Աւելի քան 70 զոհեր եւ 4000 վիրաւորներ. Պէյրութի կարգ մը թաղամասեր անճանաչելի դարձած են. հայութեան վիճակը ցնցիչ է
Երէկ, 4 Օգոստոսի երեկոյեան, ահաւոր պայթիւն մը տեղի ունեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստը գտնուող հսկայ պահեստանոցի մը մէջ։ Աննկարագրելի պատկերներ շրջեցան ամբողջ աշխարհի վրայ, որոնց մէջ կ՚երեւէր պայթիւնի պահը եւ անոր պատճառած ողբերգութիւնը, որ ըստ Պէյրութի կառավարիչին, կը յիշեցնէր Հիրոշիմայի եւ Նակասաքիի վիճակը։ Պայթիւնի ուժգնութիւնը եւ տարողութիւնը այնքան մեծ եղաւ, որ հարուածային ալիքին պատճառով, քաղաքին մէջ եւ անկէ դուրս, շէնքերու ապակիները փշրած են, իսկ նաւահանգիստին մօտ գտնուող թաղամասերը անճանաչելի դարձած են, անոնց կարգին՝ Պուրճ Համուտը, Էշրեֆիէն եւ Քարանտինան։ Պայթիւնը, որ աննախադէպ էր, լսուած է մինչեւ Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիան։
Ըստ նախնական տուեալներուն, պահեստանոցին մէջ կը գտնուէին պայթուցիկ նիւթեր, սակայն աւելի յետոյ Լիբանանի ներքին գործոց նախարարը յայտնեց, թէ պայթիւնը յառաջ եկաւ քիմիական պահեստներու բռնկումին պատճառով։
Մինչեւ երէկ գիշեր, արձանագրուած էին 73 զոհեր եւ մօտ 4000 վիրաւորներ, իսկ Լիբանանի առողջապահական համակարգը անկարող է խնամել մեծ թիւով վիրաւորները։ Աւելի յետոյ, ծանօթ դարձաւ, թէ զոհերու շարքին է նաեւ Լիբանանի Փաղանգաւոր կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար հայազգի Նազար Նաճարեան։
Մեծ թիւով երկիրներ փութացին անմիջական օգնութիւն առաջարկելու Լիբանանին ու օգտակար դառնալու փրկարար ջոկատներուն եւ առողջապահութեան ոլորտին։ Նախապէս շրջագայած լուրերէն ետք, թէ պայթիւնի արարքին ետեւ կը գտնուի Իսրայէլը, պաշտօնական Թել Աւիւը հերքեց այդ լուրը եւ յայտնեց թէ որեւէ կապ չունի եղածին հետ։
Հայութեան վիճակը
Ահաւոր պայթիւնէն անմիջապէս ետք, համացանցի վրայ սկսան երեւիլ լուրեր, որոնք կը ներկայացնէին լիբանանահայութեան իրավիճակը։ Ըստ տեղեկութիւններուն եւ շրջագայած լուսանկարներուն, լուրջ վնասներ կրած են նաեւ հայկական կառոյցները, մասնաւորապէս՝ Հ.Յ.Դ. «Շաղզոյեան» կեդրոնը, ուր կը գործեն «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրութիւնը, «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանը, Համազգայինի «Թիւթիւնճեան» ցուցասրահն ու գրատունը եւ այլ գրասենեակներ: Լուրջ վնասներ արձանագրուած են շրջանի հոգեւոր, կրթական եւ միութենական հաստատութիւններու շէնքերուն։ Վնասուած են հայերու պատկանող բազմաթիւ խանութներ, բնակարաններ եւ կան վիրաւորներ:
Կը տեղեկանանք, թէ զգալի վնասներ կրած է նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքը Անթիլիասի մէջ: Վնասուած են Մայր Տաճարի դռները, պատուհանները, Վեհարանի, հայագիտական ու մանկավարժական կեդրոններու դռներն ու պատուհանները, ինչպէս նաեւ «ԿԻԼԻԿԻԱ» թանգարանի պատուհաններու ապակիները:
Մասնակի վնասներ կրած է նաեւ Լիբանանի մէջ Հ.Հ. դեսպանութեան շէնքը։
Արամ Ա. Կաթողիկոս ժողովուրդին մօտ
Պայթիւնէն անմիջապէս ետք, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս փութաց Պուրճ Համուտ, մօտէն ստուգելու համար իրավիճակը, գտնուելու ժողովուրդին մօտ եւ ցոյց տալու իր հայրական հոգատարութիւնը հայութեան։ Ան այցելեց հակական հաստատութիւնները եւ տեղեկացաւ ստեղծուած վնասներուն մասին։ Վեհափառին կ՚ընկերակցէին Լիբանանի Առաջնորդը, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ ընկ. Յակոբ Խաչերեան, Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կ.Կ.-ի անդամները, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան եւ այլ պատասխանատու անձեր ու միաբաններ։
Ն. Փաշինեանի ցաւակցական գրառումը
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ցաւակցական գրառում կատարեց Պէյրութի մէջ պայթիւնի հետեւանքով զոհուածներու յիշատակին։
«Ցնցուած եմ եղբայրական Լիբանանում տեղի ունեցած մահաբեր պայթիւնից։
Քիչ առաջ հեռախօսազրոյց ունեցայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.-ի հետ։ Իմ զօրակցութիւնը յայտնեցի Արամ Վեհափառին, հայ համայնքին, Լիբանանի եղբայրական պետութեանը եւ ժողովրդին:
Սգում ենք բոլոր զոհերի մահը եւ ցաւակցում ենք բոլոր զոհերի հարազատներին եւ մտերիմներին։ Կանգնած ենք եղբայրական Լիբանանի կողքին», յայտնեց Փաշինեան։