ղա­ղու­թիւն` հիմ­նո­ւած «­Լավ­րո­վեան բլան»-ին վրայ։ Ծ­րա­գի­րին հա­մա­ձայն, որ եր­բէք չհեր­քո­ւե­ցաւ, կը կա­սե­ցո­ւէր ա­զե­րի­նե­րու յա­ռաջ­խա­ղա­ցու­մը, հա­յե­րը կը պա­հէին բուն Ար­ցա­խը նե­րա­ռեալ ­Հադ­րու­թը, ­Շու­շին եւ հա­վա­նա­բար ­Քար­վա­ճա­ռը, կը զի­ջէին «գրա­ւեալ շրջան­նե­րը» եւ ոչ մի խօսք չկար «­Զան­գե­զու­րի մի­ջանցք»-ի մա­սին։
­Հա­յաս­տա­նը մեր­ժեց, թէեւ Ատր­պէյ­ճա­նը հա­մա­ձայ­նեց, նա­խա­պայ­մա­նով, որ ­Շու­շի պի­տի վե­րա­դառ­նա­յին հին ա­զե­րի գաղ­թա­կան­նե­րը։
Ա­լիե­ւը նշեց, որ ե­թէ ի­րա­գոր­ծո­ւէր ծրա­գի­րը, ­Լա­չի­նի մի­ջանց­քի լայ­նու­թիւ­նը պի­տի չըլ­լար 5, այլ` 10 կամ 30 քի­լո­մեթր։ ­Նաեւ խոս­տո­վա­նեց, որ ե­թէ պա­տե­րազ­մը շա­րու­նա­կո­ւէր ձմե­ռը, բազ­մա­թիւ զո­հեր պի­տի ու­նե­նա­յին գրա­ւե­լու հա­մար ­Քար­վա­ճա­ռը, որ յանձ­նո­ւե­ցաւ ա­ռանց կրա­կո­ցի։
­Մաք­րո­նը նոյն­պէս բա­ցա­յայ­տեց, որ պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին ա­ռա­ջար­կած էր իր միջ­նոր­դու­թիւ­նը, որ հաս­տա­տո­ւի խա­ղա­ղու­թիւն, քա­նի որ Ֆ­րան­սան ալ «­Մինս­կի ­Խումբ»ի հա­մա­նա­խա­գահ է, բայց ­Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պե­տը չըն­դա­ռա­ջեց։
­Զար­մա­նա­լի էր այդ­պի­սի լա­ւա­տե­սու­թիւն ու ինք­նավս­տա­հու­թիւն։ ­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը մեր­ժէին միջ­նոր­դու­թեան փոր­ձեր, պա­տե­րազ­մի ա­ռա­ջին օ­րե­րէն կա­սե­ցու­ցին զօ­րա­հա­ւա­քը, ան­մի­ջա­կան զե­կոյց ստա­նա­լով հան­դերձ զի­նո­ւո­րա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէն, որ մեր ու­ժե­րը անհ­նար է դի­մա­կա­յել եր­կա­րա­տեւ ժա­մա­նա­կի հա­մար։
­Վար­չա­պե­տը խորհր­դա­րա­նին մէջ նշեց, որ ­Հա­յաս­տա­նը պատ­րաստ էր պա­տե­րազ­մին հա­մար։
­Սա­կայն  հա­կաօ­դա­յին պաշտ­պա­նու­թիւ­նը չգոր­ծեց թշնա­մա­կան նո­րա­ձեւ զէն­քե­րուն դէմ։ Իսկ ե­թէ ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան «ձեռ­քե­րը կա­պո­ւած էին», ին­չո՞ւ «զո­հա­սե­ղան» քշո­ւե­ցան հա­զա­րա­ւոր հա­յոր­դի­ներ, որ նոր սե­րունդ պի­տի պար­գե­ւէին մեր ազ­գին։
