Երէկ երեկոյեան, մեծ հրդեհներ ծագեցան Աթէնքի արուարձաններէն՝ Տաու Փենտելիս եւ Տրաֆիի միջեւ գտնուող շրջանը։ Հրդեհները անմիջապէս տարածուեցան ամէն կողմ փչող զօրաւոր քամիներուն պատճառով, որոնք արդէն 8 Պոֆոր աստիճանի հասած էին։
Հրդեհի ծագումի առաջին պահերէն, մեծ թիւով օդային հրշէջ միջոցներ, ինչպէս նաեւ հարիւրաւոր հրշէջներ բացառիկ զոհողութեամբ փորձեցին սահմանափակել կրակի յառաջխաղացքը, որ կ՚այրէ ծառախիտ շրջաններ, եւ ըստ լրատուական միջոցներու սփռած պատկերներուն այրած են նաեւ կարգ մը տուներ։
Առաւօտեան ժամը 5-ին տրուած տուեալներուն համաձայն, հրդեհները հասած են Հին Փենտելիի շրջանը եւ հսկայ ջանք կը տարուի փրկելու համար հին Փենտելիի երեխաներու հիւանդանոցը, որ ամբողջութեամբ շրջապատուած է կրակներով։ Երէկ գիշեր, հիւանդանոցին մէջ գտնուող փոքրիկները եւ իրենց ծնողները փոխադրուեցան այլ հիւանդանոցներ։ Առաւօտեան ժամը 2։30-ին Քաղաքացիական պաշտպանութեան սպասարկութեան փոխմարզպետ Վասիլիս Քոքալիս յայտնեց, թէ տուներ այրած են Հին Փենտելիի մէջ, սակայն անոնց մասին տակաւին ստոյգ թիւ չկայ։
Ներկայիս, հրդեհը տարածուած է Տրաֆի, Անթուսա, Երաքա, Փանորամա Փալինիս, Քալիթեխնուփոլի, Հին Փենտելի եւ Քալիթէա Փենտելիս շրջանները, այրելով ծառախիտ եւ կանաչապատ հսկայ տարածքներ, իսկ փչող քամիները կրակը արագօրէն կը տարածեն ամէն կողմ։ Գիշերուան ընթացքին, բջիջային հեռաձայներու «112» սպասարկութիւնը հրահանգ կը ղրկէր վերը նշուած շրջաններու բնակիչներուն անմիջապէս լքել իրենգ տուները եւ ապահով տեղափուիլ դէպի Վրիլիսիա եւ Այիա Փարասքեւի։
Կը սպասուի, որ առաւօտեան առաջին լոյսով երկինք բարձրանայ հրջէշ օդային միջոցներու մեծ թիւ մը, որպէսզի կարելի ըլլայ սանձել կրակի տարածումը։