Երէկ առաւօտեան ժամերուն երկրաշարժի երկու զօրաւոր ցնցումներ պատահեցան Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ սահմանային շրջաններուն մէջ, խլելով մեծ թիւով զոհեր եւ պատճառելով հազարաւոր վիրաւորներ։ Կիլիկիոյ Այնթապ շրջանը կեդրոն ունեցած երկրաշարժը հասաւ 7,8 աստիճանի, իսկ անոր յաջորդեց 6,8 աստիճանի ուժգնութեամբ երկրորդ ցնցում մը, որ ազդեց նաեւ Սուրիոյ շրջանները, անոնց կարգին հայահոծ Հալէպը եւ այլ քաղաքներ։ Երէկ կէսօրին երրորդ զօրաւոր ցնցում մը, այս անգամ 7,7 աստիճանի, զգալի դարձաւ Մարաշ քաղաքէն 67 քլմ. հեռաւորութեան վրայ եւ վնասներ գործեց նոյնիսկ Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ։
Մինչեւ երէկ գիշեր ստացուած տեղեկութիւններուն համաձայն աւելի քան 2300 հոգի մահացած էր Թուրքիոյ մէջ։ Երէկուան տուեալներով Թուրքիոյ մէջ աւելի քան 1800 շէնք փլատակներու վերածուած են, մինչ կը կարծուի, թէ զոհերու ու վիրաւորներու թիւը զգալիօրէն պիտի բազմանայ։
Հայ զոյգ մը եւ զաւակը մահացած են Մալաթիոյ մէջ
Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին հետեւանքով, Մալաթիա քաղաքին մէջ զոհուած են ազգութեամբ երկու հայ քաղաքացիներ։
Ինչպես «Արմենփրես»-ին յայտնեց Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի խմբագիր Արա Գոչունեան, երկրաշարժի հետեւանքով իրենց կեանքը կորսնցուցած են Սամի եւ Այտա Թապաշ հայ ամոլը, իսկ անոնց մանկահասակ զաւակները ծանր վիրաւոր վիճակի մէջ հիւանդանոց փոխադրուեցան: Երէկ գիշերուան ժամերուն ընտանիքի պարագաները յայտնեցին, թէ դժբախտաբար զաւակներէն մէկը չդիմացաւ իր կրած վէրքերուն ու իր աչքերը փակեց։
Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը կապի մէջ մտնելով հայկական շարժահար շրջաններու հայկական համայնքներուն հետ, մինչեւ երէկ պարզած է հետեւեալ պատկերը։
Մալաթիոյ համայնքի ընտանիքներէն մէկուն բնակարանը փլած ըլլալով մահ պատահած է (Թապաշ ընտանիքը)։ Էլազըղ քաղաքի մէջ աւերուած են շէնքեր։ Համայնքի անդամները թէեւ տուժած են, սակայն կեանքի կորուստ չկայ։ Տիգրանակերտէն ստացած տեղեկութեանց համաձայն հայկական եկեղեցին վնաս չէ կրած։ Քաղաքի մէջ աւերուած են շէնքեր։ Իսկէնտերուն քաղաքի կեդրոնը աւերներ յառաջացած են։ Լատին կաթողիկէ եկեղեցին հիմնայատակ կործանած է։ «Սրբոց Քառասուն Մանկունք» եկեղեցին եւս լուրջ աւեր կրած է։ Մարդկային կորուստի մասին որեւէ տեղեկութիւն չկայ։ Վաքըֆգիւղի մէջ մտահոգիչ պարագայ չէ եղած։ Սըվազի մէջ երկրաշարժը թէեւ զգալի դարձած է, սակայն համայնքը կեանքի եւ հարստութեան կորուստ չունի։ Կեսարիոյ մէջ երկրաշարժը զգալի ըլլալով հանդերձ, «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցին որեւէ վնաս չէ կրած։
Սուրիոյ մէջ արձանագրուած է 4 հայ զոհ