1992-ի ­Մա­յի­սին, երբ որ հայ­կա­կան բա­նա­կը յաղ­թա­կան մուտք կը գոր­ծէր ­Շու­շի, քա­ղա­քի 4.000 ատր­պէյ­ճան­ցի բնա­կիչ­նե­րը ար­դէն հե­ռա­ցած էին։ Եր­ջան­կա­յի­շա­տակ ­Գո­ման­տո­սը, որ ղե­կա­վա­րեց «հար­սա­նի­քը լեռ­նե­րում « հրա­շա­լի գոր­ծո­ղու­թիւ­նը, նշեց. «Երբ որ գրա­վե­ցինք ­Շու­շին, ­Նա­խա­գահ ­Լե­ւոն ­Տէր-­Պետ­րո­սեա­նը ­Պարս­կաս­տան էր։ Երբ որ լու­րը տո­ւինք ի­րեն, ին­ծի պաշ­տօ­նից ա­զա­տեց»։
Իս­կա­պէս, այդ գաղ­թա­կան­նե­րէն քա­նի՞ հո­գի տրա­մա­դիր պի­տի ըլ­լա­յին վե­րա­դառ­նա­լու ­Շու­շի, ապ­րե­լու հա­մար հա­յե­րուն հետ, ռուս խա­ղա­ղա­պահ­նե­րու վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ։ Իսկ այս խա­ղաղ բնա­կիչ­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը որ­քա­նո՞վ պի­տի սպառ­նար Ար­ցա­խի անվտան­գու­թիւ­նը։ Իսկ հի՞­նա…
­Բեր­դա­քա­ղա­քին կո­րուս­տի պայ­ման­նե­րը կը մնան ա­ռեղ­ծո­ւա­ծա­յին։ Ատր­պէյ­ճա­նի բա­նա­կի գլխա­ւոր պե­տը յայտ­նեց, որ ի­րենց ԱԹՍ-նե­րը չէին կրնար գոր­ծել ­Շու­շի։ ­Հա­յաս­տա­նի ­Վար­չա­պե­տը ը­սաւ, որ քա­ղա­քին պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար կի­րառ­կո­ւե­ցան «Իս­քան­տեր» հրթիռ­ներ, սա­կայն չպայ­թե­ցան կամ պայ­թե­ցան 10%-ով։
Ա­մօ­թա­լի պայ­մա­նա­գի­րի գի­շե­րը կրկնեց ինչ որ ը­սած էր պա­տե­րազ­մի ա­ռա­ջին օ­րը. «մենք պար­տուած չենք, ե­թէ պար­տո­ւած չզգանք»։ Ա­պա խօսք ը­րաւ դա­ւա­ճա­նու­թեան հա­մար։ ­Բայց եր­կու տա­րի անց` ո՛չ յան­ցա­ւոր կայ, ո՛չ բա­ւա­րար քրէա­կան գործ հա­րու­ցո­ւած է, ո՛չ ալ պա­տիժ նշա­նա­կո­ւած է, այլ միայն` բազ­մա­թիւ շքան­շան­նե­րու բաշ­խում։
Իսկ պա­տե­րազ­մի ա­ւար­տէն ետք կը սկսի ­Հա­յաս­տա­նի ու Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ սահ­մա­նա­զատ­ման գոր­ծըն­թա­ցը, որ կը կա­տա­րո­ւի GPS-ով։
­Բո­լո­րո­վին պա­տահ­մամբ, ­Սիւ­նի­քի սահ­մա­նա­մերձ բար­ձունք­նե­րը, որ զի­նո­ւո­րա­կան նշա­նա­կու­թիւն կը կրեն, կ­’անց­նին թշնա­միին։
­Վար­չա­պե­տի խոս­տո­վա­նու­թեամբ, մամ­լոյ ա­սու­լի­սի ըն­թաց­քին` 41 ք.մ. Հ.Հ. տա­րած­քէն գրա­ւո­ւած են
ատր­պէյ­ճա­նա­կան բա­նա­կէն։ ­Կը կա­տա­րո­ւին «խա­ղա­ղու­թեան» բա­նակ­ցու­թիւն­ներ։
­Մինչ այդ ատր­պէյ­ճա­նա­կան բա­նա­կը յա­ճա­խա­կիօ­րէն յար­ձա­կում­ներ կը մղէ սահ­մա­նա­մերձ շրջան­նե­րուն։ ­Հա­յաս­տա­նի ռազ­մա­գե­րի­ներն ալ կը մնան ­Պա­քո­ւի բան­տե­րուն։
­Զու­գա­հեռ կը վերսկ­սի ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Թուր­քիոյ մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բա­րե­լաւ­ման գորր­ծըն­թա­ցը։
­Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ­Թուր­քիա­յին կը ներ­կա­յաց­նէ իր ա­մե­նա­փոռ­ձա­րու դի­ւա­նա­գէ­տը, ­Հա­յաս­տա­նին ալ` ե­րի­տա­սարդ դի­ւա­նա­գէտ մը։
­Վար­չա­պե­տը նշեց, որ «մենք ­Հայ դատ չու­նինք եւ ա­սի­կա Ս­փիւռ­քի գործ է»։  Իսկ ­Թուր­քիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Չա­ւու­շող­լուն յայ­տա­րա­րեց, որ ե­թէ  «ար­մա­տա­կան­նե­րը եւ ­Հա­յոց Ս­փիւռ­քը չխան­գա­րէին, ար­դէն մեր հար­ցե­րը լու­ծո­ւած էին»։
­Վեր­ջերս «­Թաւ­շեայ յե­ղա­փո­խու­թեան» կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, որ ստանձ­նե­լով իշ­խա­նու­թիւ­նը ան­մի­ջա­պէս վե­րա­ցուց Ս­փիւռ­քի ­Նա­խա­րա­րու­թիւ­նը, ար­գի­լեց  ե­րեք սփիւռ­քա­հայ ազ­գա­յին գոր­ծիչ­նե­րու մուտ­քը ­Հա­յաս­տան` շա­րու­նա­կե­լով ­Լե­ւոն ­Տէր- ­Պետ­րո­սեա­նի հա­կա­դաշ­նակ­ցա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։ ­Ժա­մա­նա­կին յու­նա­կան բռնա­պե­տու­թիւ­նը հան­րա­ծա­նօթ դե­րա­սա­նու­հի եւ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ ­Մե­լի­նա ­Մեր­քու­րիէն զրկեց քա­ղա­քա­ցիու­թիւ­նը` հա­կա­կա­ռա­վա­րա­կան ցույ­ցեր կազ­մա­կեր­պե­լու հա­մար եւ­րո­պա­կան քա­ղաք­նե­րում մէջ։
2022 թո­ւա­կա­նին, ինչ­քա­նո՞վ ազ­նիւ է այդ­պի­սի վե­րա­բեր­մունք ղե­կա­վա­րու­թեան մը կող­մէ, որ ա­մէն ա­ռի­թով կը քա­րո­զէ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կար­գե­րու հաս­տա­տու­մը։
Եւ մե­զի պէ՞տք է այդ­պի­սի պա­ռակ­տում այս դժո­ւար օ­րե­րուն։ ­Մեր պատ­մա­կան ու հի­նա­ւուրց գոր­ծող կու­սակ­ցութ­յուն­նե­րը ար­ժա­նի են յար­քան­քի, ան­խը­տի’ր։
Այս խառ­նաշ­փոթ վի­ճա­կի մէջ,  ­Բեր­ձո­րի ու Ա­ղաւ­նո­յի գո­յա­տե­ւու­մը, իբ­րեւ հայ­կա­կան շրջան­ներ, ո­րոշ չա­փով մխի­թա­րանք կը հան­դի­սա­նար` մի յու­սադ­րող ճրագ, վի­րա­ւո­րո­ւած Ար­ցա­խին հա­մար։ Ա­ղաւ­նո­յի մէջ շի­նո­ւե­ցան նոր տու­ներ վեր­ջին տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին Ս­փիւռ­քի օ­ժան­դա­կու­թեամբ։