Սուրիոյ առողջապահութեան նախարարը յայտարարեց, որ երէկ առաւօտեան տեղի ունեցած երկու յաջորդական երկրաշարժները ցնցեցին երկրի բոլոր նահանգները։ Ամէնէն ուժեղ ցնցումները տեղի ունեցած են Իտլիպ, Հալէպ եւ Լաթաքիա։ Սուրիոյ երկրաշարժներու ազգային կեդրոնի տնօրէնը յայտնեց, որ երկրաշարժէն ետք 25 յետցնցումներ արձանագրուեցան։ Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ երեկոյեան ժամը 7։30-ի տուեալներով զոհերու ընդհ. թիւը հասաւ 538-ի, վիրաւորներունը՝ 1353-ի։ Յետմիջօրէին, Հալէպի մէջ զոհերուն թիւը հասած էր 156-ի, վիրաւորներունը՝ 507-ի, փուլ եկած է 46 շէնք։ Այս թիւերը շարունակաբար կը բարձրանան, տրուած ըլլալով փլած շէնքերու մեծ թիւը ու փրկարարներու երկար ջանքերը։
Հալէպի մէջ երկրաշարժի ցնցումը իր մահաբեր արդիւնքը ունեցաւ հայութեան շրջանակներուն մէջ, խլելով հայ մօր մը ու իր զաւկին կեանքը։ Միրնա եւ Ալպէր Թէնէքէճեան թաղուեցան փլատակ դարձած իրենց բազմայարկանի շէնքի աւերակներուն տակ, մինչ ընտանիքի հայրը եւ միւս զաւակը ծանր վիրաւոր վիճակի մէջ դուրս բերուեցան աւերակներէն եւ վիրահատուեցան։ Երկու հայ զոհերու մահը ցնցած է ամբողջ հայութիւնը։ Սուրիոյ Օգնութեան Խաչի (Հ.Օ.Մ.) Շրջանային վարչութիւնը յայտարարութեամբ մը կը սգայ միութեան անդամին կորուստը, մինչ իր 10-ամեայ զաւակը անդամ էր Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Հ.Ե.Ա. մարզական շարժումին։ Խօսք կ՚ըլլայ երկու եւս հայ զոհերու մասին, որոնց ինքնութիւնը մինչեւ երէկ գիշերը չէր պարզուած։
Հալէպի մէջ, կարգ մը վնասներ կրած է «Ս. Քառասնից Մանկանց» եկեղեցին։
Երկրաշարժի ուժեղ ցնցումները զգացին նաեւ Քեսապի եւ շրջակայ գիւղերու բնակիչները։ Ցնցումներու հետեւանքով Քեսապի մէջ մարդկային կեանքի կորուստներ չեղան։ Արձանագրուեցան միայն նիւթական վնասներ։ Քեսապի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցին թեթեւ վնասներ կրեց։ Ճէզիրէի շրջանը բարեբախտաբար վնասներ կրած չէ. երկրաշարժի ցնցումները զգալի դարձած են շրջանէն ներս։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետը անմիջապէս կապ հաստատեց յիշեալ շրջաններու հոգեւոր թէ՛ համայնքային պատասխանատուներուն հետ՝ մօտէն իրազեկ դառնալով տեղւոյն կացութեան, համայնքի անդամներուն պատճառուած վնասներուն մասին։ Վեհափառը յատուկ գիրով ցաւակցեցաւ Սուրիոյ նախագահին։ Զօրակցական գիր ղրկած է նաեւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոս։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ցաւակցած է Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ կառավարութիւններուն, նաեւ երկրաշարժի զոհերուն համար օգնութին ընծայելու պատրաստակամութիւն յայտնած է։
Նշենք, որ Յունաստան փութաց 21 հոգինոց փրկարարներու խումբ մը ղրկել Թուրքիա, օգնելու համար վերապրողներու որոնողական աշխատանքներուն։ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս հեռաձայնային կապ ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց յաւելեալ օգնութիւն ղրկելու, բացի ուղարկուած փրկարար խումբէն։