­Հաս­տա­տո­ւե­ցան հայ­րե­նա­դարձ­ներ ­Սու­րիաէն ու ­Լի­բա­նա­նէն, իսկ վեր­ջերս սկսած էին նա­խակր­թա­րա­նին վե­րա­նո­րոգ­ման աշ­խա­տանք­ներ եւ նոր ման­կա­պար­տէ­զի կա­ռու­ցում։
Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան տա­րած­քա­յին կա­ռա­վար­ման եւ են­թա­կա­ռուց­վածք­նե­րի նա­խա­րար ­Խա­նու­մեա­նը յստա­կօ­րէն հրա­հան­գեց բնա­կիչ­նե­րուն, որ չայ­րեն կամ չքան­դեն ի­րենց տու­նե­րը, որ­պէս­զի ստա­նան 25.000 տո­լա­րի սահ­մա­նի «սեր­դի­ֆի­գատ», փոխ­հա­տուց­ման գու­մար մը, որ ան­բա­ւա­րար է լաւ տուն մը գնե­լու հա­մար։
­Զու­գա­դի­պու­թիւ՞ն։ 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին, հայ­կա­կան բա­նա­կը նա­հան­ջե­լով` չա­ւի­րեց ո՛չ մի կա­մուրջ, ո՛չ մի կա­ռույց, ո՛չ ալ զի­նա­տե­սակ։ Ա­մէն ինչ մա­քուր ու անվ­նաս հա­սաւ ո­սո­խին։
Իսկ քննե­լէ զատ մեր պար­տու­թեան պատ­ճառ­նե­րը, հա­ւա­նա­բար նոյն­քան օգ­տա­կար պի­տի ըլ­լար հե­տա­զօ­տել մեր յաղ­թա­նա­կի հան­գա­ման­քը, ար­ցա­խեան ա­ռա­ջին պա­տե­րազ­մին։ Ատր­պէյ­ճա­նը չու­նէր այս­քան լայ­նա­ծա­ւալ ար­տա­քին օգ­նու­թիւն, ոչ ալ ԱԹՍ, սա­կայն նո­րէն ա­ւե­լի ու­ժեղ էր թէ’ մար­դու­ժի քա­նա­կու­թեամբ թէ’ նիւ­թա­կան գետ­նի վրայ` ներգ­րա­ւե­լով վարձ­կան­ներ իր զի­նեալ­նե­րու շար­քե­րէն ներս։
Իսկ ­Հա­յե՞­րը։
1988 թո­ւա­կա­նին` ­Հա­յոց Ս­փիւռ­քը եւ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը հե­ռա­տե­սի­լէն շնչակ­տուր կը դի­տեն ­Ղա­րա­բա­ղեան շարժ­ման բազ­մա­մարդ ցոյ­ցե­րը։ ­Փոքր ազգ մը իր գլու­խը կը բարձրաց­նէր հզօր կայս­րու­թեան մը հան­դէպ, ինչ­պէս ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թիւ­նը` պա­հան­ջե­լով իր ի­րա­ւունք­նե­րը ա­րիու­թեամբ ու խո­հե­մու­թեամբ։ ­Յա­ջոր­դե­ցին մութ ու դժո­ւար տա­րի­նե­րը, Ս­պի­տա­կի ա­ղէ­տա­լի երկ­րա­շար­ժը, Ատր­պէյ­ճա­նի հա­յե­րու ջար­դերն ու բռնի տե­ղա­հա­նում­նե­րը։ ­Սա­կայն ան­կոտ­րուն հայ­կա­կան ո­գին ջախ­ջա­խեց ա­ւե­լի լաւ զի­նո­ւած ո­սո­խին ու տա­նե­լով փայ­լուն յաղ­թա­նակ` կեր­տեց պե­տա­կան կար­գեր, հռչա­կե­լով` ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի  ­Հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րու Ան­կա­խու­թիւ­նը։